ԿԵԱՆՔԻՆ ՇԱ՞ՏՆ ԱԼ ԿԱՅ
Մարդկային կեանքին մէջ կան պահեր, երբ ամենէն ցանկալին եւս կը դառնայ յոգնեցուցիչ եւ կեանքը՝ որ մարդոց կողմէ ամենէն ցանկալին է, ան եւս կը յոգնեցնէ՝ նկատի ունենալով, որ ամէն բանի շատը տեղ մը յուսահատութեան կը տանի: Այնպէս ինչպէս ամէն ինչի չափազանցութիւնը, նոյնպէս կեանքինը տեղ մը ուրախութեան փոխարէն կը վերածուի յոգնածութեան ու իր դատարկութեան մէջ պարապի մը կ՚առաջնորդէ մարդը:
Այս զգացումներուն մասին սկսայ աւելիով մտածել, երբ տարեց մը զինք երկար կեանք մաղթող երիտասարդին տուաւ հետեւեալ պատասխանը. «Շատի պէտք կայ… արդէն շատ եղաւ»:
Կեանքին շա՞տն ալ կայ…:
Արդէն իսկ 80 տարեկանը լրացուցած տարեցը իր ընթացքը «շատ» կը նկատէր եւ այդ շատի զգացումը վստահաբար ունէր խորքեր, որոնք կը մատնանշեն այն հոգեվիճակը, որ մարդ ո՛չ միայն յոգնած է, այլեւ իմաստ չի՛ տեսներ անոր շարունակութեան մէջ: Անշուշտ, յառաջացած տարիքի մէջ այդ զգացումը կրնանք նկատել «բնական», որովհետեւ հոգեբանութեան մէջ եւս այդ զգացումը ծանօթ երեւոյթ մըն է։ Ֆրանսացի գրող Ալպէր Քամիւ իր «Անհետաքրքրութիւնը» աշխատութեան մէջ այս զգացումը կը նկարագրէ հետեւեալ տողերով. «Կայ պահ, երբ մարդու հոգին կը ձանձրանայ իր սովորութիւններէն, իր առաքելութենէն եւ կը զգայ, որ կեանքը միանման կրկնութիւն մըն է՝ առանց բովանդակութեան»:
Անշուշտ, ծերութիւն ըսելով պէտք չէ լոկ հասկնալ մարմնական տարիքը. ծերութեան այլ մակարդակ մը ունի նաեւ հոգին, որ միօրինակ կրկնութիւններու, դժուարութիւններու տակ նոյնպէս կը ծերանայ, որովհետեւ մարդկային կեանքը մի՛շտ նոր իմաստ եւ նպատակ կը փնտռէ եւ յառաջացած տարիքի պատճառով երբ նպատակներն ու իմաստները վերջ գտնեն, տարեցի մը համար կեանքը այլեւս այն իմաստը չ՚ունենար՝ ինչ որ ունի երիտասարդի մը համար:
Անշուշտ, ծերութիւնը ունի որոշ դժուարութիւններ, սակայն, պէտք է նկատի ունենալ, որ Հին կտակարանին մէջ տարբեր տեղեր կարելի է կարդալ ծերութեան փառքին մասին. օրինակի համակ՝ Առակներու գիրքին 16:31-ին մէջ կը կարդանք, որ «ծերութիւնը օրհնութիւն է եւ ոչ պատիժ». այս խօսքը ինքնաբերաբար ցոյց կու տայ, որ այդ ժամանակ եւս մարդիկ ծերութեան դժուարութիւնները, յոգնութիւնը եւ անկարողութիւնը որպէս «պատիժ» ու բացասական երեւոյթ կ՚ընդունէին եւ հետեւաբար առակագիրին խօսքը ուղղուած է անոնց՝ ըսելու համար, որ այդ մէկը ո՛չ թէ պատիժ, այլ օրհնութիւն է: Մեծերու հանդէպ յարգանքը իրականութեան մէջ ունի հազարամեակներու անցեալ մը. Ղեւտացւոց գիրքին մէջ կը կարդանք. «Յարգանքով կը վարուիս ծեր մարդու հետ» (Ղեւտ. 19:32):
Բնականաբար, մարդիկ թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր ծերութիւնը որպէս բացասական շրջան կը նկատեն, որովհետեւ բնութեան օրէնքներուն համաձայն ժամանակի ընթացքին տարեց մարդոց մօտ կը նկատուի ոսկորներու եւ մկաններու տկարացում, տեսողութեան եւ լսողութեան խնդիրներ, յիշողութեան կորուստ, զանազան հիւանդութիւններ. իսկ հոգեբանականօրէն անոնց մօտ կը սկսի մենութեան եւ առանձնութեան յուզող զգացում. կը կորսնցնեն ինքնագնահատականը եւ իրենք զիրենք շատ անգամ «աւելորդ» կը զգան ու այս ամէնը, բնականաբար, որոշ տեղ մը անոնց մօտ կը ստեղծէ կեանքի իմաստի կորուստ: Բնականաբար, անձէ անձ այս բոլորը մեծ տարբերութիւն կը կրէ. այսօր աշխարհի վրայ կան ծերեր՝ որոնք երիտասարդներէն շատ աւելի աշխոյժ ու կայտառ են՝ կեանքով լեցուն եւ կապուած կեանքին:
Շատերու համար երկար ապրիլը առաւելութիւն է, սակայն, պէտք է յստակ ըլլայ, որ մարդ ինչքան երկար ապրի՝ այնքան շատ կորուստ կ՚ունենայ. այսօր աշխարհի տարեցներէն շատ շատեր կորսնցուցած են իրենց ծնողները, իրենց եղբայրներն ու քոյրերը. անոնցմէ շատեր ցաւ ի սիրտ ունեցած են սիրեցեալ զաւակի կորուստ. կորսնցուցած են իրենց կողակիցները ու մի քանի անգամ կրկնուող այդ ցաւերուն մէջ ըլլալով շարունակած են ապրիլ ու գոյատեւել: Անշուշտ, մարդ արարած ունի ներքին բնազդը՝ վիշտերն ու ցաւերը ամոքելու եւ իր ցաւերը այլ մտահոգութիւններով «մոռացութեան» տալու։ Մոռացութիւնը կը չակերտենք՝ որովհետեւ այդ բոլորը ի յայտ կու գան ծերութեան. բոլոր այն ցաւերը, վիշտերն ու տառապանքները, որոնք մարդ կը փորձէ իր ներաշխարհին մէջ բուժել, որոշ ժամանակ ետք՝ մանաւանդ ծերութեան ի յայտ կու գան:
«Կեանք»ին շատ կամ քիչ ըլլալը պէտք չէ՛ տարիքով չափել. այսօր Միջին Արեւելքի մէջ կան մանուկ-պատանիներ, երիտասարդներ, որոնք հոգիով շա՜տ աւելի ծեր են, քան խաղաղութեան մէջ ապրող տարեցները՝ որոնք իրենց պետութեան շնորհած «հանգստութեան» շուքին տակ կը շարունակեն հանգստանալ ու իրենց ծեր «մանկութիւն»ը վայելել:
Նայեցէ՛ք ծերերու աչքերուն. այդտեղ թախիծ մը կայ. թախիծ՝ անցած կեանքի, երիտասարդութեան եւ անաւարտ մնացած երազներու:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞րն է մարդու կեանքի ամենէն կարեւոր ժամանակաշրջանը:
Պատասխան. Մարդու կեանքի ամենէն կարեւոր ժամանակաշրջանը այն է, երբ կը սկսի ըմբռնել իր ինքնութիւնը, նպատակներն ու պատասխանատուութիւնները: Այս շրջանը կը համապատասխանէ պատանեկութեան վերջաւորութեան եւ երիտասարդութեան սկիզբի շրջանին եւ այս մէկը մարդու համար ամենէն կարեւոր շրջանն է, որովհետեւ մարդ կը սկսի ձեւաւորել իր ապագան՝ հիմնուելով սեփական փորձերուն եւ ընտրութիւններուն վրայ: Ներքին փնտռտուքի եւ ինքնաճանաչման ընթացքին կը դրուի կեանքի հիմքը, որոնք կրնան ազդել ապագայ բոլոր որոշումներուն, յարաբերութիւններուն եւ նպատակներուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան