Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 45-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Երէկ, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ օրուան քարոզը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի նշուեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի քահանայական ձեռնադրութեան 45-ամեայ յոբելեանը։ Արդարեւ, Նորին Սրբազնութիւնը 22 օգոստոս 1976 թուականին երջանկայիշատակ պատրիարք Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանի կողմէ աբեղայ ձեռնադրուած էր։ Երէկ այդ ձեռնադրութեան 45-րդ տարեդարձն էր եւ այս առթիւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ Նորին Սրբազնութեան յոբելեանին առթիւ պատրաստած էր կարկանդակ մը։ Արարողութենէն վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բոլոր ներկաներուն կողմէ շրջապատուեցաւ ջերմօրէն եւ ծափոյջոյններու մթնոլորտին մէջ հատեց իրեն համար պատրաստուած կարկանդակը։

Այս առթիւ մենք եւս կը շնորհաւորենք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը եւ իրեն կը մաղթենք արեւշատութիւն՝ եկեղեցական անդաստանէ ներս ծառայութեան ճանապարհին վրայ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021