94-ԱՄԵԱՅ ՎԱԼԱՆԹԻՆ ՔԵՇԱՓԻՆ ԽԱԹԱՐՈՒԱԾ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԿԵԱՆՔԸ
Եթէ կեանքը ընդունինք անզուգական դաշնամուր մը, ուրեմն ամէն մարդ կը նուագէ իր դաշնամուրին վրայ։ Զանազան են կեանքի մեղեդիները։ Երբեմն մարդիկ կը փոխեն դաշնամուրը, բայց արդիւնք չ՚ունենար։ Մեղեդին նուագելու համար մարդ պէտք է դառնայ երաժիշտ։ Մարդիկ հասակ առնելով հետզհետէ կը կորսնցնեն կեանքի հանդէպ իրենց հիացումը։ Երջանիկ են անոնք, որոնք վառ են իրենց մանկութեան երազը, ուր ամէն ինչ վարդագոյն է…
Մեր այսօրուան զրուցակիցն է սամաթիաբնակ 94-ամեայ Վալանթին Քեշափը, որու մանկութեան օրերը տխուր ու դաժան են, սակայն ան անսահման համբերութեամբ յաղթահարած է բոլոր դժուարութիւնները ու ներկայիս մխիթարուած՝ իր հարազատներով։ Ան իր աւելի քան ինն տասնամեակ անցած կեանքի ուղին ու յուշերը կը կիսէ մեզի հետ։
Ողջո՜յն, ես Վալանթին Քեշափն եմ, ծնած Պոլիս՝ 1925 թուականին։
Ինչպէս յայտնի է, 20-րդ դարասկիզբին քիչերուն բախտ վիճակած էր անձնագիրի մէջ ունենալ ծննդեան ճշգրիտ օր ու տարեթիւ։ Ես եւս անմասն չմնացի այդ յորձանուտէն, քանզի իմ ծննդեան օրն ու տարեթիւը սխալ արձանագրուած է։
Եոզղատցի Շուշան (Վարվարա) Աբրահամ Տատըրօղլու ամոլին չորս զաւակներէն երկրորդն եմ։ Խեղաթիւրուած ճակատագրով մայրս երկու ամուսնութիւն կնքած էր, առաջին ամուսինէն, որ 1915-ի զոհերէն էր, ունեցած էր զաւակ մը, զոր հայրս՝ Աբրահամը իր հարազատ զաւկին պէս ընդունած ու սիրած էր։ Միշտ կ՚ըսէր, թէ ես հինգ զաւակ ունիմ։ Լուսահոգի հայրս ու մայրս մեծ եղեռնէն մազապուրծ փրկուածներէն էին։ Անոնք մեզի միշտ կը պատմէին իրենց բաժին հասած չարաբաստիկ կեանքի մասին։
Խոր ծերութեան շեմին երբ այլեւս առանձնանալու ծով ժամանակ ունիմ, պէտք է խոստովանիմ, որ երիտասարդութեան ու հասուն տարիներուս այդ ժամանակին կարօտն ունէի, յաճախ կը թերթատեմ անցած երկարուձիգ կեանքս։ Երբ կը բանամ յուշերուս մատեանը, ակամայ կը խորասուզուիմ պայծառափայլ եւ նոյնքան մռայլ ու գորշ մանկութեանս տարիներուն մէջ։
Կեանքիս խորտուբորտութիւնները սկսած են իմ աշխարհ եկած օրը։ Մայրս կը պատմէր, թէ ես հիւանդանոցի վերելակին մէջ ծնած եմ։ Ծննդաբերութեան ցաւերը անսպասելիօրէն սկսած են ու մայրս չէ կրցած հասնիլ մինչեւ ծննդասենեակ՝ զիս լոյս աշխարհ բերած է վերելակին մէջ։ Ըստ մօրս՝ այնուհետեւ ծննդօգնութեան բժիշկը զիս գիրկը առնելով գովաբանելու սկսած ու կատակով ըսած է. «Ապրիս խելացի աղջիկս, առանց բժիշկդ յոգնեցնելու լոյս աշխարհ եկար»։ Մօրս պատմածներուն համաձայն՝ հիւանդանոցէն տունդարձին, զիս դիմաւորած են հօրեղբայրս ու քեռկինս, որոնք զաւկի տէր չեն եղած։ Հօրեղբայրս երբ զիս գիրկը առած է, այլեւս ինձմէ չէ կրցած բաժնուիլ։ Նախօրօք պայմանաւորուածութեան համաձայն ալ անոնք զիս անպաշտօն որդեգրած են։
Տիկին Վալանթին այս բաժինը կը պատմէ իր մօր վկայութիւններէն։ Իսկ ինք կը յիշէ մանկութիւնը ու կ՚ըսէ. «Հարազատ ծնողքիս հետ ջերմ յարաբերութիւնները կը շարունակէին պահպանել, ուղղակի ես որպէս ծնողք զանոնք կը ճանչնայի։ Այսինքն եղած էր դերափոխութիւն. հարազատ հայրս կ՚ընդունէի իբրեւ հօրեղբայր, իսկ հօրեղբայրս՝ հայր։ Մկրտութիւնս ալ եղած է Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ մէջ»։
Ինծի համար հարազատ դարձած ծնողքիս հետ շատ երջանիկ ու անհոգ մանկութիւն մը անցուցած եմ։ Ծնողքս հարուստ էր ու ոչ մէկ խնայողութիւն կ՚ընէր ինծի նկատմամբ. ունէի գեղեցիկ հագուստներ, խաղալիքներ, շաքարներ եւ այլն։ Բաց աստի, ամառներն ալ Թոփգաբու ամարանոց կ՚երթայինք։ Մայրս զիս շատ կը սիրէր ու բոլոր ազատ ժամանակը ինծի կը նուիրէր։ Մինչեւ այսօր ականջներուս մէջ կը հնչէ անոր զուարթ ձայնը, երբ վարսերս խնամքով սանտրելու ու հաւաքելու ատեն ինծի կ՚երգէր հետեւեալ երգը.
Այս ի՜նչ աղուոր աղջիկ է, չգայ նազարի,
Պիտի տանիմ անիկա չիչէք փազարի.
Պիտի տնկեմ սախսըին օրթան,
Ճանտան պիտի պոռամ՝ պէշ միլիառ տէղէրի…
Եւ այսպէս անհոգ ու երջանիկ կ՚ապրէինք, մինչեւ որ...
Երեք-չորս տարեկան էի, երբ մայրս անբուժելի հիւանդացաւ ու Թոփգաբուի ամարանոցին մէջ աչքերը փակեց կեանքին։ Մայրս մահացաւ... մեր երբեմնի գեղեցիկ ու երջանիկ ընտանիքի գլուխին սեւ ամպեր սկսան կուտակուիլ։ Հայրս խոր վիշտի մէջ էր, տան գլխաւոր սիւնի անկումէն ետք, մեր շէն տունը սկսաւ խամրիլ։ Այդ տարին զիս Սամաթիոյ վարժարանի մանկապարտէզը ուղարկեցին։ Հազիւ մի քանի տարի ետք «ուսումը ինչ պիտի ընես» պատճառաբանութեամբ զիս առին դպրոցէն։
Հայրս երբեք չէր խորհեր երկրորդ ամուսնութեան մասին, սակայն անդադար մեծ մայրս կը յորդորէր. «Ամուսնացիր, կին ունեցիր, որպէսզի տունդ դարձեալ շէնանայ։ Այս երեխային մեղք է, մօր կարիք ունի, ո՞վ պիտի հսկէ իրեն»… Ի վերջոյ հայրս ամուսնացաւ։ Խորթ մայրս բառին բուն իմաստով խորթ էր։ Ան սկսաւ մեր ընտանիքը քայքայել. ո՛չ զիս, ո՛չ ալ մեծ մայրս ուզեց։ Մեր տան մէջ միշտ կը տիրէր անհամութիւնը։ Մեծ մայրս իբրեւ փրկարար լաստ զիս արձանագրեց որբանոց մը։ Իսկ մեծ մայրս չդիմանալով խորթ մօրս չարչարանքներուն՝ մահացաւ։ Հազիւ տարի մը անցուցած էի որբանոցի երդիքին տակ, երբ խորթ մայրս իբրեւ բողոքարկու ներկայացաւ տնօրէնութեան ու ըսաւ. «Այս երեխան որբ չէ, ինչո՞ւ ձեր հաստատութեան մէջ կը պահէք։ Ան հայր ու մայր ունի, կրնայ իր ծնողքին հետ ապրիլ»։ Զիս որբանոցէն հանեց ու կենսաբանական ծնողքիս վերադարձուց։
Կրնա՞ք երեւակայել, թէ սա ինչպիսի հարուած մըն էր վեց-եօթ տարեկան աղջնակի մը համար։ Բոլոր կեանքս գլխիկոր անցուցի։ Իմ կենսաբանական ծնողքս զիս ընդունեց բազում դժուարութիւններով։ Իմ իսկական տան մէջ երբեք երջանիկ չէի, նոյնիսկ մոռցած էի խնդալը… ես իմ հրեշտակ դարձած մայրիկը, հայրիկս կ՚ուզէի… կ՚երազէի մեր երջանիկ ու անհոգ կեանքը։ Քանի՜-քանի գիշերներ արցունքը աչքիս պառկեցայ։ Ստեղծուած պայմաններուն մէջ մանկութիւնս լիաթոք չապրած, չվայելած մեծցայ։ Ընդամէնը երկու տարի դպրոց յաճախեցի։ Հարազատ քոյր եղբայներս լրիւ անուս էին։
Տարիները թաւալ գլոր անցան, մեծցայ… Զիս անպաշտօնօրէն որդեգրած հարուստ հօրեղբայրս մահացաւ, որուն ստացուածքէն ոչինչ ստացայ խորթ մօրս ջանքերով։ Ինչեւէ … շատ ալ կարեւոր չէր ինծի համար։
Երկար տարիներ հիւսուածեղէնի գործարանի մը մէջ աշխատանք տարի։ Քանի մը տարի, որպէս հիւանդապահուհի կամաւորապէս ծառայեցի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ։
Ժողովրդական խօսք մը կայ՝ աղջիկ երեխան մօր ճակատագիրը կը ժառանգէ։ Չեմ գիտե՞ր, մօրս ճակատագիրը ժառանգեցի՞, թէ պարզապէս պատահականութեան սկզբունքով՝ ես եւս մայրիկիս պէս երկու ամուսնութիւն կնքեցի։ Առաջին ամուսինս՝ Բարունակը շատ խելացի ու բարի անձնաւորութիւն մըն էր։ Երեք զաւակ ունեցանք՝ Լեւոն Շանթ, Հայկազուն եւ Աւետիս։ Անդրանիկ որդիս՝ Լեւոն Շանթը մէկուկէս տարեկան էր, երբ ուղեղատապէ մահացաւ։ Փոքր տղաս՝ Աւետիսը, ներկայիս Գերմանիա կ՚ապրի։ Չորս թոռ ունիմ՝ Քեցիա, Եոնաթան, Եոէլ-Վահրամ եւ Միքայէլ, որոնք իմ կեանքի ուրախութիւնն ու հպարտութիւնն են։ Այսօր կ՚ապրիմ եւ կ՚ուրախանամ իմ սիրասուն թոռնիկներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը համալսարանաւարտ է եւ կեանքի մէջ գտած են իրենց ապահով տեղը գտնել։ Ի դէպ, հարկ է նշել, որ թոռներէս Եոէլ-Վահրամը մեր համայնքի սիրելի անուններէն մին է. մէկ կողմէ կ՚անդամակցի Լուսաւորիչ եւ Ս. Թագաւոր երգչախումբերուն, իսկ միւս կողմէ՝ իր բացառիկ աստուածատուր ձայնով մաս կը կազմէ Իսթանպուլի Պետական օփերային։
Ահաւասիկ, այսպիսին է իմ անցած ու տակաւին շարունակուող կեանքի ուղին՝ բաղկացեալ սեւ ու ճերմակ գիծերէ։ Գիտէք, այսօր կը խորհիմ, թէ բախտը ինծի երկու անգամ ժպտեցաւ՝ կեանքիս առաջին շրջանին ու մայրամուտին…
Հուսկ, միտքս կը փափաքիմ ամփոփել ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի «Հին օրհնութիւն» բանաստեղծութեան հետեւեալ տողերով.
Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք,
Բայց մեզ պէս չապրէք…
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ