ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ՀԻՄՆԱՐԿ»Ն ՈՒ ՔԱՂԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐԸ

Հակառակ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան յայտարարութիւններուն ու հերքումներուն՝ կայ իրականութիւն մը. Հայաստանի բանտերը լեցուն են քաղաքական բանտարկեալներով՝ որոնց թիւը օրէ օր աճ կ՚արձանագրէ։ Իշխանութիւնները իրենց «հանգիստ»ը ապահովելու, իրենց աթոռներու գոյութիւնը պահպանելու համար ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի անխօսութեան մատնեն զիրենք քննադատողները: Անշուշտ, շատեր համաձայն չեն այս կարծիքին եւ որպէս «փաստ» կը փորձեն մատնանշել ընդդիմութիւնը՝ որ իրականութեան մէջ ընդդիմութիւն ըլլալէ աւելի պարզ «աղմուկ» մըն է, որ ձեւականօրէն վլվլուկ մը կը ստեղծէ՝ քաղաքական այդ բացը լրացնելու համար: 

Անհերքելի փաստ է, որ Հայաստանի դատական համակարգը՝ որ սկզբունքով արդարութիւն հաստատելու համար գոյութիւն ունի, իրականութեան մէջ շա՜տ հեռու է իր «սկզբունքներէն», որովհետեւ մեր օրերուն Հայաստանի մէջ դատական որոշումները փաստերու հիման վրայ չի՛ գոյանար։ Փաստի փոխարէն բաւարար է վերին մարմինի «ցանկութիւն»ը. վերջապէս Հայաստանի վարչապետը ի՛նք արտայայտուած էր ըսելով. «Հայաստանի մէջ կա՞յ դատաւոր, որ վարչապետի ըսածը չկատարէ»։ Եթէ դատաւորը օրէնքներուն փոխարէն վարչապետին «կամք»ն է, որ կը կատարէ, ապա նման երկիրի մը մէջ արդարութիւն փնտռելը անբանին հայերէն սորվեցնելու համազօր բան մը կը դառնայ: 

Քաղաքականութիւնը տարօրինակ բան մըն է. իշխանութիւնները կ՚ընտրուին ժողովուրդին կողմէ՝ ժողովուրդին ծառայելու համար, սակայն, տարօրինակ ձեւով ժողովուրդն է, որ այսպէս կամ այնպէս իրենց կը ծառայէ։ Պետութեան ողնաշարը հանդիսացող արդարադատութիւնը եւս կամակատարը կը դառնայ պետութեան, երբ արդարութիւնը «պատուէր»ի կը վերածուի եւ ժողովուրդին ծառայելու կոչուած կառոյցները կը սկսին պետութեան ծառայել՝ քաղաքական բանտարկեալ ունենալը այնքան ալ զարմանալի պէտք չէ թուի: Յայտնի մտաւորական մը կ՚ըսէ. «Երբ արդարադատութիւնը կախուած է գործադիր իշխանութենէն, ապա ազատութիւն գոյութիւն չունի»։ Այս բոլորի լոյսին տակ կարեւոր հարցադրում մըն է հետեւեալը. Հայաստանի մէջ կա՞յ խօսքի ազատութիւն. շատեր գուցէ այո՛, ըսեն, սակայն, այդ ազատութիւնը եւս ունի սահմանափակում մը եւ սահմանափակուած ազատութիւն մը ազատութիւն ըլլալէ կը դադրի: Մեծ փիլիսոփայ Արիստոտել իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Օրէնքը պէտք է իշխէ եւ ո՛չ թէ մարդիկ»։ Հայաստանի մէջ պետութիւնը ի՛նք օրէնք դարձած է. վկայ սահմանադրութեան դէմ գործող ներկայ համակարգը, վկայ օրէնքը խեղաթիւրող ներկայ իշխանութիւնը: 

Սակայն ըսենք, որ հայ ժողովուրդին համար այս մէկը երբեք զարմանալի ու տարօրինակ պէտք չէ թուի. ներկայ իշխանութեան մտածելակերպն ու Հայաստանի արդարադատութեան վիճակը հասկնալու համար բաւարար է կարդալ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրատարակած «Երկրի հակառակ կողմը» աշխատութիւնը: Եթէ այդ գիրքը արտացոլացումն է վարչապետի համոզումներուն, ապա քաղաքական բանտարկեալ ունենալն ու արդարադատութենէ հեռու ըլլալու ներկայ փաստը պէտք չէ տարօրինակ թուի: 

Նիկոլ Փաշինեան իր աշխատութեան 9-րդ կէտին մէջ՝ «Մահապատիժ Վիեննայում» խորագրեալ գրութեան տակ կը գրէ «Եոզեֆը»ի ձերբակալութեան եւ դատական ընթացքին մասին։ Եոզեֆը առտու մը կ՚արթննայ եւ կը տեսնէ, թէ սենեակին մէջ մարդ մը գիրք կը կարդայ։ Եոզեֆ զարմացած կ՚ուզէ հասկնալ, թէ անծանօթը ինչ լիազօրութեամբ կը գտնուէր այդտեղ. անծանօթը կը տեղեկացնէ, թէ Եոզեֆ ձերբակալուած է: Առնելով զինք կը տանին «հիմնարկ»։ Անկողինէն նոր դուրս եկած Եոզեֆը կը տանին դատարան եւ կը նստեցնեն մեղադրեալի աթոռին՝ ինն դատաւորներու դիմաց: Դատաւորներէն մին կը տեղեկացնէ, թէ Եոզեֆ մեղք գործած է եւ ճանչցուած է որպէս յանցագործ։ Եոզեֆ որպէս արդար իրաւունք կ՚ուզէ գիտնալ իր «մեղք»ը եւ զարմացած կ՚ըսէ. «Ես ոչ մէկ յանցանք գործած եմ»։ Փաշինեանի բառերով՝ բոլոր դատաւորները կը սկսին խնդալ եւ բոլորը՝ ներառեալ ներկաները կը սկսին փորերնին բռնած խնդալ. անոնցմէ մին մինչեւ իսկ 10 վայրկեան կը խնդայ. պահ մը ետք լրջանալով դատաւորները կ՚ըսեն. «Ձեր մեղադրանքը դեռ ձեւակերպուած չէ. ձեւակերպման փուլի մէջ է». այլ խօսքով՝ Եոզեֆ ձերբակալւած է առանց հիմնական մեղադրանքի, որովհետեւ ներկայ Հայաստանի մէջ եւս անձը կը ձերբակալեն՝ ապա մեղադրանքը կը բանահիւսեն, որովհետեւ ձերբակալութեան հիմնական պատճառը մեղադրանքը չէ՝ այլ ցանկութիւնը, որուն համար շա՜տ դիւրին է մեղադրանք մը յօրինելը: 

Եոզեֆ կը պնդէ եւ կ՚ուզէ իր մեղքերը գիտնալ.- դատաւորները բան մը ըսելու սիրոյն 865-րդ, 306-րդ, 212-րդ, 224-րդ յօդուածներու թիւերը կու տան՝ սակայն, կ՚ըսեն, թէ չեն կրնար տակաւին ըսել, թէ ինչի՛ մասին են այդ յօդուածները: 

Եոզեֆ կ՚ուզէ արդարութիւն գտնել եւ հիմնարկին որոշումը խափանել։ Անձ մը խորհուրդ կու տայ, որպէսզի դիմէ իրաւապաշտպաններուն, ոստիկանութեան, մամուլին... Եոզեֆ կ՚ըսէ. «Փաստաբանս խորհուրդ չտուաւ. այդ մէկը չի կրնար օգնել, պարզապէս աւելի կը զայրացնէ հիմնարկը»։ Ներկայ Հայաստանի մէջ «հիմնարկ»ը նեղացնողները արդէն իսկ բանտերու մէջ են՝ նոյնիսկ առանց հիմնական պատճառներու: 

Հայաստանի ներկայ վիճակը գրուած է այդտեղ... պարզապէս պէտք է կարդալ:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Անկախութեան պահանջն առաջադրողը մեր օրերու սերունդը չէ, այլ հազարամեայ մեր պատմութիւնը: Մենք աւանդապահներ ենք լոկ անկախութեան այն անդիմադրելի ու մշտանորոգ ձգտումին, զոր մեր ժողովուրդը երեւան բերած է տակաւին Ուրարտական թագաւորութեան հիմնումի ժամանակներէն մինչեւ իր վերջնական կազմաւորումը իրբեւ ազգ, մինչեւ իր յարումը քրիստոնէութեան՝ ուրոյն եկեղեցիով, մինչեւ Կիլիկեան իշխանութիւնը՝ անկախութեան խորտակումէն յետոյ, ու նաեւ մինչեւ վերջին յիսնամեակի մեր ազատագրական կռիւները եւ անոնց արդարացումն ու պսակումը 1918 մայիս 28-ը:

ՕՆՆԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 28, 2026