ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԱՂՕԹՔ Է

Աշխատանքը աղօթք է՝ սրբութիւն, որովհետեւ աստուածատուր հրահանգ մըն է ան, ով որ կ՚աշխատի օգտակար կ՚ըլլայ իր շուրջիններուն։ Այս իմաստով մարդ երբ կ՚աշխատի՝ ո՛չ միայն իրեն համար, այլ կ՚աշխատի իր մերձաւորներուն համար։ Իսկ ասիկա Աստուծոյ ուրիշ մէկ պատուէրին կը համապատասխանէ՝ իրերու օգնական ըլլալ, որ է՝ իրերօգնութեան կոչում։

Աշխատութեան կ՚ընկերակցին համբերութիւնը եւ յարատեւութիւնը։

Յարատեւող մարդը կրնայ նկարագրով ազնիւ չըլլալ, սակայն պարզապէս իր աշխատանքը հետապնդելու յամառութիւն ունենալ։ Մինչդեռ համբերութիւնը հոգեկան խառնուածքի եւ դաստիարակութեամբ ստացուած կազմաւորման արդիւնք վիճակ մըն է։

Քանի որ աշխատանքը աղօթք է՝ աղօթքին պայքարին մէջ մարդ կոչուած է իր մէջ եւ իր շուրջը՝ աղօթքին մասին թիւր մտայղացումները դիմակալել։ Ոմանք աղօթքին մէջ կը տեսնեն հոգեխօսական պարզ գործողութիւն մը, ուրիշներ՝ ճիգ մը կեդրոնացումի, հասնելու համար «մտային պարապութիւն»ը։

Աղօթքը՝ Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու միջոցն է, ապա ուրեմն, աշխատանքն ալ Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու միջոց մըն է։

Մտքի սնափառութիւն արգելք է արդիւնալի աղօթքին եւ նաեւ աստուածահաճոյ աշխատանքին։ Արդարեւ, կան ոմանք, որոնք աղօթքը կը դասեն որոշ կեցուածքներու եւ ծիսական խօսքերու շարքին։ Շատ մը քրիստոնեաներու անգիտակիցին մէջ, աղօթելը զբաղում մըն է՝ որ անհաշտ եւ նոյնիսկ արգելք է իրենց բազմազբաղ վիճակին. ուստի եւ աղօթելու ժամանակ չունին։ Իսկ անոնք, որոնք աղօթքի ճամբով Աստուած կը փնտռեն, շուտով կը վհատին, կը յուսալքուին, որովհետեւ կ՚անգիտանան, թէ աղօթքը կու գայ նաեւ Սուրբ Հոգիէն եւ ո՛չ թէ միայն իրենցմէ։

Ուստի, պէտք է աղօթել ամբողջ սրտով եւ հոգիով՝ համեստ, խոնարհ եւ ներողամտութեան ոգիով։

Աղօթքի ժամանակ պէտք է մարդ դիմակալէ նաեւ «այս աշխարհի» մտայնութիւնները. Անոնք, որոնք կը թափանցէր իր մէջ, եթէ արթուն չըլլայ։ Այս իմաստով, մարդուն աղօթքին սովորական դժուարութիւնը իր մտացրումն է։ Ան կը պատահի բառերուն եւ անոնց իմաստին շուրջ, ձայնիւ աղօթքին պահուն կամ աւելի խորապէս՝ մարդուն աղօթած Աստուծոյ մասին։

«Մի՛շտ աղօթեցէ՛ք». (Ա ԹԵՍ. Ե 17), ինչ որ կը համապատասխանէ, միշտ աշխատեցէք բարեգործելով, քանի որ ամէն բարի աշխատանք, գործ աստուածահաճոյ է։ «Միշտ եւ ամէն առիթով գոհութիւն մատուցէ՛ք Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով». (ԵՓԵՍ. Ե 20), «Ապրեցէ՛ք աղօթքին եւ պաղատանքներուն մէջ, միշտ աղօթեցէ՛ք Հոգիով, անխոնջ հսկումով աղօթեցէ՛ք բոլոր սուրբերուն համար». (ԵՓԵՍ. Զ 18)։

«Մեզի չէ՛ հրամայուած աշխատիլ, հսկել եւ յարատեւօրէն ծոմ պահել, մինչդեռ մեզի համար օրէ՛նք է անդադար աղօթել», կ՚ըսէ Եւագր Պոնտացի (345-399)։

Այս անխոնջ եռանդը կրնայ գալ միայն Սէրէն։ Մեր հոգեկան ծանրութեան եւ մեր ծուլութեան, անաշխատութեան դէմ, աղօթքին պայքարը՝ վստահող եւ յարատեւող խոնարհ «սիրոյ» պայքարն է։ Այս սէրը մեր սրտերը կը բանայ հաւատքի լուսաւոր եւ կենդանարար երեք ակներեւ իրողութիւններուն վրայ։

Աղօթելը՝ միշտ կարելի է, աղօթքը՝ կենսական անհրաժեշտութիւն մըն է եւ, վերջապէս, աղօթքը եւ քրիստոնեայ կեանք՝ անբաժանելի են իրարմէ, քանի որ անոնք կախում ունին նո՛յն սէրէն եւ այն անձնուրացութենէն՝ որ սէրէն կը բխի։

Որոգինէսի համաձայն. «Ան որ կը միացնէ աղօթքը գործերուն եւ գործերն աղօթքին, միշտ կ՚աղօթէ։ Միայն այսպէս մեզի համար գործադրելի կը դառնայ անդադար աղօթելու սկզբունքը»։

Հարկ է մի՛շտ աղօթել առանց յոգնելու՝ հաւատքի համբերութեամբ։

Համբերութիւնը Սուրբ Հոգիին պտուղն է։

«Հոգին մեր կեանքն է». որքան աւելի մեր անձէն հրաժարինք. (ՄԱՏԹ. ԺԶ 24-26), այնքան աւելի՛ Հոգիով կ՚ընթանանք։

Աշխատանքն ալ պէտք է ըլլայ համբերութեամբ. աշխատանքի նպատակը եւս կարեւոր կը նկատուի անոր թողելիք բարի համբաւին համար։ Մարդիկ իրենց մահէն ետք իսկ կ՚անմահանան իրենց կատարած դրական, օգտաշատ եւ բարի աշխատանքին համար։ Ուրեմն, այն համբաւը՝ որ աշխատանքը եւ զայն իրագործողը պիտի վաստակի, կրնայ ի սկզբանէ ի յայտ գալ, անոր ունեցած նպատկին ճամբով…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 25, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 27, 2025