ՀԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՉԷ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն «Անատոլու» գործակալութեան հարցազրոյց մը տուաւ՝ Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցելիք Ս. Պատարագին ընդառաջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ահաբեկչական դէպքերու հետեւանքով վերջին երեք տարիներուն Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ դադրեցան սուրբ պատարագները, որոնք այդ պատմական սրբավայրի շուրջ դար մը վերջ վերանորոգման զուգահեռ վերսկսած էին։ 2015 թուականին անվտանգութեան նկրտումներով ընդհատուած էր այդ նորահաստատ նախընթացը, որով տարին անգամ մը, Խաչվերացի տօնին Ս. Պատարագ կը մատուցուէր Աղթամարի մէջ։

Գործակալութիւնը կը յիշեցնէ, որ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ անվտանգութեան ուժերուն կողմէ յառաջ տարուած յաջող գործողութիւններուն շնորհիւ շրջանէն ներս վերահաստատուած է անդորրութիւնն ու անվտանգութիւնը։ Այս կապակցութեամբ գոհունակութիւն յայտնած է նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տեղեկացուցած է, թէ մեր երկրէն կամ արտասահմանէն հոծ թիւով ուխտաւորներ մասնակցութիւն պիտի բերեն Աղթամարի Ս. Պատարագին։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Աղթամար կղզին եւ Ս. Խաչ եկեղեցին պատմականօրէն մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հայոց տեսակէտէ։ Այդ սրբավայրը գոյութիւն ունի աւելի քան հազար տարիէ ի վեր։ Այս եկեղեցւոյ մէջ երկար շրջան մը կարելի չէր եղած պաշտամունք ընել։ ԱՔ կուսակցութեան գործի գլուխ գալէն վերջ եղան բազում փոփոխութիւններ եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի խօսքով՝ 2007 թուականին Պատրիարքական Աթոռի խնդրանքին  ու պահանջին հիման վրայ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը թոյլտուութիւն տուաւ՝ որպէսզի տարին անգամ մը Ս. Պատարագ մատուցուի այնտեղ։ Նորին սրբազնութիւնը տեղեկացուց, որ այս տարի վաղը մատուցուելիք Ս. Պատարագին դարձեալ ներկայ պիտի գտնուին նախարարութեան ներկայացուցիչները։ Կրօնական արարողութիւններուն առընթեր նախատեսուած է մշակութային ձեռնարկ մը։ Նորին սրբազնութիւնը մատնանշեց, որ իրենց տուեալներով Հայաստանէն ալ հոծ թիւով ուխտաւորներ պիտի գան Վան։ Ըստ իրենց լսումներուն, քաղաքի պանդոկներուն մէջ այժմէն արդէն տեղ չէ մնացած։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նշեց, որ Վան քաղաքը ներկայիս այլեւս կը գտնուի անդորրութեան մէջ։ «Սա մեր պատմական քաղաքներէն մին է՝ թէ՛ հայերուն, թէ՛ թուրքերուն եւ թէ ամբողջ աշխարհին համար։ Նկատի ունենալով, որ Վան առանձնայատուկ քաղաք մըն է, ապա անոր համապատասխան դիրքն ալ պէտք է պահպանուի։ Նախանձախնդրութիւն պէտք է ցուցաբերուի անոր նկատմամբ։ Վանը նաեւ զբօսաշրջութեան քաղաք մըն է, աշխարհի աչքը անոր վրայ է։ Վանը, Աղթամարը, Վանի բերդն ու միւս պատմամշակութային վայրերը պէտք է ճանչցուին։ Վան քաղաքը մեզի համար շատ աւելի կարեւոր է այլ բազմաթիւ քաղաքներու բաղդատմամբ», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Իր յայտարարութիւններու վերջին բաժնին մէջ նորին սրբազնութիւնը նշած է, որ մինչեւ ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան գլուխ գալը Թուրքիոյ մէջ կային բազմաթիւ թապուներ, որոնք ցաւ կը պատճառէին մանաւանդ երկրի փոքրամասնութիւններուն։ ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ բազմաթիւ թապուներ փուլ եկան։ «Այլեւս կը վերանորոգենք մեր եկեղեցիները, նոյնիսկ կարգ մը համայնքներուն կը տրուի եկեղեցի կառուցելու իրաւունք։ Բազմաթիւ խնդրայարոյց թապուներ վերացան ու մենք այս երկրին մէջ մեր գոյութիւնը զգացինք։ Թուրքիա կը փոխուի։ Թուրքիա հին Թուրքիան չէ այլեւս։ Ունինք պետութիւն մը, կառավարութիւն մը, որ թէ՛ զօրաւոր է եւ թէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները կու տայ», եզրափակած է իր յայտարարութիւնները Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2018