ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐԱՁԵՒ ՉԷ՞Ր
Մի քանի օրեր առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ Հայաստան կը շարունակէ գտնուիլ հոն՝ ուր որ էր գրեթէ դար մը առաջ։ Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Էշը մէ՛կ անգամ փոսի մէջ կ՚իյնայ», սակայն, մենք նոյն փոսին մէջ ո՛չ թէ մէկ կամ երկու, այլ մի քանի տասնեակ անգամ ինկած ու դարձեալ կը շարունակենք իյնալ, որովհետեւ խելացի մարդը նոյն սխալը երկու անգամ չի՛ կրկներ. մենք կարծես էշի չափ ալ չկանք:
Եթէ աչքէ անցընենք մեր քաղաքական, հասարակական եւ ընկերային կեանքը՝ պիտի ընդունինք, որ մենք նոյն փոսին մէջ չենք իյնար, պարզապէս որովհետեւ այդ փոսէն դուրս չենք կրնար դուրս գալ: Հայոց պատմութիւնը՝ մանաւանդ մօտիկ անցեալին մեծագոյն փաստն է, թէ ատելութիւնը ինչ վնասներ կը պատճառէ մեր ազգին. պատմութիւնը կը փաստէ, թէ անհանդուրժողութիւնը միայն ու միայն բաժանում, ատելութիւն ու թշնամութիւն կը ստեղծէ. լաւապէս գիտե՛նք, սակայն գիտնալով նոյն ցեխին մէջ կը թաւալինք:
Տակաւին մի քանի օրեր առաջ, ո՛չ միայն հայութիւնը, այլ համայն հանրութիւնը ականատես եղաւ, թէ ինչպէս Հայաստանի «առաջին» դէմքը պահ մը մոռնալով իր պաշտօնը, երկրի մը ներկայացուցիչը ըլլալու հանգամանքը, փողոցայինի իր մակարդակով վարկաբեկեց հոգեւորականաց դասը՝ զանոնք «կնիկ կարգադրող» որակելով: Անշուշտ, այս փողոցային մակարդակէն հեռու չմնաց երկրի «առաջին» դէմքին կինը. ըստ երեւոյթին, տակաւին անոնց համար յստակ չէ, որ քաղաքական կեանքը մանկապարտէզի մակարդակէն հեռու ըլլալով տուն-տուն խաղալու դաշտ մը չէ:
Քաղաքականութեան մէջ մարդիկ կը մոռնան, որ իրենք ժամանակաւոր ներկայացուցիչներ են եւ իրենց քմահաճոյքին համաձայն ազգային դարաւոր աւանդութիւններն ու արժէքները ոտնակոխելու իրաւունքը չունին, որովհետեւ վարչապետ ընտրուիլ եւ կամ նոյնիսկ կաթողիկոսութեան աստիճանին արժանանալ չի՛ նշանակեր եկեղեցւոյ եւ կամ երկրի մը տէրը ըլլալ։ Այսօր ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպիսի յատուկ վերաբերմունք ու յարգանք կը տրուի այդ երկու մեծաւորներուն՝ մոռնալով, որ երկրին եւ եկեղեցւոյ հիմնական տէրն ու տիրականը կը հանդիսանայ ժողովուրդը:
Այսօր կը տեսնենք, թէ զինուորականներ, պետական պաշտօնեաներ ինչպիսի՜ յարգանք կը ցուցաբերեն իրենց մեծաւորներուն հանդէպ եւ անտարբերութեամբ կը վարուին ժողովուրդին հետ՝ մոռնալով, որ թէ՛ զիրենք եւ թէ իրենց մեծաւորները պահողն ու սնողը նոյնինքն ժողովուրդն է եւ անոնք ո՛չ մէկ ձեւով աւելի բարձր չեն քան ժողովուրդը, որովհետեւ աշխատաւոր պաշտօնեան աւելի բարձր չի՛ կրնար ըլլալ քան տէրը՝ որ այս պարագային հայ ազգն է, ժողովուրդն է:
Շատ բնական է, որ Նիկոլ Փաշինեան խնդիրներ ունենայ եկեղեցական մեծաւորներու հետ. նոյնպէս եկեղեցականներ ազատ են համաձայն չըլլալու այդ քաղաքական ուղղութեան եւ մտածողութեան, զոր Փաշինեան ունի, սակայն, այդ մէկը երբեք իրաւունք չի՛ տար, որ իշխանութիւնը պետական մակարդակով վարկաբեկէ Եկեղեցին եւ նոյնպէս փոխադարձաբար: Ամէն մարդ ունի ազատ իրաւունքը չսիրելու կաթողիկոսը, սակայն կաթողիկոսը հոն է ժամանակաւորապէս, սակայն Հայ Առաքելական Եկեղեցին հազարամեակներ ապրած եւ պիտի շարունակէ ապրիլ։ Նոյնպէս ամէն մարդ իրաւունք ունի չսիրել վարչապետը, սակայն վարչապետը այսօր հոն է՝ վաղը ոչ եւ հետեւաբար անձի մը պատճառով ամբողջ պետութիւնը կարելի չէ ատել:
Այսօր կը տեսնենք, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու կինը «Կրթուիլը նորաձեւ է» կարգախօսով կրթութեան կարեւորութեան մասին կը խօսին, սակայն, երբ գործը կը հակասէ խօսքին՝ խօսքը անիմաստ կը դառնայ: Ի՞նչ իմաստ ունի խօսիլ դաստիարակութեան կարեւորութեան մասին, սակայն հեռու մնալ դաստիարակութենէն. ի՞նչ իմաստ ունի մարդ խօսի սիրոյ մասին՝ սակայն ինք չսիրէ:
Այս բոլորին մասին խօսելու ժամանակ կը յիշեմ Եղիշէ Չարենցը, որ բանտարկութեան ծանր պայմաններուն մէջ նոյնիսկ կը փորձէր միութիւն եւ սէր քարոզել՝ հաւատացնելով, որ մեր ազգի փրկութիւնը միայն միասնականութեան մէջ է։ Սիրելի Չարենց, ինչքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, այդ բոլորը գրելու եւ բանտերու մէջ տանջուելու փոխարէն անհոգութեամբ ապրած ըլլայիր, որովհետեւ այդ ժողովուրդը դարեր շարունակ չհասկցաւ միասնականութեան կարեւորութիւնը. կարդաց, քարոզեց, սակայն ի տարբերութիւն էշին, նոյն փոսին մէջ մի քանի հազար անգամ ինկաւ եւ երբեք դուրս գալ չուզեց:
Այս բոլորին դիմաց մէկ մէկ ակամայ կը մտածեմ, որ նման ազգ մը իրապէս արժանի էր ցեղասպանութեան. արժանի էր երկրագունդի վրայէն սրբուելու, որովհետեւ շա՜տ աւելի երանելի պիտի ըլլար օտարին ձեռքով կործանիլ, քան սեփական ձեռքերով՝ ինչ որ այժմ կը պատահի. մեծ եղեռնը մեզ չոչնչացուց, սակայն այս ընթացքով մենք զմեզ պիտի ոչնչացնենք:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Երկիրը պետութեա՞ն կը պատկանի թէ ժողովուրդին:
Պատասխան. Երկիրը ժողովուրդին կը պատկանի, որովհետեւ ժողովուրդն է երկրին հիմնական տէրը: Պետութիւնը կազմակերպուած կառավարութեան համակարգ է, որ կ՚աշխատի ժողովուրդին համար, որպէսզի ապահովէ կարգ եւ անվտանգութիւն: Ժողովուրդը ի՛նք կ՚ընտրէ իշխանաւորները, կը ձեւաւորէ օրէնքները եւ ունի որոշելու ուժ: Եթէ պետութիւնը գործէ ժողովուրդին կամքին հակառակ, ապա կը կորսնցնէ իր իշխանութեան իրաւունքը: Հետեւաբար երկիրը էութեամբ կը պատկանի ժողովուրդին, իսկ պետութիւնը ժողովուրդին սպասարկուն է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան