ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՄԻՇՏ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐ Կ՚ԱՊԱՀՈՎԷ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԱՐԺԵՒՈՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը շարունակէ աշխատիլ՝ ձեռքբերումներ ապահովելու համար եկեղեցապատկան կալուածներու արդիւնաւէտ արժեւորման ճանապարհին։ Ինչպէս ծանօթ է, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները այս շրջանին ձեռնամուխ եղած են եկեղեցապատկան զանազան կալուածներու վերանորոգման աշխատանքին, ինչ որ յաջորդ քայլափոխին նոր ու կայուն հասոյթներու դուռ բանալու հեռանկարը կը ստեղծէ։ Թաղային խորհուրդը վերջերս իրականացուցած էր եկեղեցապատկան ապարանքի մը հիմնական վերանորոգութիւնը՝ համագործակցելով մեր համայնքի ճարտարապետներէն Գէորգ Էօզգարակէօզի հետ։ Այդ կալուածի վերանորոգութեան հիմնական աշխատանքները գրեթէ աւարտած են եւ այժմ միայն եզրափակիչ փուլի կատարելագործումները կ՚ըլլան։ Մինչ այդ, Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը տեղեկացուց, որ կալուածի ապագայ արժեւորման տեսակէտէ անհրաժեշտ բոլոր թոյլտուութիւններն ալ ապահով-ւած են պատկան մարմիններուն կողմէ։

Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը իր հնարաւորութիւններով միշտ կ՚աջակցի մեր կրթական համակարգին՝ որքան որ ալ իր հովանաւորութեան ներքեւ վարժարան մը չգործէ։ Զօրակցութեան տրամադրութիւններով Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները կը ջանան եկեղեցւոյ հասոյթէն բաժին դուրս բերել՝ մանաւանդ մերձակայ Սկիւտարի մեր դպրոցներուն համար։ Նկատի ունենալով, որ վերջին շրջանին Սուրբ Խաչ դպրեվանքն ալ որոշ չափով ինքնաբաւ դարձած է՝ թաղային խորհուրդը կարելիութեան սահմաններուն մէջ կ՚աջակցի Գալֆաեան տան։ Յամենայնդէպս, ատենապետ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները կը նախատեսեն կալուածներու արդիւնաւէտ արժեւորումով առաւելագոյնին հասցնել եկեղեցւոյ կայուն հասոյթը, որպէսզի յաջորդ քայլափոխին հնարաւոր դառնայ աւելցնել մեր կրթական համակարգին ի նպաստ ներդրումը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021