ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ ՄԱՏԵԱՆԻ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Աստուածաշունչ մատեանի գիրքերու հեղինակները զանազան աստիճանի կրթութիւն ունէին եւ զանազան կարգի կը վերաբերէին։ Ոմանք օրէնսդիր եւ օրէնսգէտ էին, ինչպէս Մովսէս. ուրիշներ՝ սաղմոսերգու եւ բանաստեղծ, ինչպէս Դաւիթ եւ Սողոմոն. ոմանք՝ զօրավար, ինչպէս Յեսու, ոմանք՝ քահանայ, ինչպէս Եզրաս, ուրիշներ՝ հովիւ, ինչպէս Ամովս, տէրութեան պաշտօնեայ՝ ինչպէս Դանիէլ, գրագէտ՝ ինչպէս Պօղոս, կամ ձկնորս եւ «տգէտ եւ առանց ուսումի մարդիկ»՝ ինչպէս Պետրոս եւ Յովհաննէս։

Ասոնցմէ ոմանք մարգարէութիւն գրեցին, ոմանք՝ պատմութիւն, ինչպէս աւետարանիչներ, իսկ ուրիշներ՝ նամակներ, ինչպէս Պօղոս եւ ուրիշ քանի մը առաքեալներ՝ Յակոբոս, Պետրոս, Յովհաննէս, Յուդա։

Սուրբ Գիրքի զանազան գիրքերը գրուած են տարբեր տարբեր ժամանակներու մէջ։

Առաջին հեղինակը՝ Մովսէս 900 տարի առաջ էր, քան Յունաստանի եւ Ասիոյ պատմութեան մէջ ամենէն հին իմաստասէրները, Թալէսի, Բիւթակորի եւ Կոմփուկիոսի ժամանակը, իսկ 1500 տարուան միջոց մը կայ Մովսէսի ժամանակէն մինչեւ Սուրբ Գիրքի վերջին հեղինակը՝ Յովհաննէս։

Դարձեալ, գիրքերը գրուած են այլ եւ այլ տեղեր. Արաբիոյ աւազուտ կողմերը, Հրէաստանի անապատներուն մէջ, Տաճարին սրահներուն մէջ, մարգարէներուն դպրոցներուն մէջ՝ Բեթել եւ Երիքով, եւ Բաբելոնի պալատներուն մէջ, Ասորեստանի Գովբան գետի եզերքը եւ արեւմտեան ազգերու զանազան քաղաքներուն մէջ։ Խօսքի ձեւերը եւ բացատրութիւնը առնուած են տարբեր պարագաներէ եւ սովորութիւններէ ու տարբեր են թէ՛ իրարմէ եւ թէ ժամանակակից ձեւերէն։

Աստուածաշունչ մատեանին մէջ կա՛ն գիրքեր, ինչպէս՝ Եսայի եւ Նաւում մարգարէներուն գիրքերը՝ որոնք բոլորովին կամ ըստ մասին հեթանոսներու վերաբերութիւն ունին. կան նաեւ՝ որ հրեաներու միայն ուղղուած են։

Մատթէոսի Աւետարանը հրէութենէ դարձողներուն համար էր, Ղուկասի Աւետարանը հեթանոսներու համար էր։

Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներու գրած Ա. եւ Բ. նամակները ուղղուած են այնպիսի մարդոց, որոնք քիչ կ՚ակնածէին իշխանութենէ եւ կ՚ուզէին ըլլալ «ըստ կարելւոյն քիչ կապերու տակ»։ Գաղատացիներու գրուած նամակը ուղղուած է այնպիսիներու՝ որոնք կը ջանային նուաճել քրիստոնեաները Ղեւտական օրէնքներու ծառայութեան ներքեւ։ Իսկ Հռովմայեցիներու ուղղուած նամակին մեծ մասը գրուած է այնպիսիներուն, որոնք «փարիսեցաբար» արդար կը կարծէին իրենք զիրենք։ Յակոբի նամակը գրուած է «կեղծաւոր» եւ «գաղջ» քրիստոնեաներուն։

Սուրբ Գիրք ուսանելու ժամանակ, ուրեմն, պէտք է նկատի առնել բոլոր այս բաները, այսինքն՝ մատենագիրներու բնաւորութիւնը, ժամանակը, տեղը, պաշտօնը, անոնց կեանքի բոլոր պարագաները եւ թէ ի՛նչ նպատակաւ գրած են այն գիրքերը։ Նոյնպէս պէտք է նկատել այն մարդոց վիճակը կամ կացութիւնը՝ որոնց համար կը գրէին, որովհետեւ այս պարագաները ազդեցութիւն ըրած են եթէ ոչ Սուրբ Գիրքի իմաստին՝ գոնէ լեզուին, ոճին եւ իմաստներուն բացատրութեան վրայ։

Արդարեւ, Սուրբ Գիրքը խնամքով եւ զգուշութեամբ կարդալու եւ ուսանելու կարեւորութիւնը աւելի յայտնի՛ կը տեսնուի, եթէ դիտենք կրօնական եւ հոգեւոր ճշմարտութիւններու վերաբերեալ վերացեալ գաղափարներ մարդոց եւ մարդկային լեզուով հաղորդելու դժուարութիւնը։

Հոգեւոր բաներու վրայ խօսելու ժամանակ մարդիկ ընդհանրապէս կը գործածեն վերաբանութիւն կամ նմանութիւն։ Միտքերու եւ մտաւոր գործողութիւններու վերաբերեալ գաղափարներ այս կերպով միայն կրնան բացատրուիլ։ Մարդկային ցեղերու «տղայութեան» ժամանակ գրեթէ միշտ գործածուած է այս «այլաբանական» լեզուն՝ հասարակ իրողութիւններ եւ իրեր իսկ այլաբանական բառերու օգնութեամբ նկարագրուած կը գտնուին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 15, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2025