ԻՐԱՒ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԸ

Յիսուսի աշխարհ գալու միակ նպատակը մարդկութեան փրկութիւնն է. յաւիտենական կեանք ունենալու եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ժառանգելու համար։ Ասիկա շատ յստակ եւ անվիճելի ճշմարտութիւն մըն է, որ Յիսուսի ուսուցումներուն կեդրոնական եւ կարեւորագոյն մասը կը կազմէ։ Բայց քանի՞ հոգի ամբողջ նուիրումով եւ հաւատարմութեամբ կը հետեւի Յիսուսի ուսուցումներուն։ Այս հարցումը կրնայ «տարօրինակ» թուիլ՝ անիմաստ, աննպատակ, բարեմիտ կամ չարամիտ։

Ինչ որ ալ ըլլան այս հարցումին դրդապատճառները, ընդհանրապէս շատեր իրենք զիրենք «հաւատացեալ» կը համարեն. անոնք բոլորն ալ «հաւատացեալ» են, նոյնիսկ՝ ամէն մէկը միւսէն աւելի հաւատացեալ…

Բայց հաւատքը մրցումի առարկայ իրողութիւն մը չէ՛, քանի որ հաւատքը տրամադրութիւն մըն է, որ կը յայտնուի միայն մարդուն ներաշխարհին մէջ, եւ ոչ մէկը կրնայ թափանցել ուրիշին ներաշխարհին։ Այն որ կը խորհի, թէ միայն ինք հաւատացեալ է, երբ երկինք երթայ, երեք մեծ անակնկալներու առջեւ պիտի գտնուի. հոն պիտի տեսնէ մարդիկ՝ որոնք չէր ակնկալեր տեսնել. պիտի տեսնէ մարդիկ՝ որոնք կ՚ակնկալէր տեսնել. պիտի տեսնէ ինքզինք՝ որ կ՚ակնկալէր տեսնել։

Յիսուս կ՚ըսէ. «Ջանացէք նեղ դռնէն մտնել։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ շատեր պիտի ուզեն մտնել, բայց պիտի չկրնան…». (ՂՈՒԿ. ԺԳ 22-30)։ Ամէն պարագայի, Յիսուսի խօսքին մէջ կարելի է տեսնել կարգ մը կարեւոր եւ կենսական դասեր եւ ճշմարտութիւններ՝ որոնք այժմէական են եւ անհրաժեշտ՝ իրաւ հաւատացեալ քրիստոնեաներ ըլլալու եւ Իր կամքին համաձայն քրիստոնէական կեանք մը ապրելու համար։

Ուստի, իրաւ հաւատացեալ ըլլալու կամ Աստուծոյ թագաւորութեան «դուռ»ը նեղ է. «քրիստոնեայ» ըլլալը դիւրին չէ՛. որովհետեւ կ՚ենդաթրէ իր անձը ուրանալ եւ խաչը վերցնել՝ Յիսուսի համար, հրաժարիլ աշխարհի հաճոյքներէ, նիւթական ապահովութիւններէ եւ սիրով ընդունիլ զրկանք, ծաղրանք, հալածանք եւ ըլլալ խոնարհ, համեստ։ Ան՝ որ կ՚ուզէ Յիսուսի հետեւիլ եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ժառանգել՝ պէ՛տք է ըլլայ Յիսուսի պէս՝ խոնարհ, համեստ, համբերող, ներող, ծառայող եւ հակառակորդներն իսկ սիրող եւ անոնց հանդուրժողական ոգիով մօտեցող։ Այսօր, անկեղծ ըլլանք. ո՞վ կրնայ այսպէս հետեւիլ Յիսուսի, Անոր տիպարով կեանք մը ապրիլ։ Ասոնք դիւրին չեն, մինչեւ իսկ անկարելի եւ բոլորն ալ անհրաժեշտ արահետներ են, որոնք կ՚առաջնորդեն քրիստոնեաները եւ կ՚օգնեն իրենց, որպէսզի մտնեն «նեղ դուռ»էն։

Արդարեւ, այդ «դուռ»ը՝ Օրէնքը չէ՛, այլ Յիսուս Ի՛նքն է՝ միակ դուռը՝ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ մտնելու, քանի որ Ան կ՚ըսէ. «Ես եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար եթէ ոչ ինձմով». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 5)։

Երկինքի Թագաւորութեան դուռը բաց է եւ մատչելի բոլորին։ Մարդ կրնայ մերժել «նեղ դուռ»ը՝ որ զինք կատարելութեան պիտի տանի, եւ կրնայ նախընտրել աշխարհի «լայն դուռ»ը՝ որ դէպի կորուստ կը տանի։ Նեղ դուռը՝ Յիսուսի փրկութեան դուռն է՝ բաց բոլորին առջեւ, համայն մարդկութեան՝ ամբողջ աշխարհին։ Ո՛վ որ Անոր հաւատայ, Անոր սրտին միացնէ իր սիրտը, պիտի մտնէ Աստուծոյ Արքայութեան մէջ։ Աստուած երբեք նախասահմանած չէ՛ ոեւէ մարդուն կորուստը՝ անխտիր, այլ՝ փրկութի՛ւնը։

Այս փրկութեան ժամանակը կարճ է եւ երկինքի թագաւորութեան դուռը պիտի գոցուի։ Ուստի պէտք է զգո՛յշ ըլլալ։ Ինչպէս ամէն բանի ժամանակը կայ. սկիզբ եւ վերջ, նոյնպէս ալ՝ փրկութեա՛ն։ Մարդ եթէ չօգտագործէ պատեհ առիթը անդրադառնալու իր սխալներուն եւ թերութիւններուն զանոնք յետաձգելով սրբագրելը կամ որեւէ պատրուակով շարունակէ անոնց մէջ մնալու եւ ապրելու՝ հետեւանքը շատ դառն եւ անդառնալի պիտի ըլլայ վերջին դատաստանի ատեն։ Պէտք չէ՛ մոռնալ, որ լոյսին հասնելու համար, մարդ պէ՛տք է անցնի խաւարի մէջէն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 16, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 17, 2026