Ս. ՊՕՂԻԿԱՐՊՈՍ ԶՄԻՒՌՆԻԱՑԻ (70-166 ԹԹ.)

Եկեղեցւոյ հայր՝ Զմիւռնիացի (Իզմիր) եպիսկոպոս, Յովհաննէս առաքեալի աշակերտ՝ համաքրիստոնէական սուրբ։ Ա. դարու այս մեծ եկեղեցական Հայրապետի մասին շատ քիչ ծանօթութիւններ հասած են մեզի։

Այս ուղղութեամբ, եթէ իրեն եւ Իգնատիոս եպիսկոպոսին միջեւ փոխանակուած մագաղաթեայ նամակներն ալ չխնայուէին, գրեթէ ոչինչ պիտի գիտնայինք անոր կեանքին եւ գործունէութեան շուրջ։ Ուստի, Ս. Պօղիկարպոս, առաքեալներու ժամանակակից հայրապետ մըն էր՝ աստուածաբան եւ մօտէն ծանօթ առաքեալներու շրջանակին, մանաւանդ՝ Յովհաննէս առաքեալի։ Իգնատիոս Անտիոքացիին պէս՝ սա ալ ո՛չ միայն առաքելական դաստիարակութիւն՝ այլ նաեւ ձեռնադրութիւն ստանալով, հաւանաբար Պօղոս առաքեալի ձեռքով եպիսկոպոս եւ քարոզիչ կարգուած էր Զմիւռնիոյ Եկեղեցիին՝ 107-117 թուականներուն։

Ս. Պօղիկարպոսի ծննդեան թուականն ալ մասամբ անյայտ է։ Բայց քանի որ իր մարտիրոսութեան թուականը կը գիտցուի, զոր տեղի է ունեցած 166-ին, ուրեմն թուաբանական փոքրիկ հաշիւով մը կարելի է ապահովապէս ըսել, թէ ան ծնած էր 70 թուականին։ Այս թուականը՝ ճիշդ այն տարին, երբ Հռոմի Տիտոս կայսրը ահեղ բանակի մը գլուխը անցած՝ ասպատակեց Պաղեստինի սահմանները եւ Երուսաղէմն ու Տաճարը հիմնայատակ աւերելէ վերջ՝ յաղթականօրէն վերադարձաւ Հռոմ։

Դարձեալ, փոխանակուած թղթակցութիւններէն կը հասկցուի, որ Ս. Պօղիկարպոս շատ հարուստ կալուածատէրի մը զաւակն էր։ Թէ՛ Զմիւռնիոյ եւ թէ շրջակայքի շատ մը հողերը իր հօրը սեփականութիւնն էին։

Զարմանալի է տեսնել, թէ ի՞նչ շարժառիթով այս «հեթանոս» ազնուականին որդին քրիստոնեայ դարձաւ։ Ենթադրելի է, թէ արդեօք իր ծնողքը քրիստոնեա՞յ էին. կասկածելի է եւ անորոշ։ Բայց պատմական տուեալներ ցոյց կու տան, թէ Ս. Պօղիկարպոսի քրիստոնէութիւնը ժառանգական չէր, այլ՝ ստացակա՛ն, անձնական կոչումով։ Սա յայտնի է, որ ան իր քրիստոնէական համոզումը ստացաւ Յովհաննէս առաքեալէն։

Եփեսոսի Եկեղեցիէն վերջ՝ Զմիւռնիոյ Եկեղեցին կարեւոր դիրք մը գրաւած էր այն ատենները Փոքր Ասիոյ մէջ։ Այս Եկեղեցւոյ հաստատումը եւ կազմակերպութիւնը կը վերագրուի Պօղոս առաքեալի՝ ինչ որ կը հաստատէ Սուրբ Գիրքը։

Ս. Պօղիկարպոսէն առաջ Զմիւռնիոյ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը Պիւկողէս եպիսկոպոսն էր, եւ այս եպիսկոպոսին ձեռքով Ս. Պօղիկարպոս ստացաւ եկեղեցական աստիճաններ։ Ապա, Յովհաննէս առաքեալի կողմէ ձեռնադրուելով՝ ստանձնեց Զմիւռնիոյ եւ շրջակայքի հովուութիւնը եւ առաջնորդութիւնը։

Կարելի է կարծել, թէ Յայտնութեան Գրքին. «Զմիւռնիայի եկեղեցիին հրեշտակին գրէ.- Այսպէս կ՚ըսէ Առաջինը եւ Վերջինը, ան՝ որ մեռաւ եւ վերակենդանացաւ.- Գիտեմ քու գործերդ, նեղութիւնդ եւ աղքատութիւնդ։ Աղքատ կ՚երեւիս, բայց հարուստ ես դուն։ Գիտեմ անարգական խօսքերը, որ կ՚ըսեն անոնք՝ որոնք իրենք զիրենք Հրեայ կը նկատեն եւ սակայն չեն, անոնք Սատանայի հետեւորդներ են։ Մի՛ վախնար այն չարչարանքներուն համար՝ որ պիտի կրես։ Ահա բանսարկուն ձեզմէ ոմանք բանտ պիտի նետէ՝ ձեզ փորձելու համար, եւ ձեր նեղութիւնը տասը օր պիտի տեւէ։ Հաւատարիմ եղիր ինծի, նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք է, եւ ես քեզի կեանքի պսակը պիտի տամ». (ՅՈՅՏ. Բ 8-10), խօքը կը վերաբերի Ս. Պօղիկարպոսի, քանի որ այդ Եկեղեցւոյ «հրեշտակ»ը այն շրջանին ա՛ն էր…

Ան մնաց իր Աթոռը մինչեւ Մարկոս Աւրելիոսի եւ Լուկիոս Վերոսի հալածանքները։ Այդ միջոցին է, ահաւասիկ, որ Փոքր Ասիոյ մէջ նահատակուեցան շատեր՝ որոնց հետ նաեւ տասներկու Փիլատելփացիներ՝ որոնք Զմիւռնիա եկած էին եւ կը կոչուէին «Արեւելեան վկաներ». ասոնց մէջ ամենէն նշանաւորն էր Ս. Գերմանիկոս երիտասարդը, որ երբ գազաններու առջեւ նետուեցաւ, ինք զանոնք իրեն կը կանչէր ձեռքերով։ Անոնց վրայ է որ իբրեւ տասներեքերորդ կ՚աւելնայ Ս. Պօղիկարպոս, որ տեսիլքի մէջ իմանալով, թէ խնդրակ հանուած է իրեն համար, ինքը անձամբ ընդ առաջ երթալով ինքնամատոյց եղաւ անոնց, եւ ատեան ներկայանալով, յետ քննութեան ինքնին ընդունեց հրկէզ մահուան իր վճիռը, եւ ի վերջոյ մեռաւ սուրով խոցուելով։

Քրիստոնէական մատենագրութեան մէջ իր իսկ գրիչէն կը մնայ նամակ մը՝ զոր Փռիւգիացիներուն ուղղեց, Իգնատիոս Հայրապետէն իրեն ուղղուած նամակներուն հետ՝ զորս անոնք ուզած էին իրմէ։

Ուստի, Հռոմի մէջ, Ս. Պօղիկարպոս խնայուեցաւ նահատակութենէ, սակայն Զմիւռնիոյ մէջ՝ ո՛չ։ Ան իր աղօթքը փայտէ դէզին վրայ սապէս վերջացուց. «Տէ՛ր, մարմինս կրակին, բայց հոգիս Քեզի կը յանձնեմ։ Ընդունէ զիս Քու սուրբ նահատակներուն դասուն մէջ։ Ամէն»։

Ս. Պօղիկարպոս, նախքան իր աղօթքը կ՚ըսէր զինք չարչարողներուն. «Ինչպէ՞ս կրնամ ուրանալ մէկը՝ որուն 86 երկար տարիներ ծառայած եմ»։

«Պօղիկարպոս» (Polycarpe)՝ յունարէն լեզուով կը նշանակէ. «պտղատու», շատ պտուղ տուող, արգասաբեր։ Ուստի, Ս. Պօղիկարպոս իր անուան նշանակութիւնը արդարացուց՝ հաւատքի, անձնուրացութեան եւ բացարձակապէս, անսակարկ նուիրման մէջ իրապէ՛ս պտղատու եւ հոգեւոր ճոխ կեանք մը ապրելով։ Թո՛ղ այս սուրբին տիպարով, կեանքի մէջ՝ սուրբ, ծառայութեան մէջ՝ խանդավառ եւ մահուան մէջ՝ խիզախ հոգիով լեցուինք մենք հոգեւորականներս՝ ծառայելու համար Տէրոջ եւ իր ժողովուրդին՝ Անոր փառքին համար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 27, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունիս 28, 2025