ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…
«Սորվեցուր անոր հաւատալ իր գաղափարներուն, նոյնիսկ եթէ բոլորը ըսեն, որ սխալ են». վստահաբար Լինքըն այստեղ ըսել չ՚ուզեր, որ ան սխալ գաղափարներու կողմնակից թող ըլլայ, այլ կ՚ուզէ շեշտել, որ իր զաւակը քարացած ու հաստատուած գաղափարներու կոյր հետեւորդը չըլլայ, այլ ունենայ իր սեփական գաղափարները եւ հաւատայ անոնց. այս մէկը պարզապէս խնդրանք է անոր մէջ զարգացնելու ինքնավստահութիւնը, անկախ մտածողութիւնը, դիմակայութիւնը՝ նոյնիսկ երբ ուրիշներ կ՚ընդդիմանան: Այս մէկը խնդրանք է, որպէսզի ուսուցիչը սորվեցնէ իր զաւկին վստահիլ իր դատողութեան:
Անշուշտ, այստեղ բացատրութեան կը կարօտի «սխալ» գաղափարներու կառչած մնալու մասը: Լինքըն կը հաւատայ, որ աշխարհի վրայ մեծագոյն նորութիւններ բերողները այն մարդիկ են, որոնք տարբեր կը մտածեն. պէտք է յիշել օրինակ, որ աշխարհի գիտնականներէն շատ շատեր մեղադրուած են իրենց արտասովոր մտածողութեան համար թէ՛ համաշխարհային եւ թէ հայոց պատմութեան մէջ. սակայն, Լինքընի համար սխալէն ու ճիշդէն աւելի կարեւոր է իր զաւկին ունեցած անկախ մտածողութիւնը։ Պէտք է զաւակը ինքնավստահութիւն ունենայ իր սեփական գաղափարներու հանդէպ:
Մենք այս մէկը չենք նկատեր, սակայն, մեր դպրոցները մեր զաւակներուն մէջ չեն յաջողիր սերմանել այս մէկը. կը տեսնենք, թէ ինչպէս իւրաքանչիւր արարքի կամ գաղափարի համար մեր զաւակները մեզմէ «վաւերացում» կը սպասեն՝ հաւատալու իրենց այս կամ այն գաղափարին. այսօր մեր շուրջ կը տեսնենք երիտասարդութիւն, որ նոր գործի ձեռնարկելու համար շրջապատի ազդեցութեան կ՚ենթարկուի եւ շատ անգամ հեռու կը մնայ իր սեփական գաղափարներէն: Մանուկը պէտք է սորվի չազդուիլ ուրիշներէն, յաջողի պահել իր իւրօրինակ հայեացքները եւ հաւատայ իր գաղափարներուն:
Ուրիշներուն «սխալ» կարծիքին դէմ պայքարիլը աշակերտին մէջ պէտք է զարգացնէ քննադատութիւնը ընդունելու կարողութիւնը. մանուկը պէտք է հասկնայ, որ իր գաղափարներով երբեք չի՛ կրնար միատեղել մարդկութիւնը. մի՛շտ ընդդիմադիր կարծիք մը գոյութիւն պիտի ունենայ եւ այդ մէկը ո՛չ թէ սպառնալիք է անոր գաղափարներուն, այլ միջոց զարգացնելու եւ բարելաւելու իր գաղափարները: Մանուկը պէտք է հասկնայ, որ քննադատութիւնը, կասկածը եւ մերժումը սովորական մասն են մարդկային կեանքին եւ ամէն մերժուած գաղափար սխալ չէ՛. հիմնականը այդ գաղափարին հաւատալն է՝ հիմնուած տրամաբանական փաստերու վրայ: Գաղափարի մը յաջողութիւնը այլոց կարծիքին մէջ պէտք չէ փնտռել. պէտք է հաւատալ եւ ամէն գնով պայքարիլ եւ ձախողութեան պարագային նոյնիսկ չյուսահատիլ:
Ընդհանրապէս աշխարհի մէջ, մասնաւորաբար հայոց մօտ կայ ուրիշներուն կարծիքներով առաջնորդուելու, ընդունուած չափանիշներուն համակերպուելու հիւանդութիւնը. այլոց կարծիքը լսելը շատ անգամ կրնայ օգտակար ըլլալ, սակայն, այդ բոլորը կուրօրէն ընդունիլը կ՚արգիլէ անձնական աճը: Առ այդ, պէտք է մանուկը իր գաղափարները պաշտպանելու համար սորվի հարց տալ, սորվի պաշտպանել իր տեսակէտը. «դուն պատանի ես. բան մը չես գիտեր». «տակաւին երիտասարդ ես. կեանքին ծանօթ չես» արտայայտութիւններով գաղափար մը պարտադրելը առողջ երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ ի վիճակի պէտք է ըլլայ լսելու, վերլուծելու՝ անկախ տարիքէն, որովհետեւ տարիքը գաղափարի մը ճիշդ կամ սխալ ըլլալուն մէջ կրնայ այնքան ալ մեծ դեր չունենալ:
Կ՚ուզենք այստեղ յստակեցնել. սեփական գաղափարին վստահիլը կառուցողական քննադատութիւններէն հրաժարիլ չի նշանակեր։ Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը ունենայ ներքին ինքնավստահութիւն, սակայն, միեւնոյն ժամանակ բաց ըլլայ փոփոխութիւններու, որովհետեւ ինքնավստահ ըլլալ չի՛ նշանակեր ուրիշները չլսել. ինքնավստահ ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ խոհեմ:
Անշուշտ, այս բոլորը լաւագոյնս ի գործ դնելու համար պէտք է ունենալ գիտակից ուսուցիչներ, որոնք պէտք է հաւատան, որ իւրաքանչիւր սերունդ իր հետ կը բերէ նոր հայեացք, նոր գաղափար եւ հետեւաբար ուսուցիչը իր հին գաղափարներուն վրայ հիմնուած մնալով պէտք չէ՛ արգելք հանդիսանայ. ընդհակառակը պէտք է միջնորդ ըլլայ, որպէսզի անոնք նախ կարենան ազատ արտայայտուիլ, սորվին կազմել սեփական կարծիք: Նախապէս ըսած ենք ու դարձեալ կ՚ըսենք. ուսուցիչը քարացած ու հաստատուած գաղափար մը չէ՛ որ պիտի հրամցնէ աշակերտին. անոր ամենէն կարեւոր պարտաւորութիւններէն մէկն է անոր մէջ զարգացնել քննադատական մտածողութիւնը, որպէսզի իր գաղափարները հարցականի տակ դնէ. հարցադրէ ու շարունակ հարցադրէ ո՛չ թէ հետաքրքրութիւն մը յագեցուցած ըլլալու համար, այլ զարգանալու եւ զարգացնելու համար:
Սոկրատեսի ամենէն յայտնի խօսքերէն մէկն է հետեւեալը. «Ես չեմ կրնար մէկու մը բան սորվեցնել: Ես միայն կրնամ ստիպել անոր, որպէսզի մտածէ». մեր ուսուցիչները յաջողած կ՚ըլլան այն ժամանակ, երբ բան մը սորվեցնելէ առաջ աշակերտներուն մտածել սորվեցնեն:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մանուկները ո՞ր տարիքէն կը սկսին ունենալ սեփական կարծիք:
Պատասխան. Մանուկները կը սկսին սեփական կարծիք ունենալ մօտաւորապէս երեքէն չորս տարեկան հասակին. այդ տարիքին իրենց լեզուական զարգացումը առիթ կու տայ, որպէսզի խօսին իրենց նախընտրութիւններուն ու զգացումներուն մասին: Այդ տարիքին անոնք կը սկսին ըսել, թէ ի՛նչ կ՚ուզեն եւ ինչ չեն ուզեր: Անոնց կարծիքները հիմնուած կ՚ըլլան զգացումներու վրայ եւ անոնք կարեւոր են անհատականութեան եւ ինքնութեան ձեւաւորման համար:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան