ՔԱՀԱՆԱՆ՝ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻ՛Ւ
Սուրբ Գրիգոր Նազիանզանցի՝ Գրիգոր Աստուածաբան. (329/330-389/390 թթ.), կ՚ըսէ.
«Ուրիշները մաքրասրբելու համար՝ հա՛րկ է որ մարդ նախ ինքզինք մաքրասրբէ, ուրիշները ուսուցանելու համար հա՛րկ է նախ ինք ըլլայ ուսեալ։
«Հա՛րկ է ըլլալ լոյս՝ լուսաւորելու համար, մօտենալ Աստուծոյ՝ ուրիշները Անոր մօտեցնելու համար, սրբանալ՝ սրբացնելու համար, անոնց ձեռքէն բռնած՝ առաջնորդել եւ խրատել խոհականութեամբ։
«Ես գիտեմ թէ մենք ի՛նչպիսի մէկուն պաշտօնատարներն ենք, ի՛նչպիսի մակարդակի վրայ կը գտնուինք եւ ո՛վ է Ան՝ որուն կ՚ուղղուինք։ Ես կը ճանչնամ Աստուծոյ բարձրութիւնը եւ մարդուն տկարութիւնը, բայց նաեւ ո՛ւժը մարդուն։
«Ի՞նչպիսի մէկն է քահանան. ան պաշտպա՛նն է ճշմարտութեան, հրեշտակներուն հետ բարձր կը կանգնի, հրեշտակապետներուն հետ կը փառաբանէ, զոհերը եւ պատարագները դէպի երկնային խորան կը մատուցանէ, բաժնեկից է Քրիստոսի քահանայութեան, արարածը վերստին կը կաղապարէ, Աստուծոյ պատկերը կը վերահաստատէ անոր մէջ, կը վերստեղծէ զայն վերին աշխարհին համար, եւ ի՛նչ որ վսեմագոյն է՝ ինք ԱՍՏՈՒԱԾԱՑԱԾ է եւ ուրիշը կ՚աստուածացնէ»։
Արդարեւ, քահանա՛ն է, որ փրկչագործութիւնը կը շարունակէ երկրի վրայ։ Եթէ աշխարհի վրայ լա՛ւ հասկնային քահանան՝ մարդիկ պիտի մեռնէին՝ ո՛չ թէ սարսափէն, այլ՝ սէ՛րէն։
Քահանայութիւնը սէ՛րն է Յիսուսի սրտին։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ.
«Ամբարտաւան պաշտօնատարը սատանային հետ դասելու է։ Այսուհանդերձ Քրիստոսի պարգեւը անոր մէջ չէ սրբապղծուած։ Ինչ որ կը բխի անոր մէջէն՝ կը պահէ իր մաքրութիւնը, ինչ որ կ՚անցնի անոր մէջէն՝ կը մնայ վճիտ եւ կը հասնի մինչեւ բերրի հողը։ Արդարեւ, սուրբ խորհուրդին հոգեւոր զօրութիւնը նման է լոյսին. անով լուսաւորուողները, կ՚ընդունին զայն իր մաքրութեամբ, իսկ եթէ ան պիղծ էակներու մէջէն անցնի, դարձեալ չի՛ պղծուիր»։
Քանի որ ձեռնադրեալ պաշտօնատարին միջոցաւ Քրիստո՛ս է, որ ի վերջոյ փրկութիւնը կը գործէ եւ կը կատարէ, պաշտօնատարին անարժանութիւնը Քրիստոսի գործը չի խափաներ։
Ձեռնադրութեամբ՝ քահանան Սուրբ Հոգիին շնորհքովը եւ պարգեւովը կը լեցուի՝ որ քահանայութեան աստիճանին կը բարձրանայ։ Ան արժանի կ՚ըլլայ անմեղադիր կանգնելու Քրիստոսի Խորանին առջեւ՝ Անոր Արքայութեանը Աւետարանը հռչակելու, Անոր Խօսքին ճշմարտութեան պաշտամունքը կատարելու՝ Անոր ընծաներ եւ հոգեւոր զոհեր նուիրելու, ժողովուրդը վերստին «ծննդեան աւազան»ով վերածնանելու եւ վերանորոգելու, եւ Անոր երկրորդ գալստեան օրը՝ անձամբ Անոր ընդառաջ երթալու եւ իր կարգին հաւատարիմ մատակարարութեան վարձատրութիւնը Անոր անհո՜ւն բարութենէն ստանալու։
Եւ ըստ միոյն Աստուծոյ պատկերին ստեղծուած, բանաւոր միեւնոյն հոգիով օժտուած բոլոր մարդիկ ունին նոյն բնութիւնը, նոյն արժանապատուութիւնը եւ նոյն ծագո՛ւմը։ Գնուած Քրիստոսի զոհովը՝ քահանան եւ հաւատաւոր հաւատացեալներ բոլորը կոչուած են մասնակցելու աստուածային միեւնոյն երանութեան։ Ապա ուրեմն, բոլորը հաւասար արժանապատուութեան տէր են։
Հաւասարութիւնը մարդոց միջեւ կը յենու էապէս անոնց անձնական արժանապատուութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անկէ բխող իրաւունքներուն վրայ։ Արդարեւ, ամէն տեսակ խտրականութիւն՝ որ կը հայի անձին հիմնական իրաւունքներուն, կամ հիմնուած է սեռի, ցեղի, մորթի գոյնին, ընկերային կացութեան, լեզուի կամ կրօնի վրայ, պէ՛տք է զանցուի իբրեւ ներհակ Աստուծոյ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին։
Արժանապատուութեան առաջին եւ վերջին հայեցակէտը միշտ նոյն Ինքն Յիսուս Քրիստոսն է, որ է. «Ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 6)։ Քահանան եւ ընդհանրապէս Քրիստոսի հաւատացեալներ երբ հաւատքի աչքով դիտեն զԻնք, կրնան յուսալ, որ Ան իրենց մէջ Իր խոստումները պիտի իրականացնէ, իսկ իրենք ալ սիրելով զԻնք ա՛յն սիրով, որ Ինք սիրեց զիրենք, պիտի կատարեն գործերը՝ որ կը համապատասխանէ իրենց արժանապատուութեան։
Քահանան կ՚երաշխաւորէ, թէ սուրբ խորհուրդներուն մէջ Քրիստոս Ի՛նքն է, որ կը գործէ Սուրբ Հոգիով՝ Եկեղեցւոյ համար։ Ան զօդն է՝ որ ծիսարարքը կը կապէ առաքեալներուն խօսքին եւ գործին եւ անոնց միջոցով, սուրբ խորհուրդներուն ակնաղբիւր եւ նախահիմ Քրիստոսի խօսածին եւ գործածին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 24, 2025, Իսթանպուլ