Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՔԱՌԼՍՌՈՒԷԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ համաժողովը ընթացքի մէջ է Քառլսռուէի մէջ, Գերմանիա։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները աշխուժօրէն ներգրաւուած են էքիւմենիք այս կարեւոր հարթակի քննարկումներուն, որոնք կը վերաբերին համաքրիստոնէական աշխարհի առկայ մարտահրաւէրներուն եւ առաջնահերթութիւններուն։ Լուսանկարին մէջ կ՚երեւին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութենէն (ձախէն)՝ Գերմանիոյ հայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան, Ուքրայնայի հայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան, Անգլիոյ հայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան եւ Դամասկոսի հայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2022
Եկեղեցական
- 11/26/2024