ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ Է ՏԷՐԸ

Մեր ժողովուրդը տակաւին չկրցաւ հասկնալ, որ երկիրի մը եւ կամ գաղութի մը «տէր»ը ո՛չ թէ անոր գլուխը գտնուող ղեկավարներն ու պատասխանատուներն են՝ այլ իրե՛նք են եւ եկեղեցին, դպրոցը, միութիւններն ու մնացած բոլորը ազգապատկան ըլլալով՝ նախ եւ առաջ իրենց կը պատկանին եւ ապա միւսներուն: Եկեղեցին ո՛չ թաղականութեան կը պատկանի եւ ո՛չ ալ քահանային սեփականութիւնն է. երկիրը ո՛չ վարչապետին կամ նախագահին կը պատկանի եւ ո՛չ ալ ոստիկանին. անոնք ո՛չ թէ տէրը, այլ կոչուած են ծառան ըլլալու՝ ծառայելու համար այն ժողովուրդին որուն հաշուոյն կ՚ապրին, կը հարստանան եւ կը գոյատեւեն: 

Ամէն անգամ երբ երկրէն դուրս կու գամ կամ դարձեալ երկիր մուտք կը գործեմ, ուշադրութեամբ կը զննեմ ոստիկանի պահուածքը. կարծես օտարական մը իր հօրը սեփականութիւնը եղող երկիրը կը մտնէ. քաղաքակիցի հանդէպ ո՛չ մէկ յարգանք ու ազնուութիւն: 

Կար ժամանակ, որ երկիրը թագաւորին «սեփականութիւն»ը կը նկատուէր եւ թագաւորը որեւէ մէկ ձեւով հաշուետու ըլլալու պարտաւորութիւնը չունէր. թագաւորութիւնը կը դիտուէր որպէս Աստուծոյ կողմէ տրուած իրաւունք մը եւ հետեւաբար անոնց խօսքն ու պահանջները օրէնք էին: Սակայն այս բոլորը մնացին անցեալին։ Մերօրեայ իշխանութիւններն ու ղեկավարները չես գիտեր ինչո՞ւ, կը շարունակեն իրենք իրենց այդ ժամանակաշրջանին մէջ զգալ. 17-րդ եւ 18-րդ դարերուն մարդիկ սկսան պահանջել ազատութեան եւ հաւասարութեան իրաւունքը եւ յաջողեցան առաջ բերել ժողովրդավարական իշխանութիւն մը, վերացնելով «մէկ մարդու իշխանութիւն» հասկացողութիւնը: 

Այս բոլորին մասին սկսայ աւելիով մտածել մի քանի օրեր առաջ Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած սիրոյ սեղանի ընթացքին։ Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը յետպատարագի կազմակերպած էր սիրոյ սեղան մը, որուն ներկայ պիտի գտնուէին նաեւ Պատրիարքն ու եկեղեցական դասը. այդ սիրոյ սեղանին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերէին նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը: Պատարագէն ետք բոլորը իրենց տեղերը գրաւեցին, սակայն մի քանի տարեցներ դուրս մնացին սիրոյ սեղանէն։ Հաւանաբար եկեղեցւոյ տիկնանցէն մէկը բարձրաձայն կը պոռար. «Տիկի՛ն, շշշշտտ, ե՛լ հոնկէ, հոն մարդ պիտի նստի»: 

Իրականութեան մէջ այդ տեղը որո՞ւ համար վերապահուած էր՝ այդքան ալ կարեւոր չէ. հիմնական խնդիրը երեւոյթն է. նոյնիսկ եթէ այդ մէկը եկեղեցականներուն տեղը ըլլայ, թաղականութեան եւ կամ տիկնանցին տեղը ըլլայ՝ հաւատացեալը առաջնահերթ է՝ քան միւսները: Նոյնիսկ եթէ տեղ չըլլայ, եկեղեցականը ի՛նք եւ մինչեւ անգամ պատրիարքը պարտաւոր է իր տեղը զիջիլ, որովհետեւ եկեղեցին եւ անոր մատուցած բոլոր ծառայութիւնները նախ եւ առաջ կը պատկանի հաւատացեալ ժողովուրդին եւ ապա՝ միւսներուն: Ո՛չ Պարտիարք հայրը, ո՛չ եկեղեցականները եւ ո՛չ ալ թաղականութիւնը այդ եկեղեցւոյ «տէր»ն ու «տիրական»ն է։ Ցաւ ի սիրտ, մեր ազգին մէջ ժողովուրդը կը նկատուի երկրորդ դասակարգ. բոլոր անոնք որոնք այսօր պաշտօններու վրայ կը գտնուին, իրենք զիրենք աւելի բարձր կը նկատեն ժողովուրդէն՝ մոռնալով, որ իրենք այդ ժողովուրդին ծառայութեան տակ կոչուած են գտնուելու: 

Ամիսներ առաջ վարչապետ Փաշինեան մեծ իրագործում մը կատարածի հովերով կը յայտնէր, որ իր ինքնաշարժը կարմիր լոյսին կը կանգնի եւ այս մէկը կը ներկայացնէր «մեծ» զոհողութիւն մը ըրածի ինքնավստահութեամբ։ Իրականութեան մէջ Փաշինեանը ժողովուրդէն բարձր մէկը չէ, որ զոհողութիւն ըրած ըլլայ կարմիր լոյսի տակ կեցած ըլլալով. օրէնքը դնողները նախ եւ առաջ օրէնքները իրե՛նք պիտի գործադրեն՝ որպէսզի արդար ակնկալութիւնը ունենան, որպէսզի ժողովուրդը գործադրէ: 

Ժողովուրդը չի գիտակցիր, որ այն իշխանութիւնը, որ այսօր ունին ղեկավարութիւնը, իրականութեան մէջ ժողովուրդի՛ն իշխանութիւնն է, որովհետեւ ժողովուրդը ի՛նք պաշտօնի կանչած է այս մարդիկը, ժողովուրդը ի՛նք տուած է այդ բոլոր իշխանութիւնները եւ այժմ կամայ ակամայ այդ իշխանութիւններով կը դատուի, կը չարչարուի եւ կ՚առաջնորդուի: Այդ իշխանութիւնը՝ որ ժողովուրդէն տրուած է, ժողովուրդին դէմ կարելի չէ՛ շահագործել ու չարաշահել: 

Դժբախտաբար, մեր մօտ ծառայութիւն բառը ստացած է տարբեր իմաստ մը. ծառայութիւն ըսելով կը հասկնանք խոնարհութիւն, շատ անգամ թուլութիւն ու տկարութիւն, սակայն, ծառայութիւն բառին ճշգրիտ նշանակութիւնը այդ մէկը չէ. նոյնիսկ շատ անգամ ղեկավարի մը «ծառայութիւն»ը մեզի զարմանք կը պատճառէ եւ գովասանքի արժանի կը նկատուի. այդ ծառայութիւնը զոհողութիւն մը չէ՛ անոնց կողմէ ժողովուրդին մատուցուած, այլ պարտաւորութիւն մը եւ բնականն ալ այդ է. պատկերացուցէք, թէ ղեկավարները իրենց պաշտօնը այնքա՜ն չարաշահած են, որ իրենց կատարած բնական պարտաւորութիւնը նոյնիսկ տարօրինակ կը թուի մեզի: 

Անշուշտ, այս անդրադարձները կ՚ըլլան միտ յարգելով բացառութիւնները։

Ժամանակն է, որ ժողովուրդը հասկնայ, թէ առանց իրեն ո՛չ եկեղեցին, ո՛չ պետութիւնը եւ ո՛չ ալ միւս կազմակերպութիւնները գոյութիւն կ՚ունենան։ Ժամանակն է, որ հասկնան, թէ այն ուժը, որ ղեկավարները իրենց ձեռքին մէջ կը պահեն, կը պատկանի ժողովուրդին. ժողովուրդը տէ՛րն է անոր եւ ո՛չ թէ ծառան կամ ստրուկը։ Երբ ազգին մէջ ծառայելու կոչուածները ծառայութիւն կը ստանան՝ կը նշանակէ սխալ բան մը կայ այդտեղ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Երկիրը ղեկավարներո՞ւն կը պատկանի, թէ ժողովուրդին:

Պատասխան. Երկիրը ղեկավարներուն չի պատկանիր. կը պատկանի ժողովուրդին: Ղեկավարները ժամանակաւոր են՝ ընտրուած կամ նշանակուած ծառայելու եւ իրականացնելու այն կամքը, որ ժողովուրդը կը յայտնէ իր ընտրութիւններով: Երբ ժողովուրդը իր պատասխանատուութիւնը կը ձգէ ղեկավարներուն, այդ ժամանակ կը դառնայ հպատակ եւ ո՛չ թէ տէր: Երբ ժողովուրդը կը գիտակցի, որ պետութիւնը իր տունն է, ապա այն ատեն ղեկավարները կը դառնան գործակիցներ եւ ո՛չ թէ տէրեր: Եթէ ժողովուրդը լուռ է՝ ապա իշխանութիւնը աւելիով կը լռեցնէ զինք, իսկ եթէ արթուն է՝ պետութիւնը կը դառնայ արժէք:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2025