ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…

«Սորվեցուր անոր հաւատա՛լ ինքն իր անձին. այլապէս ան պիտի հաւատայ մարդոց». ընդհանրապէս մարդկութիւնը եւ մասնաւորաբար աշակերտը երբ հաւատայ ինքն իր անձին եւ վստահի իր կարողութիւններուն՝ կը դադրի ուրիշներու ազդեցութեան տակ ըլլալէ եւ կը դառնայ աւելի համարձակ, աւելի նախաձեռնող եւ աւելի տոկուն: Աշակերտին համար ինքնավստահութիւնը չափազանց կարեւոր է, որովհետեւ այսօրուան համարձակ ու ինքնավստահ աշակերտը, վաղուան խիզախ ու ինքնավստահ երիտասարդն ու մեծահասակը պիտի դառնայ. այդ ինքնավստահութիւնը ո՛չ միայն դպրոցի շարքերուն, այլ ամբողջ կեանքին ընթացքին իր բարի պտուղը պիտի տայ. այլ խօսքով, ինքնավստահութիւն ո՛չ միայն ուսման, այլ կեանքի նկատմամբ անոր ունեցած ընդհանուր վերաբերումը կը զարգացնէ: 

Ինքնավստահ աշակերտը շատ աւելի դիւրին ձեւով կը յաղթահարէ դժուարութիւնները, կը հաշտուի անյաջողութիւններու հետ եւ զանոնք դարձեալ յաջողութեան բերելու ձեւերուն մասին կը մտածէ: Ինքնավստահութիւնը մարդուն մէջէն հեռու կը տանի ձախողելու վախը եւ մարդուն մէջ կը ստեղծէ ուժ՝ պայքարելու եւ չյուսահատելու եւ կը զարգացնէ նախաձեռնելու եւ ստեղծագործելու կարողութիւնը: 

Հոգեբանութիւնը կը փաստէ, որ այն աշակերտները, որոնք ինքնավստահութիւն ունին, ապագային շատ աւելի կայուն հոգեբանական վիճակ կ՚ունենան: Ինքնավստահութիւնը աշակերտի պարագային ո՛չ միայն դասերու պարագային լաւ արդիւնքներու կ՚առաջնորդէ, այլեւ կը զարգացնէ ընկերային յարաբերութիւնները, որովհետեւ ինքնավստահ անձը միշտ իր շուրջ ընկերներ համախմբելու կարողութիւնը կ՚ունենայ: 

Ինքնավստահ մարդն է, որ կրնայ որոշումներ կայացնել եւ մարդկային կեանքը այս տեսակէտով բաժնուած է երկու մասի. կայ խումբ մը, որ որոշում կը կայացնէ եւ կայ խումբ մը, որ կայացած որոշումին կը հետեւի։ Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը որոշում կայացնողը ըլլայ, որովհետեւ այլոց որոշումներուն համակերպողը շատ անգամ, կամայ թէ ակամայ, ընկերութեան գերին կ՚ըլլայ: Ինքնավստահութիւնը կարեւոր է հիմնական մի քանի բաներու համար.

Ա.- Ինքնավստահութիւնը մարդը կ՚ազատէ արտաքին կարծիքներու կախուածութենէն. մարդկային տկարութիւններէն մեծագոյնն է ուրիշներու կարծիքէն կախեալ ըլլալը. ոչ-ինքնավստահ մարդը իր իւրաքանչիւր քայլին համար այլոց վաւերացումին ու կարծիքին կը սպասէ. ինքնավստահ մարդն է, որ ուրիշներու հաստատումին չի սպասեր. եւ այս մէկը անուղղակի ձեւով կապուած է մարդկային մեծագոյն պարգեւին՝ ազատութեան։ Ինքնավստահ մարդը որոշում կը կայացնէ եւ կ՚ապրի այնպէս՝ ինչպէս կ՚ուզէ ինք ապրիլ, մինչ անինքնավստահը ուրիշներու կարծիքներուն եւ սպասումներուն յագեցում տալով իր սեփականը կը զոհէ: Երբ մարդ ազատ է արտաքին կարծիքներու ազդեցութենէն՝ աւելի խիզախ կը դառնայ իր սեփական ճամբան կերտելու մէջ: 

Բ.- Ինքնավստահութիւնը կ՚օգնէ, որպէսզի մարդ նժարի վրայ դնէ իր դրական ու բացասական կողմերը եւ անոնց գիտակցութիւնը ունենալով զանոնք բարելաւէ՝ առանց ամչնալու եւ ընկճուելու: Ինքնավստահ անձը կը գիտակցի, թէ թերութիւն ունենալը բնական է եւ մարդկային, որովհետեւ կարեւորը եւ ուժ պահանջողը թերութիւն չունենալը չէ, այլ ունենալէ ետք աշխատիլ ու սրբագրելն է: Ինքնավստահ անձն է, որ սխալներն ու ձախողութիւնները կը տեսնէ որպէս սորվելու եւ աճելու հնարաւորութիւն։ Ինքնավստահութիւնը իր մէջ կը ստեղծէ չյանձնուելու ուժ եւ այդ ուժով կը զարգանայ եւ աւելի գիտակից ու հասուն ձեւով կը դիմագրաւէ կեանքի փորձութիւնները: 

Գ.- Ինքնավստահութիւնը կը խթանէ նախաձեռնող նկարագիր ունենալ, որովհետեւ մարդ երբ կը հաւատայ իր կարողութիւններուն աւելի համարձակ կը դառնայ նոր բաներ փորձելու՝ առանց ձախողելու մտավախութիւնը ունենալու: Աշակերտ մը, որ աւելի ինքնավստահ է, շատ աւելի դիւրութեամբ կ՚առաջնորդուի դէպի իր նպատակը եւ այդ մէկը անոր կու տայ ներքին խաղաղութիւն: 

Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը ունենայ այս ինքնավստահութիւնը, այլապէս պիտի դառնայ այլոց որոշումներուն եւ կարծիքներուն կամակատարն ու գերին. «այլապէս ան պիտի հաւատայ մարդոց». այս տողը կու տայ այն միտքը, որ մարդոց հաւատալը վտանգաւոր է, որովհետեւ մարդ նախքան ուրիշներու ըսածներուն հաւատալը՝ պէտք է ունենայ իր կարծիքը, իր համոզումը եւ հաստատուած ըլլայ անոնց մէջ. օրինակի համար, այսօր կը տեսնենք, թէ քրիստոնէական հաւատքին մէջ ոչ-հասուն անձեր լսելով աղանդաւորներու բացատրութիւնները՝ կը համոզուին. մերօրեայ աշխարհը հիմնուած է սուտը լաւապէս ներկայացնելու եւ համոզելու արուեստին վրայ։ Լինքըն չ՚ուզեր, որ իր զաւակը կոյր հետեւորդը ըլլայ աշխարհին, այլ կ՚ուզէ, որ ան ամէ՛ն որոշում, ամէ՛ն քայլ հաստատած ըլլայ տրամաբանութեան եւ ազատութեան հիմքերուն վրայ: Անշուշտ, Լինքըն չ՚ուզեր, որ իր զաւակը անտեսէ կամ արհամարհէ այլոց կարծիքը. ան պարզապէս կ՚ուզէ, որ իր զաւակը ունենայ հասունութիւնն ու իմաստութիւնը իր սեփական որոշումները կայացնելու: 

Այս առիթով կ՚ուզենք այստեղ յիշել Պուտտայի յայտնի խօսքերէն մէկը. «Մի՛ հաւատար միայն այն պատճառով, որ աւանդութիւն է. մի՛ հաւատար այն պատճառով, որ բոլորը կը հաւատան. հաւատայ միայն երբ քու անձնական փորձառութիւնդ կ՚ըսէ, թէ ճշմարիտ է». նման համոզումով հասակ առած զաւակ մըն է, որ կ՚ուզէ Լինքըն: 

•շարունակելի…

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Նոյն դասարանին մէջ կայ ինքնավստահ եւ անինքնավստահ աշակերտ. ի՞նչ պէտք է ընել:

Պատասխան. Երբ նոյն դասարանին մէջ կը գտնուին ինքնավստահ եւ անինքնավստահ աշակերտներ, ուսուցիչը պէտք է զգուշութեամբ մօտենայ երկուքին: Ինքնավստահ աշակերտին կարելի է տալ պատասխանատուութիւններ՝ անոր նախաձեռնող վիճակը խթանելու համար, զգուշանալով, որ ան հեռու մնայ գոռոզութենէ: Իսկ անինքնավստահ աշակերտին պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել. պէտք է քաջալերել եւ գնահատել փոքր յաջողութիւններուն համար՝ միշտ վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչելով: Կարեւոր է խթանել փոխըմբռնումը, որպէսզի երկուքն ալ նոյն դասարանին եւ նոյն միջավայրին մէջ զարգանան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2025