ՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՄԻՏՔ՝ ՆՈՐ ՄԱՐԴ
«Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ի՛նչ որ բարի է, ընդունելի է իրեն եւ կատարեալ». (ՀՌՈՎՄ. ԺԲ 2)։ Այսպէս կը պատուիրէ Պօղոս առաքեալ Հռովմայեցիներու գրած իր նամակին մէջ։ Այս նամակին մէջ երբ կ՚ըսէ. «Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք…», ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ. արդեօք աշխարհի ձե՞ւը առնել, թէ աշխարհի մարդոց ապրելակերպին նման գործել, եւ կամ աշխարհի մարդոց խորհելակերպին հետեւիլ։ Մէկ խօսքով՝ ի՞նչ կերպով կերպարանաւորուիլ։ Ահաւասիկ, ա՛յս է հարցը։
Երբ կ՚ուզենք Աստուծոյ Խօսքը իմանալ եւ աւելի՛ լաւ ըմբռնել, կարեւոր սկզբունք մը կայ՝ որ պէտք է ի մտի ունենալ։ Սա յստակ է, որ Աստուածաշունչ մատեանին հեղինակը՝ Աստուած Ի՛նքն է։ Եւ երբ Աստուծոյ Խօսքին մէջ խորհուրդ մը կայ, այդ ճշմարտութեան իմաստը Սուրբ Գիրքի սկիզբէն մինչեւ վերջը նո՛յնն է։
Այս մասին սկզբունքը հետեւեալն է. երբ Աստուծոյ Խօսքը պիտի բացատրենք, կարեւո՛ր է որ այդ նիւթին հետ կապ ունեցող Աստուծոյ Խօսքին մէջ գրուած զանազան հատուածները աչքէ անցընենք, որպէսզի հասկնանք այդ խորհուրդին բո՛ւն իսկ իմաստը։ Ուստի, եթէ Աստուծոյ Խօսքէն միայն մէկ համար առնենք եւ փորձենք հասկնալ, երբեմն հաւանական է, անձնական տրամաբանութեամբ սխալ մեկնաբանել զայն։ Իրօք, ասիկա ամէն խօսքի մեկնաբանութեան ընդհանուր սկզբունք մըն է, տառացի մեկնաբանութիւն եւ խորաթափանց, խորազնին եւ մտովի մեկնաբանութիւն կը զանազանուին այս կէտին, եւ մանաւանդ իրաւաբանական-օրէնքներու եւ տուեալ կանոններու մեկնաբանութեան մէջ։
Շատ անգամ զանազան սխալ ուսուցումներ եւ սխալ վիճակներ արդիւնաբերուած են այս ընդհանուր սկզբունքին չհետեւելու պատճառով։
Այս առթիւ, Հին կտակարանի մէջ՝ Ղեւտացիներու գիրքին Ի գլխուն մէջ այս նիւթին վերաբերեալ պատուէր մը կը գտնուի։
Յայտնի է, որ Իսրայէլի ժողովուրդը Եգիպտոս ապրեցան երկար տարիներ եւ յետոյ Աստուած զիրենք Եգիպտոսէն հանեց Քանանու երկիրը բերաւ։ Երբ Քանանու երկիրը կը մտնէին՝ իրենց յստակ պատուէրներ տուաւ, թէ ինչ բաներէ պէտք էր զգուշանային. «Պիտի չքալէք այն ազգերուն սովորութիւններովը՝ զորոնք ձեր առջեւէն պիտի վռնտեմ». (ՂԵՒՏ. Ի 23)։ Եւ ասիկա կը համապատասխանէ. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքով». (ՀՌՈՎ. ԺԲ 2) պատուէրին։ Այս երկու Խօսքը յստակ իրարու հետ կապ ունին, քանի որ նոյն Տէրոջմէն՝ Աստուծմէ յստակ պատուէր մը կու գայ մեզի։ Ուստի, ամբողջ Սուրբ Գիրքը կարդալով է, որ մենք կրնանք իմաստը եւ խորհուրդը մեկնաբանել եւ հասկնալ։
Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ի՛նչ որ աշխարհի մէջ է». (Ա ՅՈՎՀ. Բ 12)։ Եւ երբ կ՚ըսէ. «Մի՛ սիրէք աշխարհը», ըսել կ՚ուզէ, թէ պէտք է հեռու մնալ՝ մարմնի ցանկութենէ, աչքի ցանկութենէ եւ կեանքի ամբարտաւանութենէ։ Քանի որ եթէ մարդ աշխարհը սիրէ, անոր մէջ Աստուծոյ սէր գոյութիւն չունի, որովհետեւ մարդ միեւնոյն ժամանակ երկու տիրոջ չի կրնար ծառայել։ Այսինքն ան, որ Աստուծոյ սէրը իր մէջ ունի, աշխարհը չի սիրեր, ուրիշ խօսքով՝ ինչ որ աշխարհի մէջ է, մարմնի ցանկութիւն, աչքի ցանկութիւն եւ կեանքի ամբարտաւանութիւն չի սիրեր։
Տարիներու ընթացքին շատ բաներ կը փոխուին, գիտութիւնը յառաջանալով շատ բաներ փոխուած են։ Եւ այս պատճառով, մարդկութիւնը հասած է բարձր քաղաքակրթութեան։
Մարդոց ապրելակերպը, սովորութիւնները թէեւ փոխուած են, բայց մարդուն ներաշխարհը, մարդուն բնութիւնը, բնաւորութեան հիմնական-էական յատկութիւնները իր ստեղծուելէն ի վեր փոխուած չեն։ Մարդը նոյն «մարդ»ն է, ինչպէս մանուկ մը երբ տարի՜ներ վերջ հասուն եւ տարեց մարդ դառնայ՝ ինքնութեամբ նոյն մարդն է։ Եւ եթէ մարդուն ներաշխարհը քննենք, բնութեան նայինք, պիտի տեսնենք, որ մարդը փոխուած չէ՛։ Ճիշդ է, որ շատ բաներ, էութիւններ եւ պարագաներ կը փոխուին, ինչ որ բնական ընթացք մըն է արտաքնապէս, սակայն մարդու էական-իսկական բնութիւնը չի՛ փոխուիր…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 2, 2026, Իսթանպուլ