ԿԱՐԳԱԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆԸ

Մի քանի օրեր առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կարգալոյծ հռչակեց Եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անձին դէմ պայքարի դուրս եկած Տ. Արամ Քահանան, սակայն, քահանան յետյայտարարութեան յայտնեց, որ մտադիր չէ հեռանալ եկեղեցիէն եւ հակառակ կարգալուծութեան՝ պնդեց, թէ կիրակի օր ինք պիտի պատարագէ: Տակաւին մի քանի ամիսներ առաջ Հայ եկեղեցւոյ Կանոնագիրքը ձեռքին հրապարակ դուրս եկող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան զօրակցութիւն յայտնեց՝ ըսելով, որ կիրակի օր ներկայ պիտի գտնուի Տ. Արամի պատարագին: 

Անշուշտ, վարչապետը «Կանոնագիրք»ը սերտած ըլլալով լաւապէս պարտէր գիտնալ, որ կարգալոյծ եկեղեցական մը պատարագ չի կրնար մատուցել եւ նման աջակցութիւն մը ո՛չ թէ Վեհափառ Հայրապետի անձին, այլ Եկեղեցւոյ կանոնադրութեան դէմ է։ Այդ իսկ պատճառով ուզեցինք անգամ մը եւս աչքէ անցընել եկեղեցական կանոնները, լաւապէս հասկնալու համար, թէ Եկեղեցին ի՛նչ սահմանումներ ունի կարգալոյծ եկեղեցականներու համար: 

Անոնցմէ ամենէն կարեւորը կը կարդանք Ներսէս Մելիք Թանգեանի «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը» աշխատութեան Գ. հատորի 6-րդ գլուխին մէջ, որուն 4-րդ կէտին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «եթէ կարգալոյծ եղածը կհամարձակի նորից նախկին պաշտօնը կատարել, Բ-առ. 28 կանոնով (Ա գ., 84) բոլորովին զրկւում է եկեղեցու հաղորդակցութիւնից». նախկին պաշտօնին մէջ կը ներառուի պսակադրութիւնը, մկրտութիւնը, թաղումը, պատարագն ու բոլոր ծիսակատարութիւնները: 

Այսօր շատեր կրնան չսիրել Փաշինեանի իշխանութիւնը, սակայն, ի պաշտօնէ պարտաւոր են յարգել բոլոր այն օրէնքները, զորս իշխանութիւնը կը սահմանէ. նոյնն է պարագան Եկեղեցւոյ. շատեր կրնան չսիրել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, սակայն, ի պաշտօնէ՝ որպէս եկեղեցւոյ մեծաւոր, անոր որոշումները վճռական բնոյթ ունին։ Մելիք Թանգեանի նոյն աշխատութեան Բ. հատորին Զ. գլուխին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «որ բոլոր թեմերի եպիսկոպոսները ենթարկւում են գլխաւոր եպիսկոպոսի, այն է` կաթուղիկոսի իրաւասութեան՝ նրա դատին եւ պատժին, կարգալոյծ լինելուն»։ Անշուշտ, այստեղ նշուած են եպիսկոպոսները, սակայն անոր տակ կը մտնեն միւս բոլոր եկեղեցականները՝ կուսակրօն թէ ամուսնացեալ: 

Այսօր կը տեսնենք, թէ Տ. Արամ Քահանան կը փորձէ իշխանութեան փէշերուն տակ մտնելով պաշտպանութիւն մը գտնել, սակայն, եկեղեցական օրէնքները այդ մէկը եւս կ՚արգիլեն. օրէնքը՝ որ ըստ աղբիւրներու՝ Շնորհալիի կը պատկանի, կ՚ըսէ. «Քահանան եւ ժողովուրդը եկեղեցական գործերի համար մարմնաւոր իշխանի մօտ չգնան գանգատուելու եւ դատաստան խնդրելու, այլապէս առաքելական կանոնական հրամանի համեմատ կարգալոյծ լինի». Շնորհալիի համաձայն՝ «եկեղեցական խնդիրների դատերը վերաբերում են միմիայն հոգեւորական դատարանին»: 

Ո՛չ Հայաստանի վարչապետը եւ ո՛չ ալ այլ ուժ կրնայ անվաւեր ճանչնալ կաթողիկոսական կարգալուծութեան օրէնքը։ «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը» իր աշխատութեան Բ. հատորին մէջ «Հայոց Հայրապետութիւնը» խորագրեալ գրութեան տակ կը գրէ. «Ամենայն հայոց կաթուղիկոսին է պատկանում շնորհման եւ ներման իրաւունքը «ոչ յօրինակ այլոց» (диспензация) Հայոց եկեղեցու մէջ, պսակի աստիճաններում բացառիկ դէպքերում, ցմահ կարգալոյծ եղած քահանաների ներման խնդիրներում եւ առ հասարակ վարչական-դատական դէպքերում պատիժը թեթեւացնելու գործերում»։ Կարգալուծութիւնը կրնայ ներման արժանանալ միայն ու միայն Կաթողիկոսի որոշումով: 

Այս բոլորը մեզի մտածել կու տան հետեւեալ հիմնական կէտերու մասին. 

Ա.- Եթէ պահ մը փորձենք հաւատալ, որ վարչապետը Եկեղեցւոյ դէմ պայքար չի մղեր, ապա որպէս «կանոնագիրք»ի մեծ սիրահար պարտէր գիտնալ, որ կարգալոյծ հռչակուած եկեղեցականը պատարագ մատուցելու իրաւունք չունի, որովհետեւ Կաթողիկոսը ինչքան ալ «չսիրուած» անձնաւորութիւն մը ըլլայ, կը շարունակէ մնալ կաթողիկոս ու դարեր առաջ հաստատուած օրէնքները «սիրել» կամ «չսիրելու» վրայ հաստատուած չեն: 

Բ.- Վարչապետը պէտք է լաւապէս գիտակցի, որ իր աջակցութեամբ Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հաւատացեալ դասին միջեւ ներքին պայքարի մը սկիզբ կու տայ։ Եկեղեցւոյ հայրերը անվաւեր կը ճանչնան կարգէն հեռացած եկեղեցականի մը կողմէ մատուցուած պատարագը, իսկ վարչապետը իր զօրակցութեամբ իր հետեւորդները կը հրաւիրէ այդտեղ՝ ոտնակոխ ընելով դարաւոր օրէնքները՝ զորս մեր հայրերը սահմանած են: 

Անշուշտ, պիտի ըլլան ոմանք, որ ըսեն, եթէ կանոնագիրքը այդքան կը պաշտպանէք, ապա պէտք է կարգալոյծ ըլլայ նաեւ կաթողիկոսը. օրէնքները այս կապակցութեամբ շա՜տ յստակ են. եկեղեցականները միայն իրե՛նք կրնան «դատ»ի ենթարկել կաթողիկոսը՝ իր բարոյական շեղումներուն համար եւ այդ մէկը աշխարհականներուն ընդհանրապէս չի վերաբերիր: 

Այս բոլորը հասկնալու համար պէտք է կարդալ կանոնագիրքը՝ եւ ո՛չ թէ լոկ բռնել ու հրապարակ դուրս գալ (թէեւ շատեր իրենց կարդացածն ալ հասկնալու դժուարութիւնը ունին):

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ կ՚ըսեն եկեղեցական հայրերը կարգալոյծ եղողի մասին:

Պատասխան. Եկեղեցական հայրերը կարգալոյծ եղած եկեղեցականի մասին կը խօսին խիստ ոճով մը. անոնց համաձայն՝ այն քահանան կամ հոգեւորականը, որ կարգալոյծ կ՚ըլլայ, կը զրկուի իր պաշտօնէն եւ կը կորսնցնէ իր եկեղեցականի իրաւասութիւնն ու հեղինակութիւնը: Կարգալուծութիւնը կը նկատուի որպէս հոգեւոր մահ, որովհետեւ այլեւս կարգալոյծ եղողը չի կրնար կատարել սրբազան խորհուրդները եւ չի կրնար ներկայացուցիչը ըլլալ ժողովուրդին եւ Աստուծոյ միջեւ: Հայրերը սակայն կը յիշեն, որ եթէ կարգալոյծ եղողը իրապէս զղջայ ու ապաշխարէ, ապա Աստուծոյ ողորմութեան կրնայ արժանանալ՝ որպէս երկրորդ առիթ հոգեւոր վերածնունդի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2025