ՆԱՒԱՍԱՐԴ
Ուրիշ ժողովուրդներու նման՝ հայերն ալ, իրենց պատմութեան հետագայ փուլերուն, «Նոր տարի» հասկացողութիւնը, բնութեան շրջանակաձեւ հոլովոյթի կամ անոր կրկնման սկիզբը կապուած են բերքի հասունացման, բերքահաւաքի հետ եւ այն կը տեղափոխեն Աւելեաց ամիսէն (13-րդ՝ լրացուցիչ ամիս, որ կը սկսի օգոստոս 6-ին եւ կը վերջանայ օգոստոս 10-ին՝ 5 օր) անմիջապէս ետք՝ օգոստոսի 11-ը ըստ Յովհաննէս Սարկաւագի կազմած անշարժ տոմարի։
Արդարեւ, այս ուղղութեամբ, «Նոր տարի»ն կը սկսի ո՛չ թէ Ամանորէն (մարտի վերջերէն՝ 25-31), այլ Նաւասարդէն՝ օգոստոս 11-էն։ Ամանորը կը դառնայ Նաւասարդ։ Նոր տարուայ առաջին օրը կը կորանցնէ իր բուն հայկական «ամանոր» անուանումը եւ փոխարէնը կը ստանայ իրական «նաւա» (=նոր) եւ «սարդ» (=տարի) բառերէն կազմուած «Նաւասարդ» անուանումը, կամ ալ հին հնդկերէն՝ «Նաւասարատա» կոչումը։
Այս կարեւոր ապացոյց մըն է պնդելու, թէ «Ամանոր»ը շատ աւելի հին ծագում եւ պատմութիւն ունի քան «Նաւասարդ»ը։
Ամանորի, Վանատուրի, Բարեկենդանի եւ Աստղիկի հետ կապուած շատ հասկացութիւններ, ծէսեր, պաշտամունքային ձեւեր, ծիսակատարութիւններ արդէն կը վերագրուին Նաւասարդին եւ կը դառնան անոր տօնակատարութեան բաղադրամասեր։ Այսպէս, զոր օրինակ, որոշ հեղինակներ կը գտնեն, որ «Նաւասարդ»ը Հայկի որդիներէն մէկուն անունն է՝ որ այդ տօնը կապուած է ջրհեղեղի ջուրերուն նուազեցման, Նոյի տապանի տաքացման եւ մարդոց այնտեղէն դուրս գալու հետ։ Անոնց կ՚աւելցուին թագաւորի, ազնուականութեան, քրմապետի եւ երկրի ռազմական ղեկավարութեան ներկայութեամբ կանոնաւորապէս կազմակերպուող համահայաստանեան մարզախաղերը, ռազմախաղերը, թատերախաղերը, գեղարուեստական հանդէսները եւ ժողովրդական այլ խմբային-հաւաքական եւ անհատական ժամանցային ներկայացումները։
Նաւասարդը ո՛չ միայն հայերու հեթանոսական շրջանի մեծագոյն համաժողովրդական տօնն էր, այլեւ համապետականը։
Նաւասարդի տօնակատարութեան նմանատիպ նշումով կարելի է բացատրել նաեւ այն իրողութիւնը՝ որ այդ օրերուն պաշտուեր են նաեւ հայկական դիցարանի շարք մը չաստուածներ՝ Հայկը, Արամազդը, Նար-Անահիտը, Աստղիկը։
Քրիստոնէական Հայաստանի մէջ Անահիտին նուիրուած պաշտամունքը եւ ծիսակատարումները, ըստ Մովսէս Խորենացիի եւ Ագաթանգեղոսի, վերամշակուելով փոխանցուած են Ս. Աստուածածնի տօնին. իսկ Աստղիկինը (կամ Վարդավառի տօնը)՝ «Տօն Պայծառակերպութեան Քրիստոսի»։ Մինչեւ 312 թուականի օգոստոս ամսի կէսերը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Տրդատ Գ.-ի ջանքերով հեթանոսական չաստուածներու քաղաքը՝ Բագարանը կործանուած էր, հեթանոսական տաճարներու փոխարէն սկսած էին բարձրանալ քրիստոնէական եկեղեցիներ, գրեթէ բոլոր հայ ժողովուրդը մկրտուած էր։ Եւ այսպէս՝ հայ ազգը վերածնուած եւ այլափոխուած էր։ Ան դարձած էր «Աստուծոյ ժողովուրդ»։
Այս արմատական շրջադարձը յաւերժացնելու եւ Հայ տօնացոյցի մէջ ամրապնդելու նպատակով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կարգադրեց Նաւասարդը փոխարինել Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնով։ Այսպիսով ամբողջ հայ հեթանոսական քաղաքակրթութիւնը հանգրուանեց քրիստոնէականի մէջ։ Հայ քրիստոնէութիւնը իր մէջ ներգրաւեց Հայկ նապապետէն սկսած անցեալի ժողովրդական պատմական-աւանդական արժէքները։
Այս կէտին, կ՚ուզենք անդրադառնալ այն հարցին, թէ նման հաւաքական դարձերու եւ վերանորոգումներու ատեն, ընկերահոգեբանական տեսակէտէ՝ անհատական դարձեր եւ վերանորոգումներ որքա՞ն կը համապատասխանեն հաւաքականին։ Վիճելի է ասիկա, քանի որ արտաքին վերանորոգման համընթաց կրնայ չըլլալ ներքին վերանորոգումը՝ մանաւանդ երբ նկատի առնուի մարդ արարածին ընդհանուր եւ սկզբնական բնաւորութիւնը՝ թերութիւնները եւ տկարութիւնները։ Չէ՞ք կարծեր, որ այսօրուան «մարդ»ուն մէջ տակաւին մնացած ըլլայ «հեթանոսական» ծինային հետքեր՝ որքան ալ ան անուանուի «քրիստոնեայ»։ Անկեղծ ըլլանք եւ խոստովանինք. որքան ալ հաւատացեալ, հաւատաւոր «քրիստոնեայ»ներ ըլլանք, ատեն ատեն կ՚արթցնենք մեր մէջ այդ «հեթանոսական» ջիղը՝ որուն փաստն է մեր կանխակալութիւնները եւ նախապաշարումները…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 29, 2025, Իսթանպուլ