ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔ

Կ՚ապրինք ծանօթներու եւ անծանօթներու, տեսանելիներու եւ անտեսանելիներու լայն շրջանակի մը մէջ՝ զոր սովորաբար «ընկերութիւն» կը կոչենք։ Այս իմաստով ընկերութիւնը հակադրութիւններու ամբողջութիւն մըն է։ Այս լայն շրջանակը կամ ընկերութիւնը մարդոց արարքներուն եւ ընթացքին պատշաճութիւնը եւ օրինաւորութիւնը հաստատող կամ ժխտող հասկացողութիւններ ունի, զորոնք «օրէնք» կոչել թերեւս զօրաւոր կերպով որակել պիտի ըլլար։ Այս հասկացողութիւնները կրնան մեզի սխալ կամ անիրաւ թուիլ. բայց մարդ ուզէ կամ ո՛չ՝ զանոնք նկատի կ՚առնէ եւ ստիպուած կը զգայ կարեւորութիւն տալ ընդհանրապէս հանրութեան դիտողութիւններուն։

Ուրիշներու, մանաւանդ մեծամասնութեան մը գաղափարներուն բնաւ կարեւորութիւն չտուող մարդը քիչ մը անբնական եւ անտարբեր արարած մը կը նկատուի. գէթ յաւակնոտ եւ կամ արտակեդրոն մարդ կը կոչենք զանիկա, այդպէս կը դատենք իր շարժումները եւ արարքները։ Ապրելու մեր եղանակներուն եւ ասոնցմէ աւելի կարեւոր եւ կենսական սկզբունքներու մասին ուրիշներուն, մանաւանդ զարգացած եւ հեղինակաւոր անձերու գաղափարները նկատի կ՚առնենք քիչ եւ շատ, եւ յայտնապէս կամ լռելեայն անոնց համեմատ կը շարժինք։

Քննադատուելու եւ դատապարտուելու վախը կը զգուշացնէ մեզ մեր կարգ մը կասկածելի բնոյթ ունեցող արարքներու ատեն, որովհետեւ դիրք մը ունեցող եւ պատուախնդիր մարդը գայթակղութիւն պատճառելէ կը սոսկայ։ Այսպէս, հանրային կարծիքը կը կառավարէ մեր կարգ մը սովորութիւնները, աւանդութիւնները եւ արարքները։ Բայց ի՞նչ է հանրային կարծիքը։ 

Հանրային կարծիքը անհատական, ընտանեկան եւ ընկերային սովորութիւններու եւ պարտականութիւններու մասին հանրութեան մը որդեգրած եւ ընդունած գաղափարն է։ Կրթական, քաղաքական, բարոյական կամ տնտեսական մարզերու մէջ մեծամասութեան մը հաւանած ուղղութիւնն է։ 

Աւելի մանրամասնելով, հանրային կարծիքը, ինչպէս կենցաղագիտութեան եւ ընկերային յարաբերութիւններու նման հարցերու, նմանապէս ուղղամտութեան, պարկեշտութեան, պատիւի, աշխատանքի եւ ուսւմնական եւ ծնողական պարտականութիւններու եւ ասոնց նման բազմաթիւ ընկերային եւ բարոյական խնդիրներու մասին միջավայրին ընդունած ուղեգիծն է։ Մէկ խօսքով՝ դատաւոր մըն է, որ մարդուն քալելուն, շարժելուն, հագուելուն, խօսելուն նման երկրորդական արարքներէն սկսեալ, կեանքին ամենէն լուրջ եւ կենսական սկզբունքներու մասին մարդոց ունեցած ընթացքը, վարմունքը քննելու եւ դատելու ինքնակոչ պաշտօնը ունի։

Եւ պէտք է ընդունիլ, թէ այս հանրային կարծիքը «բռնապետ» մը նկատենք եւ կամ «իմաստուն առաջնորդ» մը, մեր շարժումները կը կառավարէ որոշ չափով մը։

Պէտք է աւելցնել հոս անմիջապէս, թէ հանրային կարծիքն ալ կրնայ ըլլալ առողջ եւ ուժեղ եւ տպաւորիչ, կամ ախտաժէտ եւ տկար եւ անազդեցիկ, ինչ որ կը տարբերի պարագաներու համեմատութեամբ։ Առողջ եւ ուժեղ հանրային կարծիքը զարգացած միջավայրի մէջ՝ հանրային թէ անհատական գործերու մէջ հակակշռի մը դերը կը կատարէ։ Յաճախ «սանձ» մը կամ ուժեղ զսպանակ մըն է ան. երբեմն «մտրակ» մը՝ որ մարդը կը մղէ որոշ ուղղութեան մը հետեւելու, նոյնիսկ հակառակ մեր ընտրութեան կամ նախասիրութեան։ 

Մեզմէ ամենէն սկեպտիկը եւ արդիական գաղափարներ ունեցող «լուսամիտներն» իսկ ստիպուած են ընդունիլ, թէ մարդկային արարքներու մէջ կան լաւերը եւ վատերը, ազնիւները եւ ստորինները. կան զզուելի մոլութիւններ եւ զմայլելի առաքինութիւններ։ Պէտք է ընդունիլ դարձեալ, թէ ամենէն անտարբեր եւ անզգայ մարդն իսկ իր սրտին խորութիւններու մէջ կը գնահատէ լաւը, ազնիւը եւ առաքինին. կը դատապարտէ անիրաւութիւնը, անբարոյութիւնը, անարդարութիւնը, գողութիւնը։

Համայնքի մը զարգացման համար առողջ եւ զօրաւոր հանրային կարծիքի մը գոյութիւնը անհրաժե՛շտ է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 1, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 2, 2026