ՇՈՒՆԸ ՆՈՅՆԻՍԿ ՇՈՒԱՐԱԾ ԷՐ
Մի քանի օրեր առաջ տեսայ, որ մօտաւորապէս քսանէն քսանհինգ անձեր հաւաքուած Հայաստանի մէջ «ընտանեկան» տօնախմբութիւն մը կ՚ընեն. բարձր երաժշտութիւն, պարողներու խումբ, փառաւոր սեղան, գինի եւ կարկանդակ. յստակ էր, որ «մէկու մը» տարեդարձն էր: Որոշ ժամանակ մը ետք երիտասարդուհի մը կարկանդակը վերցուց, մոմերը վառեց. կարծես աղջկան տարեդարձն է: Մի քանի վայրկեաններ ետք կարկանդակը դրին շունի մը դիմաց եւ բոլորը սկսան երգել. Ո՛չ միայն ես... զարմացած էր նաեւ շունը, որ այդ վայրկեանին «ստիպուած» էր փչել ու մոմերը մարել՝ որպէսզի «երազանքը կատարուի»:
Անշուշտ, այս մէկը այսօր շատ շատերու համար տարօրինակ երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ համացանցը այսօր լեցուն է պատմութիւնով այն կենդանիներուն՝ որոնք շատ մը մարդոցմէ աւելի բարօր կեանք մը կ՚ապրին: Անշուշտ, շատերու համար շան տարեդարձը տօնելը սիրոյ արտայայտութեան նշան է եւ բնական իրաւունք, սակայն կամայ թէ ակամայ այդ մէկը մեզի ցաւ կը պատճառէ ո՛չ թէ կենդանիներու հանդէպ ատելութեան պատճառով. երբե՛ք, այլ շատ մը մարդոց այդ կենդանիներէն շատ աւելի նուաստ պայմաններու մէջ ապրելուն համար, որովհետեւ այս պահին երբ շունը իր «տարեդարձ»ը կը տօնէ, աշխարհի մէջ անկիւն մը մի քանի հազար մանուկներ սովամահ ըլլալու վտանգին դիմաց կը գտնուին եւ ցաւ ի սիրտ կը նկատենք, որ այսօր շատ անգամ շուներու կեանքը մարդոց կեանքէն շատ աւելի կ՚արժէ: Այս մէկը ցաւ կը պատճառէ, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցինք, որ աշխարհը լեցուն է միլիոնաւոր մանուկներով, որոնք իրենց ծննդեան օրին կարկանդակ մը չեն ունեցած. տակաւին երեք շաբաթ առած ՄԱԿ-ը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ըսաւ, որ այսօր Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ աւելի քան 50 միլիոն մարդ սովամահ ըլլալու վտանգին դիմաց կը գտնուի. անոնց յայտարարութեան համաձայն, աւելի քան 36 միլիոն մարդ օրուան ապրուստն ու սնունդը հոգալու լուրջ մարտահրաւէրին դիմաց կը գտնուին եւ այս թիւը օրէ օր աճ կ՚արձանագրէ։ Վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, որ 2019 թուականին սնունդի հարց ունեցողները ընդհանուր 4 առ հարիւր տոկոս կը կազմէին, սակայն, այսօր բարձրացած է 30 առ հարիւր տոկոսի՝ ինչ որ լուրջ մտահոգութիւն պէտք է ըլլայ համամարդկային մակարդակով:
Կանայի մէջ կայ անարդիւնաբերութիւն. անոնց հունձքը աղքատ է եւ գիւղացիներ ստիպուած են մի քանի անգամ աւելի ցանել՝ որպէսզի ստանան այն արդիւնքը՝ ինչ կը ստանային մօտաւորապէս չորս-հինգ տարիներ առաջ։ Անդին Մալիի մէջ ահաւոր անապահովութիւն է՝ սով ու անօթութիւն, իսկ հակառակ այս դժուարութիւններուն՝ սնունդի գիները արձանագրած են 50 առ հարիւր տոկոս աճ:
ՄԱԿ կը յայտարարէ, որ աւելի քան 5 միլիոն մարդ կրնայ յառաջիկայ ամիսներուն մահանալ սովի պատճառով:
Վստահաբար շատեր կրնան մտածել, թէ շունի համար կատարուած տարեդարձի մը գումարի յատկացումը ինչպիսի՞ բարիք կրնայ դառնալ. այս հարցին պատասխանը տանք հետեւեալ ձեւով. վիճակագրական ընկերութիւններ կը յայտնեն, որ կենդանիներու պարագաներու առեւտուրը այս տարի հասած է 246.66 միլիառ տոլարի. իսկ ՄԱԿ կը յայտարարէ, որ 12 միլիոն անձ սովէ փրկելու համար կարիքը կայ մօտաւորապէս 710 միլիոն տոլարի. այս վիճակագրութիւնը կը փաստէ, որ կենդանիներու համար ծախսուած գումարին 1.2 առ հարիւր տոկոսով կարելի պիտի ըլլար փրկել 50 միլիոն տառապող մարդկութիւնը:
Պահ մը եկէք մոռնանք Ափրիկէն. այսօր նիւթապէս անապահով Հայաստանի մէջ բազմաթի՜ւ ընտանիքներ լուրջ տառապանքի եւ խնդիրի դիմաց կը գտնուին, որովհետեւ չեն կրնար ապահովել իրենց սիրելիին, իրենց զաւակին բժշկութեան համար պահանջուած գումարը. վիճակագրութիւններ կը փաստեն, որ տարեկան աւելի քան 100 հազար մարդ կը մահանայ, պարզապէս որովհետեւ դեղօրայքի եւ կամ բժշկութեան ապաւինելու նիւթապէս կարողութիւն չունի. շատեր կրնան մտածել, որ այդ մէկը կառավարութեան եւ պետութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ, սակայն, մարդկութիւնը այդպէս չ՚ըսեր. որովհետեւ որպէս մարդ մենք պէտք է գիտակցինք, որ աշխարհի բոլոր ստեղծագործութիւններէն վեր ու կարեւոր է նախ մարդը՝ եւ ապա միւսները:
Այս մէկը կ՚ուզենք բարձրաձայնել, որովհետեւ կը հաւատանք, որ այս բոլորը ահաւոր ապագայի մը նախաբանն է պարզապէս. ապագայ՝ ուր շունը, կատուն եւ միւսները շատ աւելի արժէք պիտի ունենան մարդուն համար՝ քան մարդը:
Անշուշտ, այս մէկը խոցելի է, բայց գուցէ ո՛չ զարմանալի։ Փիլիսոփայ Նիցչէ կ՚ըսէ. «Մարդը ամենէն դաժան կենդանին է»։ Պարզապէս որպէս մարդ արարածներ պէտք է օրինակ վերցնենք կենդանական աշխարհէն. կատուն, շունը եւ կամ թռչունները իրենց սնունդը կը կիսեն միայն ու միայն իրենց նմանին հետ՝ իրենց ընտանիքի անդամներուն հետ, իսկ մարդը իր արենակիցը ձգած, անտարբեր անոր անօթութեան դիմաց լրջօրէն հետաքրքրուած է շունին վիճակով՝ որ բնազդաբար ի վիճակի է իրենց համար բնութեան մէջէն սնունդ հայթայթել:
Շունին կողքին մե՛նք ալ կը փչենք ու կը մարենք մոմերը՝ յուսալով, որ գայ ժամանակ, երբ մարդը աւելի արժէք ունենայ՝ քան շունը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞վ է առաջնահերթ. մա՞րդը թէ շունը:
Պատասխան. Աշխարհի մէջ առաջնահերթը մարդն է, որովհետեւ մարդ կրնայ ստեղծել հասարակութիւններ, մշակոյթ, օրէնքներ, որոնք կ՚օգնեն, որպէսզի մարդ բարօր կեանք ունենայ: Մարդը ունի մտածելու, ընտրելու եւ բարելաւելու կարողութիւն, ինչ որ կը տարբերէ մարդը կենդանիներէն: Առաջնահերթութիւններէն ելլելով մարդը միշտ առաջին տեղն է, բայց մարդկութիւնը կը պահանջէ նաեւ գթասրտութիւն կենդանիներու նկատմամբ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան