ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ԲՈՒԺՈՒՄ
Սուրբ Հոգին ոմանց բուժելու յատուկ պարեւաշնորհքը կու տայ. (Ա ԿՈՐՆ. ԺԲ 9, ԻԸ 30), յայտնելու համար Յարուցեալին շնորհքին ուժը։ Սակայն ամենաջերմ աղօթքներն անգամ ամէն հիւանդութեան բուժումը չեն ստանար։ Այսպէս՝ Պօղոս առաքեալ պիտի սորվի Տիրոջմէ, թէ. «շնորհքս բաւական է քեզի, որովհետեւ զօրութիւնս կը կատարուի տկարութեան մէջ». (Բ ԿՈՐՆ. ԺԲ 9) եւ թէ կրելիք տառապանքները կրնան նշանակել, թէ «ես մարմինիս մէջ կը լրացնեմ ինչ որ կը պակսի Քրիստոսի չարչարանքներուն՝ Անոր Մարմինին համար, որ է Եկեղեցին». (ԿՈՂ. Ա 24)։
«Հիւանդները բուժեցէ՛ք». (ՄԱՏԹ. Ժ 8)։ Այս յանձնառութիւնը Եկեղեցին ընդունած է Տիրոջմէ եւ կը ջանայ իրագործել զայն թէ՛ այն խնամքներուն շնորհիւ զորս կը մատակարարէ հիւանդներուն, թէ՛ անոնց ընկերացող բարեխօսութեան շնորհիւ։
Արդարեւ, մարմինը վիրահատելու՝ բժշկելու համար ենթական պէտք է թմրեցնել, բայց հոգին բուժելու համար անհրաժեշտ է ենթական արթնցնե՛լ…
Հաւատքի միջոցով է, որ մարդ կ՚արթննայ եւ հաւատացեալը կը հաւատայ կենսագործ ներկայութեան Քրիստոսի, բժիշկ հոգիներուն եւ մարմիններուն։ Այս ներկայութիւնը յատուկ կերպով գործօն է սուրբ խորհուրդներուն միջոցաւ եւ մասնայատուկ կերպով՝ Հաղորդութեամբ, որ յաւիտենական կեանքը տուող հացն է. (ՅՈՎՀ. Զ 54-58), որ մարմնաւոր առողջութեան հետ առընչուած է, ինչպէս կ՚ակնարկէ Պօղոս առաքեալ. (Ա ԿՈՐՆ. ԺԱ 30)։
Մարդու համար այն ինչ որ անկարելի է, Աստուծոյ համար կարելի՛ է, քանի որ Աստուծոյ համար անկարելի ոչինչ կայ։ Ուստի Յիսուս կ՚ըսէ. «Այս հիւանդութիւնը ո՛չ թէ մահուան, այլ Աստուծոյ փառքին պիտի ծառայէ եւ պատճառ պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ Որդին փառաւորուի». (ՅՈՎՀ. ԺԱ 4)։
Հիւանդութիւններ առիթներ եւ միջոցներ են մարդուս Աստուծոյ մօտենալուն եւ մտերմանալուն։
Եւ մարդ, ի՛նչ որ հաւատքով խնդրէ Աստուծմէ Յիսուս Քրիստոսի անունով՝ պիտի ստանայ զայն։
Եզեկիայի հիւանդութիւնը եւ բուժումը բացայայտ վկայութիւն մըն է, թէ՝ այն ի՛նչ որ անկարելի է մարդուն համար, կարելի՛ է Աստուծոյ համար։ Եսայի մարգարէի Գիրքին մէջ կը կարդանք.
«Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն անոր եկաւ եւ անոր ըսաւ.- Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.- Տանդ համար պատուէր տուր. քանզի դուն մեռնելու ես եւ պիտի չապրի՛ս։ Եզեկիա իր երեսը պատին դարձուց եւ Տէրոջը աղօթք ըրաւ եւ ըսաւ.- Ո՛վ Տէր, կ՚աղաչեմ, քու առջեւդ ճշմարտութեամբ եւ կատարեալ սրտով քալելս եւ քու աչքիդ առջեւ բարութիւն ընելս յիշէ։ Եւ Եզեկիա մեծ լացով մը լացաւ։
«Տէրոջը խօսքը եղաւ Եսայիին՝ ըսելով.- Գնա՛, Եզեկիային ըսէ՛.- Քու հօրդ Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ.- Քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ։ Ահա ես քու օրերուդ վրայ տասնհինգ տարի պիտի աւելցնեմ…». (ԵՍԱՅԻ, ԼԸ 1-5), (Դ ԹԱԳ. Ի 1-11), (Բ ՄՆԱՑ. ԼԲ 24-26)։ Արդարեւ, մարգարէական այս հատուածները ցոյց կու տան, որ հաւատքով կատարուած աղօթքը պէտք է ըլլայ ջերմեռանդ. այն աղօթքը որ ջերմեռանդ, եռանդուն չէ՝ լսելի ըլլալու հաւանականութիւնը բաղդատմամբ աւելի քիչ է։ Ուստի, աղօթքը պարզ արտասանութիւն մը պէտք չէ ըլլայ, այլ հաստատ եւ անկեղծ հաւատքով եւ կատարեալ վստահութեա՛մբ։
Այս իմաստով, աղօթքը, ընդհանրապէս առեւտուր մը չէ, այլ՝ հաղորդակցութիւն մը։ Սուրբ Խորհուրդներով՝ Քրիստոս Իր Մարմինին անդամներուն կը հաղորդէ Իր Սուրբ եւ Սրբարար Հոգին։ Այս հաղորդութեան ընթացքին կը բուժուի ամէն հիւանդութիւն, քանի որ թէեւ մարդ կրնայ սխալիլ կամ անկարող մնալ, բայց Աստուած երբեք չի սխալիր՝ Ան բացարձակապէս Ճշմարիտ է եւ ամենակարո՛ղ։
Եթէ մարդիկ կարգ մը աղօթքներուն պատասխանը չեն ստանար, անոր պատճառը ո՛չ թէ Աստուծոյ անկարողութիւնը, այլ կատարուած աղօթքին թերութիւնն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 15, 2025, Իսթանպուլ