ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԽԻՒԸ Կ՚ԱՇԽԱՏԻ ԱՇԽՈՅԺ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւէն ներս ա­մէն տա­րի շուրջ 200 հա­զար թերթ փաս­տա­թուղթ կը թուայ­նա­ցուի։ Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւի տնօ­րէն Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցուց՝ թէ մօ­տա­ւոր հա­շուարկ­նե­րով 350 մի­լիոն փաս­տա­թուղթ ի պահ դրուած է ի­րենց մօտ։ Իւ­րա­քան­չիւր փաս­տա­թուղթ կրնայ բաղ­կա­ցած ըլ­լալ մէկ կամ ա­ւե­լի է­ջե­րէ։ Այդ բո­լո­րի փորձ­նա­կան թուայ­նա­ցու­մը սկսած է 2004 թուա­կա­նին։ Իսկ բուն աշ­խա­տանք­նե­րը կը տա­րուին 2010 թուա­կա­նէն ի վեր։ Տնօ­րէ­նը ընդգ­ծեց, որ թուայ­նաց­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ սար­քա­ւո­րում­նե­րը նուի­րուած են բա­րե­րար­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք գի­տակ­ցած են այդ բո­լո­րի կա­րե­ւո­րու­թեան։

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւէն ներս կը թուայ­նաց-ւին նաեւ լսա­տե­սո­ղա­կան ա­ռար­կա­ներ։ Այս տա­րի ըն­թաց­քի մէջ են վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րու թուայ­նաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը։ «Մենք չենք վե­րաց­ներ ո­րե­ւէ թուղ­թէ ա­ռար­կայ, պար­զա­պէս ա­ւե­լի կի­րա­ռե­լի կը դարձ­նենք զա­նա­զան փաս­տա­թուղ­թե­րու թուայ­նա­ցեալ տար­բե­րակ­նե­րը», ը­սաւ տնօ­րէ­նը։

Միւս կող­մէ, Վի­րա­բեան տե­ղե­կա­ցուց, որ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ Ազ­գա­յին ար­խի­ւէն ներս յո­բե­լե­նա­կան ցու­ցա­հան­դէս մը պի­տի բա­ցուի՝ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին առ­թիւ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2016