ՀԱՐՍՏԱՆԱԼՈՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ

Շատեր կը հաւատան, որ հարստանալու հնարաւորութիւնը ոմանց մենաշնորհն է, սակայն, «Հարստանալու գիտութիւն»ը գիրքին հեղինակը՝ Ուալընս Ուաթլըս կը հաւատայ, որ հնարաւորութիւնը դրուած է մարդոց դիմաց. այո, ժամանակները կը փոխեն հնարաւորութեան ձեւերն ու տեսակները, սակայն, զանոնք չեն վերացներ։ Գրողի համաձայն՝ հնարաւորութեան պակասին պատճառով չէ՛, որ մարդիկ կը շարունակեն աղքատ մնալ. ընդհակառակը, անոր համոզումով՝ հնարաւորութիւնը մի՛շտ ալ կայ այն մարդուն համար, որ կը փորձէ քայլ պահել ժամանակին հետ։ Մինչ այդ, թէ՛ հնարաւորութիւնները եւ թէ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող հարստութիւնը անվերջ է, պարզապէս պէտք է գտնել ձեւը զայն յաջողութեամբ ձեռք բերելու: 

Աշխարհի հարստութիւնը անսահման է, որովհետեւ աշխարհը հարստացնողը մարդը չէ, այլ բնութիւնն է եւ մեծագոյն հարստութիւնը՝ ինչպէս ոսկին, արծաթը, կազը, վառելիքը բնութիւնն է, որ մարդուն կու տայ եւ մարդկային ուժը չունի զանոնք սպառելու կարողութիւնը. օրինակ՝ հազարաւոր տարիներու կեանք ունեցող աշխարհի վրայ դարեր շարունակ մարդիկ աշխարհի ընդերքէն դուրս բերած են ոսկին եւ կը շարունակեն բերել… եւ այդ մէկը աւարտ չ՚ունենար, հետեւաբար, աշխարհի վրայ հարստութեան պակաս չկայ, այլ կայ հարստանալու ցանկութեան եւ կամ անոր գիտութեան պակաս:

Գիրքին հեղինակը կը բացատրէ, որ հարստանալու համար հիմնականին մէջ որպէս առաջնահերթութիւն ո՛չ հնարաւորութիւն պէտք է եւ ո՛չ ալ «բախտ»։ Այնպէս, ինչպէս նախորդ ինքնասպանութեան յօդուածին մէջ ըսինք, թէ ինքնասպանութեան հիմնական պատճառը ո՛չ թէ երեւոյթներն ու դէպքերն են, այլ մարդոց միտքին մէջ կատարուած անոնց վերլուծումն ու ընկալման ձեւն է, նոյնն է պարագան հարստութեան։ Հարստանալու համար բախտէն եւ հնարաւորութենէն շատ աւելի առաջ պէտք է մտածելակերպը՝ հասկնալու համար, թէ ի՞նչ է հարստութիւնը եւ ինչո՞ւ համար պէտք է մարդ արարածին կեանքին մէջ։ Մարդ արարածը մտածող էակ մըն է եւ ան գիտակցաբար կրնայ ազդել թէ՛ ժամանակին եւ թէ նիւթին վրայ։ Սկզբունքը, որուն մասին խօսեցանք, կը պահանջէ գիտակցութիւն. մարդու համար պէտք է նախ եւ առաջ յստակ ըլլայ հարստութիւն եւ աղքատութիւն սահմանումները եւ անոնց ինչութեան վրայ ձեւակերպուի ճիշդ մտածողութիւնը, որովհետեւ դէպի յաջողութիւն առաջնորդուելու եւ հարստանալու մէջ կարեւոր է կեդրոնացած ու շարունակական մտածողութիւնը, ինչ որ կարգապահութիւն եւ ջանք կը պահանջէ: 

Յաջողելու եւ դէպի հարստութիւն առաջնորդուելու մարդու փափաքը բնական է, որովհետեւ մարդ իր բնոյթով միշտ կը ձգտի աճիլ ու զարգանալ. Հետեւաբար, այդ մէկը մեղք կամ ինքնասիրութիւն չէ. պարզապէս բնական ցանկութիւն մըն է աւելի լիարժէք ապրելու։ Անշուշտ, կարեւոր է, որ այդ մէկը ըլլայ առանց մրցակցութեան, որովհետեւ մարդու յաջողութիւնը իր սեփական անձին է, որ շահ եւ ուրախութիւն կը բերէ եւ հետեւաբար, իր հարստութիւնն ու յաջողութիւնը ինքն ու իր անձին միջեւ է, ո՛չ թէ ուրիշներու հետ մրցելու։ Յաջողութիւնը ստեղծելով կը չափուի եւ ո՛չ հարստութեամբ եւ մարդ արարած այնքան ժամանակ, որ ողջ եւ գիտակից է, պէտք է ստեղծէ եւ ստեղծագործէ: Հեղինակը կը հաւատայ, որ անձի մը հարստութիւնը իր սեփական անձէն անկախ օգտակար է նաեւ շրջապատին համար, նոյնիսկ հաւատացեալներու պարագային կրօնին մէջ, որովհետեւ շատ մը պատուիրաններ՝ ինչպէս ողորմութիւնը, աղքատասիրութիւնը, եկեղեցաշինութիւնը, նիւթական միջոցներ կը պահանջեն: 

Շատեր կը հաւատան, որ յաջողիլը եւ հարստանալը ճարպիկութիւն, մասամբ շողոքորթութիւն եւ շահագործում կը պահանջէ, մինչ հեղինակը կը բացատրէ, որ այդ մէկը կամք, սկզբունք եւ միտքի ուժ կը պահանջէ: Աստուածաշունչը բազմիցս կ՚ըսէ, որ «Աստուած տուաւ անոնց հաւատքին չափով»։ Նոյն այս տրամաբանութեամբ գրողը կը հաւատայ, որ կեանքի մէջ եւս նոյնն է. Աստուած մարդուն կու տայ այնքան յաջողութիւն՝ ինչքան ինք կը ցանկայ եւ կը հաւատայ, որովհետեւ յաջողութիւնը, ինչպէս գրողը բազմիցս կը կրկնէ, աշխատանքէն առաջ մտածելակերպէն ու յաջողութենէն կու գան։ Աշխարհի վրայ բազմաթի՜ւ մարդիկ կը շարունակեն աղքատութեան մէջ ապրիլ, որովհետեւ կը հաւատան, որ կեանքէն իրենց բաժին հասածը աղքատութիւնն է. կը հաւատան, որ անոնք դատապարտուած են կա՛մ աղքատութեան մէջ ապրիլ եւ աղքատ մեռնիլ եւ կա՛մ ուրիշը թալանելով ու կողոպտելով հարստանալ։ Պէտք է պարզապէս յիշել, որ աշխարհի ամենէն աղքատ ու աննշմար անկիւններէն բազմաթի՜ւ յաջողակ անձեր դուրս եկած են. հետեւաբար միջավայրը չէ՛ արգելքը՝ այլ մտածելակերպն ու համոզումներն են: 

Անշուշտ, հաւատացեալներու շրջանակին մէջ յաճախ քննարկման նիւթ է հարստութիւնը, որովհետեւ Աստուածաշունչը խիստ ու կտրուկ տողեր ունի հարուստներու եւ հարստութիւն փնտռողներու նկատմամբ։ Գրողը, սակայն, կը հաւատայ, որ միտքի կարողութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ ձեռք բերուած հարստութիւնը Աստուածահաճոյ է՝ մա՛նաւանդ երբ անոր կը յաջորդէ երախտագիտութիւնը։ Գրողը կը հաւատայ, որ շատեր մտապէս պատրաստուած են, ունին ստեղծագործելու կարողութիւնը, սակայն, հեռու կը մնան յաջողութենէն, որովհետեւ ունին երախտագիտութեան պակաս։ Ան զԱստուած կը տեսնէ որպէս հարստութեան գերագոյն աղբիւր, որովհետեւ աշխարհի վրայ տեղ գտած բոլոր հարստութիւնները ստեղծագործութիւնն են Ամենակալին եւ հետեւաբար հարստութեան աղբիւրին մօտ ապրող մարդը շատ աւելի դիւրահաս կ՚ըլլայ հարստութեան։ Ան կը հաւատայ, որ կազմակերպուած միտքն ու գործը հաւատքի հետ զուգորդելով մարդ յաջողութեան շատ աւելի շուտ կը հասնի. անշնորհակալ մարդը մի՛շտ կը բողոքէ, որովհետեւ երախտագիտութեան պակասը մարդը հեռու կը տանի ստեղծագործ միտքէն:

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Տոկո՛ւն ես դուն Հայ ժողովուրդ, տանջական պատմութիւնդ մարզած ու դիմացկուն դարձուցած է քեզ. ես կը հաւատամ, որ դուն լուծդ համբերութեամբ եւ սիրով կը տանիս, ես կը հաւատամ, որ քեզ օր մը կը տեսնեմ սարին գագաթին՝ նոր արեւի արշալոյսին շողքը երեսիդ։ 

ԳԷՈՐԳ ՉԷՕՐԵՔՃԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 23, 2026