ՍԻՄԷՈՆ Ա. ԵՐԵՒԱՆՑԻ
Սիմէոն Ա. Երեւանցի Կաթողիկոս (1763-1780 թթ.), կաթողիկոս ընտրուեցաւ հինգերորդ ժողովին։ Շամախեցի Յակոբ Կաթողիկոսին (Յակոբ Ե. Շամախեցի. 1759-1763 թթ.) վախճանումէն յետոյ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները ժողով գումարեցին կաթողիկոս ընտրելու համար, սակայն չկարողացան մէկ անգամէն ընտրել, քանի որ առաջարկուողներ շատ կային. միայն հինգերորդ ժողովին ընտրեցին Սիմէոն Երեւանցի Եպիսկոպոսը՝ որ նոր դարձած էր իր նուիրականութենէն։ Ան իր օծումը ստացաւ 1763-ին՝ 20 ապրիլին եւ իր կաթողիկոս դառնալը պոլսեցիներուն յայտնելով՝ անոնց հաւանութիւնն եւս ստացաւ։
Սիմէոն Կաթողիկոս մօտէն ծանօթ էր հայ ժողովուրդի բոլոր պէտքերուն. ան սարկաւագութեան ժամանակներէն շրջած էր Հնդկաստան, Պարսկաստան, եւ իբրեւ նուիրակ երկար տարիներ ապրած էր Թուրքիոյ մէջ։
Ան, ուսումնասէր անձ մըն էր եւ ան իր վարդապետութեան ընթացքին արդէն յօրինած էր իմաստասիրական գործեր՝ Լուծմունք Պարփիւրի, Արիստոտէլի, Դաւթի, Պրոկղի, նաեւ՝ երկհատոր քարոզգիրք, եւ Հայ տոմարի պարզաբանութիւն։ Ահա կեանքի փորձառութեամբ եւ մտաւոր զարգացմամբ օժտուած այս եկեղեցականը կաթողիկոս դառնալով՝ աշխատեցաւ բարեկարգել եւ ապահովել Հայ Եկեղեցին եւ Մայր Աթոռը լուսաւորութեան կեդրոն դարձնել, կապել անոր հետ ամէն տեղ ցրուած հայերուն եւ կեդրոնական Հայրապետական իշխանութեան դիրքը բարձրացնել։
Այսպիսի ձգտումով մը Սիմէոն Կաթողիկոս իր իշխանութեան սկիզբներուն փափաքեցաւ Պոլսոյ մէջ կաթողիկոսական փոխանորդութիւն հաստատել եւ 1764 թուականի յուլիսին այս մտադրութեամբ Պոլիս նամակ գրեց։ Սակայն Սիմէոն Կաթողիկոսի այդ առաջարկութիւնը գժտութիւն առաջ բերաւ ժողովուրդի մէջ. արեւելցիներ կաթողիկոսի այս առաջարկութիւնը կը պաշտպանէին. իսկ բնիկներ կը հակառակէին։
Հակառակ էր եւ նորընտիր պատիրարք Գրիգոր Վ. Պասմաճեանը. (Գրիգոր Գ. Պոլսեցի Պասմաճեան. 1764-1773 թթ.)՝ որը եւ ամիրաներու խորհուրդով Օսմանեան կառավարութեան ձեռքով 1765-ի սեպտեմբերին Պոլիսէն աքսորեց Աբրահամ Վ. Աստապատցին՝ փոխանորդութեան թեկնածուն։ Եւ այս հակառակութեան եւ «թշնամութեան» գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ այն էր՝ որ թէ՛ Սիմէոն Կաթողիկոսը եւ թէ՛ Աստապատցի Աբրահամ Վարդապետը Սահակ Ահագին Կաթողիկոսի գահընկէց ըլլալուն գլխաւոր գործիչներէն էին. իսկ Սահակ Ահագինը պոլսեցիներու ընտրեալն էր։
Թէեւ այս կողմէ Սիմէոն Կաթողիկոս անյաջողութիւն կրեց, բայց անոր յաջորդեց յաջողութիւնը՝ որ Թուրքիոյ մէջ բուն Տէրունի, այսինքն՝ անմիջապէս կաթողիկոսէն կախում ունեցող վիճակներու թիւը բազմացնել, այսպէս՝ Տէրունի դարձուց Զմիւռնիայի նման՝ Կարինը, Կարսը, Ախալցխան իրենց շրջանակներով։
Սիմէոն Կաթողիկոս աշխատեցաւ Մայր Աթոռի իրաւասութիւնը եւ թեմերը պահպանել ի՛նչպէս՝ Սսի, այսպէս նաեւ Աղթամարի եւ Աղուանից կաթողիկոսներու դէմ։
Սսի Միքայէլ Կաթողիկոսը (1737-1757 թթ.) երկու անգամ Պոլիս գացած էր Սուրբ Էջմիածնի մի քանի թեմերը գրաւելու նպատակով, բայց մերժուած էր Թագաւորական հրովարտակով։
- Աւելի լայն տեղեկութիւններ՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ» դեկտեմբեր 2, 2023, թիւին մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 23, 2025, Իսթանպուլ