ՍԽԱԼ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
Մի քանի շաբաթ առաջ մահմետական հայր ու զաւկի կողմէ Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցած արիւնարբու սպանութիւնը անգամ մը եւս աշխարհին դիմաց դրաւ այն հարցը, թէ կրօնական ինչպիսի ըմբռնումով մարդ կրնայ իր նմանը սպաննել՝ կարծելով, որ աստուածահաճոյ արարք կը կատարէ։ Անշուշտ, մարդասպանութեան այս արարքը ցոյց տուաւ նաեւ դրամին միւս երեսակը. այլ մահմետական մը իր իսկ կեանքը զոհելով յարձակեցաւ մարդասպանին վրայ եւ խլեց զէնքը՝ որպէսզի նոր զոհեր չարձանագրուին։ Այս երկու հակասական պատկերները անգամ մը եւս մտածել տուին, թէ մահմետական կրօնը մարդասպանութեա՞ն, թէ մարդասիրութեան կրօն է:
Վերջին մի քանի տասնամեակին աշխարհի տարբեր շրջաններու՝ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ տեսանք, թէ ինչպէս «Ալլահուաքպար» (Աստուած մեծ է) ըսելով սպանութիւններ կը կատարեն եւ կը հաւատան, թէ այդ ոճիրը Աստուծոյ աչքին հաճոյ է։ Այս մէկը կու գայ ուսուցումէն, որովհետեւ կարգ մը մահմետականներ լաւապէս չեն կրցած հասկնալ իրենց սուրբ գիրքին մէջ գրուած որոշ տողեր (թէեւ կան մահմետական առաջնորդներ, որոնք լաւապէս հասկնալով, փորձած են կանխել սխալ ուսուցումը, սակայն, մեծամասնութեան դիմաց մնացած են անզօր): Օրինակի համար, 1899 թուականին մահմետական առաջնորդ ու քարոզիչ Միրզա Կիւլամ Ահմատ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Մահմետականներուն մէջ կան շատեր, որոնք առանց պատիժի եւ Աստուծոյ հանդէպ վախի կրնան անմեղ մարդիկ սպաննել»։ Մահմետական կրօնի մէջ կայ «ճիհատ»ը, որ «իրաւունք» կու տայ սպաննելու եւ այս «իրաւունք»ի բաժինն է, որ որոշ մահմետականներու մօտ սխալ մեկնաբանութեան արժանացած է։ Մահմետականութիւնը սուրի գործածութիւնը արդարացի կը գտնէ միայն ու միայն երեք պարագաներու. Ա.- Ինքնապաշտպանութեան պարագային՝ երբ թշնամին կը յարձակի. Բ.- Երբ բռնապետ մը պատժել կ՚ուզեն, որովհետեւ բռնատիրութիւնը ընդունելի չէ. Գ.- Երբ սուրով կ՚ուզեն ազատութիւնը պաշտպանել, որովհետեւ ազատութիւնը իրաւունք է: Օրինակի համար, ընդունելի չէ կրօնի տարածումի համար բռնութեան գործադրութիւնն ու այլ կրօնի հետեւորդը սպաննելու մէջ կրօնական արժանիք գտնելը՝ ինչ որ կը տեսնենք գրեթէ բոլոր կրօններու մէջ։ Մահմետականութիւնը քրիստոնէութենէն կամ աշխարհի վրայ գտնուող միւս կրօններէն շատ տարբեր կրօն մը չէ. պարզապէս որոշ ուսուցումներ սխալ տարածում գտնելով վտանգած են վիճակը:
Այսօր կը տեսնենք, որ շատ մը մահմետականներ բռնի ուժով կը փորձեն իրենց կրօնը պարտադրել, մինչդեռ իրենց իսկ սուրբ գիրքը կ՚արգիլէ այդ մէկը. Ալ-Իսրայի մէջ մահմետականներու սուրբ գիրքը կ՚ըսէ. «Մարդոց հետ բարիով խօսեցէք. եթէ չար էք, չարիքով բան չէք կրնար փոխել»:
Որոշ մահմետական հոսանքներ կը հաւատան, որ աշխարհի վախճանէն առաջ պիտի յայտնուի թագաւոր մը՝ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած եւ պիտի բնաջինջ ընէ բոլոր ոչ-մահմետականները եւ այսպիսով պիտի մահանան միւս կրօններու հետեւողները եւ աշխարհի վրայ պիտի մնան միայն մահմետականները եւ այս գաղափարը շատ անգամ անոնց միտքին մէջ արդարացի կը դարձնէ այլ կրօնի հետեւողի մը սպանութիւնը, որովհետեւ վերջապէս Աստուծոյ աչքին հաճելի է միայն ու միայն մահմետականը:
Մահմետականութեան մէջ բռնութեան ինչ ըլլալը պէտք է լսել նոյն կրօնի պատկանող քարոզիչներէն, որոնցմէ մին կ՚ըսէ. «Կարեկցանքով, ես արդէն գիրքեր գրած եմ արաբերէն եւ պարսկերէն լեզուներով, որոնց մէջ ապացուցած եմ, որ մահմետական շրջականերուն մէջ ճանչցուած ճիհատ հասկացողութիւնը, ինչպէս օրինակ՝ արիւնարբու իմամի սպասումը, այլոց հանդէպ չարամտութիւնը եւ բռնութիւնը պարզապէս կարճատես հոգեւորականներու սերմանած կեղծ պատկերացումներն են»: Այս խօսքերով մահմետական քարոզիչը կ՚ուզէ, որպէսզի մահմետականներուն մօտ կարեկցանքը, մեղմութիւնն ու ներողամտութիւնը տիրէ:
Ի դէպ, արդար ըլլալու համար ըսենք, որ մահմետական կրօնի մէջ կայ «աչքի դէմ աչք»ի գաղափարը՝ ինչ որ կը գտնենք Հին կտակարանին մէջ։ Նոր կտակարանով այդ օրէնքը փոխարինուեցաւ Սիրոյ օրէնքի, սակայն, մահմետականներուն մօտ տակաւին ի զօրու կը մնայ այդ մէկը, որովհետեւ Աստուածաշունչի համաձայն այդ մէկը Աստուծոյ պատուիրանն էր մարդուն. Այդ մէկը Մահմետականներուն համար ձեւով մը արդարութեան հաստատում է. օրինակի համար, անձ մը սպաննեց՝ պէտք է սպաննուի եւ այդպիսով հաւասարութիւնը տեղ կը գտնէ. սակայն, անոր կողքին մահմետականներու սուրբ գիրքը կը խօսի, որ ներողամտութիւնը շատ աւելի հաճելի է Աստուծոյ համար, շատ աւելի խրախուսելի է, սակայն, զանց չ՚ըներ աչքի դէմ աչքի մօտեցումը: Աւելին, մահմետականութիւնը ստեղծումէն մի քանի տարիներ ետք ընդունած է որոշ օրէնքներ, որոնց մէջ բռնութիւնը տեղ կը գտնէ. օրինակի համար, եթէ մէկը գողութեան մէջ բռնուի, կարելի է գողին ձեռքը կտրել՝ որպէս պատիժ: Կամ եթէ իգական սեռի ներկայացուցիչ մը ամուսնութեան բացակայութեամբ սեռական յարաբերութեան մէջ բռնուի, 100 ծեծի տուգանք պէտք է տայ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մահմետականութիւնն ու քրիստոնէութիւնը ի՞նչ նմանութիւններ ունին:
Պատասխան. Քրիստոնէութիւնն ու մահմետականութիւնը ունին որոշ նմանութիւններ, որոնցմէ ամենէն կարեւորը Աստուծոյ հանդէպ հաւատքն է՝ որ ստեղծած է աշխարհը եւ կարգաւորած մարդկային կեանքը: Երկու կրօններն ալ հիմնուած են պարգեւի եւ պատիժի գաղափարներուն վրայ՝ հաւատացեալներու դիմաց դրախտ, իսկ անհաւատներու հանդէպ դժոխք խոստանալով: Երկու կրօններու պարագային ալ աղօթքը, հաւատքը, բարեգործութիւնը, բարեպաշտ կեանքը կարեւոր դեր ունի: Երկուքն ալ կը քարոզեն արդարութիւն, ողորմութիւն եւ մարդկանց հանդէպ կարեկցանք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան