ՄԱՐԴՈՒՆ ՍԻՐՏԸ

Մարդու մը իսկական արժէքը գնահատելու միակ ստուգանիշը կամ, ըսենք, վաւերանիշը պէտք է իր սրտին մէջ փնտռել, քանի որ մարդ իր սրտին մէջ է, որ կ՚ապրի, եւ կ՚ապրի իր սրտին թելադրած զգացումներով՝ սէրերով եւ միտումներով, որոնք իր ամբողջ կեանքին ուղեցոյցը պիտի կազմեն։ Արդարեւ, մարդ, ինչպէս որ սկսի քայլ նետել, այնպէս ալ կը շարունակէ քալել։ Ահաւասիկ, այս պատճառով, սի՛րտն է, որ ամէն բանէ առաջ մեր տեղ՝ մեր մէջ կը գործէ, մեր նկարագիրը անով է, որ կը կազմուի։

Այս ուղղութեամբ, սիրտն է, որ կը յարատեւէ եւ մեզի ուժ եւ կորով կը ներշնչէ, մեր գերագոյն տենչանքին հասնելու համար, սիրտն է, որ կը տկարանայ եւ կը յուսահատի, կը սիրէ եւ կ՚ատէ, կը պաշտէ եւ կը խորտակէ։ Սիրտը կ՚աղօթէ եւ կը հայհոյէ. սիրտը՝ որ կը մոլորեցնէ մեզ եւ կամ Յիսուսին կը տանի։

Սկիզբ եւ վախճան՝ ծնունդ, կեանք եւ մահ սրտին մէջն են. ժպիտը եւ արցունքը իրմէ կը ծնին, իրմէ կը բխին, եւ ի՛նքն է, որ ասոնցմէ մին կամ միւսը ճաշակել կու տայ մեզի։ Եւ այս պատճառով է, որ սաղմոսերգուն «Սիրտ սուրբ» կը խնդրէ Աստուծմէ. անոր համար է, որ Յիսուս «երանի՜» կու տայ անոնց՝ որոնք «Սուրբ են սրտիւք», դարձեալ ասոր համար է, որ առակախօսը կը պատուիրէ մեզի՝ «բոլոր զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ». (ԱՌԱԿ. Դ 23), քանի որ անիկա գիտէ, թէ՝ «Ծուռ սիրտ ունեցողները պիղծ են Աստուծոյ առջեւ». (ԱՌԱԿ. ԺԱ 20)։ Սիրտը ամէն ինչն է մարդուն…

Նոյնիսկ կրօնքէ անկախ բարոյականի մը կուսակիցները իրենց ամբողջ կազմուածքին անկիւնաքարը կը դաւանին «սրտի մաքրութիւն»ը՝ առանց որու ո՛չ վստահութիւնը կրնայ գոյութիւն ունենալ աշխարհի վրայ եւ ո՛չ որեւէ տոկուն նկարագիր հիմնաւորել եւ հաստատել։

Խօսքին կամ դրսերեւոյթներուն կեղծիք եւ պատրանքներ երբեք չեն կրցած հիմնական կեանք մը ապահովել իրենց ենթականերուն համար։ Առօրեայ յաջողութիւններ՝ որոնք այդ պայմաններով ձեռք բերուած են, որեւէ երաշխաւորութիւն չեն կրնար ցոյց տալ իրենց տեւականութեանը համար։ Առանց «մաքուր սիրտ» ունենալու, սոսկ երեւոյթներ փրկելու համար ժպտիլը՝ մեր ներքին մարդուն քայքայումն է՝ որ պիտի պատրաստէ կեանքի ջուրերու ցամքեցումը, որ մենք մեր ձեռքով կատարած պիտի ըլլանք…

Արդարեւ առակախօսը կը պատուիրէ մեզի. «Պահել մեր սիրտը». որովհետեւ անկէ «կենաց աղբիւրներ» կը հոսին եւ Յիսուս մեզ իրեն կը հրաւիրէ. «Մեր որովայնէն կենդանի ջուրեր» վազցնելու համար։

Այս երկու հրաւէրներէն եւ կամ պատուէրներէն մէկը մեր սրտին պահպանութեան կարեւորութիւնը կը շեշտէ, իսկ միւսը այդ պահպանութեան միջոցը ցոյց կու տայ մեզի։

Մենք մարդերս՝ սովորութիւն ունինք մեր թանկագին առարկաները պահպանելու այն ամէն պատահականութիւններէն՝ որոնք կրնան վնասել անոնց արժէքին։ Պահպանութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ պատահական կորուստին դէմ ձեռք առնուելիք ապահով միջոցը։ Կորուստը կրնայ ըլլալ նիւթական, կրնայ ըլլալ նաեւ հոգեկան կամ բարոյական։ Սրտի պահպանութեան մէջ թերացումը՝ բարոյական կորուստն է՝ որ պիտի առթէ մեզի։ Մեր սիրտը մեզմէ պիտի գողնան ստորին կիրքերը, պիտի խանգարեն մեր մաքուր զգացումները, պիտի պղտորին մեր վճիտ պայծառասիրութիւնը, մեր ժառանգած անբիծ սրբութիւնը՝ ապականութիւններու եւ չար սովորութիւններու եւ մեղքերու հետ փոխանակելով։

Պէտք է ըմբռնենք նախ, թէ՝ մեր հարստութիւններուն մեծագոյն՝ թանկագին մասն է «Մաքուր սիրտը», որովհետեւ ա՛յն է Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղածը. (ԱՌԱԿ. ԻԳ 1)։ Նախ պէտք է գնահատել մաքուր սրտին արժէքը եւ դժուարութիւններուն մեծագոյնը հարթած պիտի ըլլանք։

Ո՛չ ոք կրնայ ուրանալ սակայն, թէ՝ իր սրտին պահպանութիւնը նուազ դիւրին գործ մըն է իր սկզբնաւորութեանը մէջ։ Մենք կրնանք մեր լեզուին եւ մեր վարմունքին սանձ մը դնել, ուրիշներու հետ մեր ունեցած յարաբերութիւնները կրնանք չափաւորել մեր ուզած կամ մեր ընտրած կերպով, կրնանք ինքզինքնիս անջատել այն ամէն յարաբերութիւններէն՝ որոնք հաճոյք կամ ախորժ չեն պատճառեր մեզի, բայց սրտին վրայ իշխելու, զայն սանձահարելու, անոր ներքին զգացողութիւններուն չափ եւ սահման գծելու, մէկ խօսքով անիկա «Սուրբ» պահելու համար, ապա ուրեմն, պէտք է ամենէն տաժանելի ճիգին մատնել ինքզինքնիս։

Մարմինին հետ այնքան սերտ կապեր ունի սիրտը, զորս պիտի չկարենանք շարունակ եւ կամ միանգամ ընդմիշտ խորտակել։ Այս պատճառաւ մեծ աչալրջութիւնը պէտք է ունենանք սրտի պահպանութեան մեր պարտաւորութեանը մէջ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 20, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 21, 2026