ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՐ ՓՈՔՐ ՎԵՐԱՔԱՂ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս դարեր շարունակ ենթարկուած է «հալածանք»ի, որովհետեւ թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին թշնամին լաւապէս հասկցած է, որ Եկեղեցին հոգեւոր կեդրոն ըլլալու կողքին եւ գուցէ տեղ մը աւելի հայապահպանման, մշակոյթի եւ ինքնութեան կենսունակութեան աղբիւր եղած է:
Այնպէս ինչպէս այսօր, Հայաստանի մերօրեայ վարչապետ Փաշինեան կ՚ուզէ քանդել Եկեղեցին, նոյնպէս պատմութեան ընթացքին շատեր փորձեցին՝ սակայն յաջողեցան։ Այսօրուան մեր յօդուածի նիւթն է Պոլսոյ Պատրիարքարանը կործանելու փորձերն ու անոր արդիւնքները:
Մեր թուականէն մօտաւորապէս 115 տարիներ առաջ՝ 1909-1910 թուականներուն իշխանութիւններ փորձեցին որոշ «հնարք»ներով տկարացնել Պոլսոյ Պատրիարքարանը. այդ «հնարք»ներէն էին նիւթական հարուածն ու ժողովուրդին կախուածութիւնը բաժնել Պատրիարքարանէն. մտադրութիւնը հետեւեալն էր. անցեալին Պոլսոյ մէջ ապրող հայեր եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաներ կառավարական գործերու, անցագիր ունենալու եւ պետական այլ կառոյցներու հետ գործ ունենալու համար անհրաժեշտ էր Պատրիարքարանէն եւ կամ թաղային խորհուրդներու վկայութիւնն ու վաւերացումը։ Հայը անցագիր ունենալու համար պարտաւոր էր դիմել Պատրիարքարան, վաւերացում ստանալ եւ ապա դիմել կառավարութեան եւ բնականաբար այս մէկը պատրիարքութեան համար նիւթաբեր միջոց մըն էր. հայեր նոյնիսկ հողի առուծախի համար պարտաւոր էին ունենալ թաղային խորհուրդի համաձայնութիւնը եւ բնականաբար այս ծառայութիւնները կը մատուցուէին որոշ գումարի մը դիմաց: Իշխանութեան առաջին հարուածը եղաւ այս գործողութիւններուն այնպիսի ընթացք մը տալ, որ անցագիր ունենալու եւ միւս ծառայութիւններէն օգտուելու համար թաղային խորհուրդ եւ կամ Պատրիարքարան այցելելու պարտաւորութիւնը չունենան:
Անցագիրի կողքին ժամանակ մը ետք հողի առուծախի համար թաղական խորհուրդի վաւերացումի պարագան վերցուց եւ այսպիսով պատրիարքութեան նիւթաբեր հիմնական երկու աղբիւրները կանգ առին։ Անշուշտ, այստեղ նպատակը միայն նիւթական աղբիւրներու վերացումը չէ. այսպիսով հայեր շատ աւելի քիչ պիտի դիմէին Պատրիարքարան։ Ժողովուրդի առօրեայ խնդիրներով զբաղող Պատրիարքարանը պիտի դադրէր իր այդ պարտականութենէն եւ հետեւաբար մարդիկ այդտեղ այցելելու պարտաւորութիւնը պիտի չունենային եւ այսպիսով Պատրիարքութիւնը թէ՛ նիւթապէս խոցուած եւ թէ ժողովուրդէն հեռու ստիպուած պիտի ըլլար լոկ հոգեւոր հարցերով զբաղելու:
Անշուշտ, իշխանութիւններու այս քաղաքականութիւնը ձեւով մը յարձակում էր հայ համայնքի ինքնավարութեան վրայ, որովհետեւ Պատրիարքարանը ո՛չ միայն հոգեւոր կեդրոն, այլ քաղաքական-իրաւական կեանքի կարգաւորողն էր, միջնորդ՝ պետութեան եւ հայ համայնքին միջեւ: Նպատակը պարզ էր. թուլացնել համայնքային կառոյցները, տնտեսապէս անպաշտպան դարձնել եւ կտրել իշխանութիւն-ժողովուրդ կապը:
Անշուշտ, պատմութիւնը փաստեց, որ հայ ժողովուրդը իր կապը երբեք չկտրեց իր եկեղեցիին հետ. նման հալածանք փորձեցին Խորհրդային Միութեան ղեկավարները, նոյնը կը փորձէ մերօրեայ իշխանութիւնը, սակայն, պատմութիւնը կը փաստէ, որ հայ ժողովուրդը իր եկեղեցւոյ հետ կապը հոգեւորէն անդին մակարդակի մը հասցնելով դժուար է ժողովուրդը հեռացնել եկեղեցիէն: Համաշխարհայնացման քաղաքականութիւնը այն կը պահանջէ, որ ժողովուրդ մը, ազգ մը դիտուի որպէս մարդ եւ ո՛չ թէ «պիտակաւորուի» կրօնական պատկանելիութեամբ եւ մերօրեայ իշխանութիւններն ալ այդ գծով կ՚աշխատին եկեղեցին «անգործ»ութեան մատնել: Այսօր հոգեւորականներ կը ձերբակալուին. անցեալին ալ վանքեր ու եկեղեցիներ կը քանդուէին. անցեալին ալ բազմաթի՜ւ եկեղեցականներ աքսորի ենթարկուեցան, բազմաթիւ եկեղեցականներ նահատակուեցան, սակայն, այդ բոլորը չկրցաւ վերջ տալ եկեղեցւոյ գործունէութեան. այս բոլորը ժողովուրդին մէջ ստեղծեցին դիմադրողականութիւն. Խորհրդային Միութեան տարիներուն նոյնիսկ վերջ չգտան մկրտութիւնները, պսակադրութիւններն ու ծիսական աւանդութիւնները:
Եթէ մերօրեայ իշխանութիւնները կը հաւատան, որ նման քաղաքականութեամբ մը կրնան եկեղեցւոյ դէմ պայքարիլ, ապա թող լաւապէս կարդան պատմութիւնը եւ ականատես ըլլան, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին շատ աւելի դժուարին պայմաններու մէջ նոյնիսկ յաջողեցաւ իր գոյութիւնը պահպանել։ Մերօրեայ իշխանութեան քաղաքականութիւնը նորութիւն մը չէ՛ եկեղեցւոյ համար, որովհետեւ եկեղեցին կրցած է շատ աւելի ծանրերն ու դժուարները յաղթահարել. այս մէկը պարզապէս փոքր «վերաքաղ» մըն է իրեն համար:
Իշխանութիւններու բոլոր ժամանակներու յարձակումները՝ ըլլան բացայայտ թէ գաղտնի ձախողած են հիմնական պատճառով մը. եկեղեցին հայ ժողովուրդին համար հոգեւոր հաստատութիւն ըլլալէ անկախ եղած է անոր ինքնութեան սիւներէն մէկը եւ այդ մէկը քանդել՝ կարծուածին չափ այդքան ալ դիւրին չէ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Իշխանութիւնը կը պայքարի եկեղեցւոյ դէմ. ինչո՞ւ:
Պատասխան. Իշխանութիւնը կը պայքարի եկեղեցւոյ դէմ, որովհետեւ կ՚ուզէ պետական իշխանութեան ազդեցութիւնը զօրացնել եւ ձեռք ձգել ու վերահսկել հասարակութեան վրայ: Եկեղեցին կը հանդիսանայ գաղափարական ու բարոյական ուժ եւ յաճախ կրնայ հակադրուիլ իշխանական որոշումներուն կամ բացայայտօրէն կրնայ քննադատել անոնց գործունէութիւնը: Այս պայքարը ծնունդ կ՚առնէ այն մտահոգութենէն, որ եկեղեցին կրնայ ժողովուրդին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ, ինչ որ կրնայ խանգարել պետութեան քաղաքական ծրագիրները: Յաճախ իշխանութիւնները եկեղեցին կրնան տեսնել որպէս մրցակից եւ վտանգաւոր ուժ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան