«ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔՆ ՈՒՆԻ»
«Մեր աշխատանքներուն մէջ փառքի հասնելու մարմաջ պիտի չունենանք, փառքի համար պիտի չգործենք», մեզի յայտնեց կիպրահայ համայնքի յայտնի գործիչներէն Սեպուհ Արմենակեան, որու մօտեցումներուն ամփոփումը կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
-Ներկայիս կիպրահայ համայնքը ի՞նչ խնդիրներ ունի։
-Յունական Կիպրոսի հայ համայնքը զգայուն եւ իւրայատուկ է։ Որոշումի կամ գործընթացի մը ընթացքին պէտք է նկատի առնել այս մէկը։ Յունական Կիպրոսի Սահմանադրութեան մէջ հայերը կ՚ընդունուին՝ որպէս փոքրամասնութիւն եւ սա կ՚ընձեռէ դրական կէտեր եւ առիթներ։ Կիպրոսը սփիւռքի միակ գաղութն է, որ ունի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչի հանգամանքով գործիչ-պատասխանատու մը: Մանաւանդ Լիբանանի եւ Սուրիոյ պատերազմը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախութեան ժամանակներէն ստեղծուած տնտեսական տագնապները պատճառ հանդիսացած են, որ Յունական Կիպրոս ժամանեն մեծ թիւով հայեր։ Հետեւաբար, գաղութէն ներս կան զանազան երկիրներէ ժամանած հայեր, տարբեր մտածելակերպերով, սովորութիւններով ու աւանդութիւններով, որոնք պէտք է համակերպուին պատմական գաղութի բնիկ անդամներու մտայնութեան եւ գործելաոճին հետ։ Հետեւաբար, երբ այս զգայնութիւններն ու նրբութիւնները անգիտակցաբար կամ անզգալաբար կ՚անտեսուին, մեր գաղութային կեանքը կ՚ընթանայ լարուածութեան մթնոլորտի մը մէջ եւ եթէ այս վիճակը այսպէս շարունակուի, կրնայ մեծ բաժանում մը ստեղծուիլ գաղութէն ներս։
-Կիպրահայերը ինչո՞ւ իրենք զիրենք հեռու կը պահեն գաղութային գործունէութիւններէն։
-Պէտք է ընդունինք, որ Յունական Կիպրոսի մէջ հայահոծ շրջան չունինք։ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ հայահոծ շրջաններ կան, բայց Յունական Կիպրոսի հայութեան թիւը փոքր է եւ անոնք տարբեր շրջաններու մէջ կ՚ապրին։ Այս մէկուն հիմնական պատճառն է, որ նախակրթարանէն ետք հայեր կը մտնեն օտար միջավայրի մէջ։ Երբ կար դարաւոր Մելգոնեան վարժարանը, ուր կը յաճախէին նախակրթարանէն ետք հայ երիտասարդները։ Բազում ծնողներ կը կարծէին, թէ եթէ իրենց զաւակը օտար միջավայրի մէջ ըլլայ, աւելի մեծ յաջողութիւններու կը հասնի։ Հետեւաբար, ազգային հաւաքական կեանքով զբաղող բաւարար մարդուժ չկայ։
-Զանազան առիթներով զրուցած եմ կարգ մը կիպրահայերու հետ։ Անոնք շեշտադրած են, որ Մելգոնեանին փակուիլը մեծ հարուած մը եղաւ համայնքին։ Ի՞նչ կը մտածէք այս առումով։
-Այո՛, կ՚ընդունիմ, որ երբ Մելգոնեանը կը գործէր, ուժեղ հայկական օճախ մըն էր Յունական Կիպրոսը, յատկապէս Նիկոսիան։ Երբ Մելգոնեանը փակուեցաւ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) անդամներէն շատեր հեռացան։ Մելգոնեանի սաները ամէն շաբաթ մշակութային ձեռնարկ մը կը կազմակերպէին եւ հանրութիւնը կը յաճախէր ու կը վայելէր։ Բացի ուսուցչական կազմէն, մեծ թիւով հայեր կը պաշտօնավարէին այդ վարժարանին մէջ։ Մելգոնեանի փակումով այդ բոլորը վերջ գտան։
-Ներկայիս հարց է երիտասարդութիւնը ներգրաւել համայնքային կեանքին։ Գործող կառոյցները երիտասարդներուն համար քաշողականութիւն չունին, արդիական չեն։ Այս առթիւ ի՞նչ կը մտածէք։
-Հարիւր տոկոս համաձայն եմ, որ երիտասարդութիւնը գրեթէ կապ չունի հայկական միջավայրին հետ։ Պէտք է ձեւ մը գտնուի երկրորդական վարժարան մը եւս ունենալու, որպէսզի մինչեւ երիտասարդութեան տարիքը հասնիլը մեր պատանիները հայկական միջավայրի մէջ մեծնան։ Երբ պատանին տասներկու տարեկանէն սկսեալ օտար միջավայրի մէջ կը գտնուի, աւելի վերջ պիտի չուզէ վերստին հայկական միջավայրի մէջ մտնել եւ այդտեղ աշխատանք տանիլ։ Նիկոսիոյ «Նարեկ» վարժարանն ալ մինչեւ միջնակարգ կը գործէ, այսինքն՝ աշակերտը զայն կ՚աւարտէ 14-15 տարեկանին եւ դարձեալ կ՚երթայ օտար միջավայրի մէջ։ Առիթով մը վարժարանի տնօրէնուհիին հարցուցի, թէ ինչո՞ւ վարժարանին մէջ բարձր դասարանները չեն բացուիր, որպէսզի հայ աշակերտը մինչեւ 18 տարեկան հայկական վարժարան յաճախէ։ Ան պատասխանեց, թէ թիւի հարց կայ, աշակերտութեան թիւը քիչ է։ Մինչ այդ, մեծապէս մտահոգիչ է երիտասարդներուն թիւի նուազումը եկեղեցիէն ներս։ Գրեթէ միշտ ներկայ կ՚ըլլամ Լիմասոլի մէջ տեղի ունեցող պատարագներուն։ Այդտեղ ոչ մէկ երիտասարդ ներկայ կ՚ըլլայ, ինծի սրտնեղութիւն կը պատճառէ այս տխուր պատկերը։ Գնահատելի է Կիպրոսի Երիտասարդաց միութեան գործունէութիւնը, որ կը գործէ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Հայկական երիտասարդական միութեան հովանիին ներքեւ։ Սակայն, դժբախտաբար, շատեր կը հաւատան, թէ համապարփակ մթնոլորտի մէջ պիտի չգտնուին, եթէ միայն այդ ակումբը յաճախեն։
-Կիպրահայ համայնքին կառուցուածքը սփիւռքի այլ համայնքներու չի նմանիր։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այս հարցով։
-Մեր համայնքը յատուկ է, այն իմաստով, որ համայնքի պետական ներկայացուցիչ հասկացողութիւնը սփիւռքի այլ համայնքի մը մօտ գոյութիւն չունի։ Համայնքի պետական ներկայացուցիչը ուրիշ է, խորհրդարանի մէջ քաղաքական ուժով ներկայացուցիչը՝ ուրիշ։ Այլ հարց մըն է կաթողիկոսական փոխանորդ հասկացողութիւնը։ Կիպրոսի թեմը առաջնորդ ունեցած է 1977-1983 տարիներուն՝ երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի օրերուն։ Հետեւաբար, մօտաւորապէս կէս դարէ ի վեր առաջնորդի ընտրութիւն չէ կատարուած։ Անցեալին, երբ Ազգային վարչութեան անդամ էի, թեմական կազմին առաջարկած էինք՝ ըսելով, որ կաթողիկոսական փոխանորդի դրութիւնը փոխուի եւ ի վերջոյ մեր գաղութը ունենայ իր առաջնորդը, սակայն շատ քիչեր համաձայն գտնուեցան մեր առաջարկին։
-Առաջնորդի մը ներկայութիւնը յաւելեալ հաւասարակշռութի՞ւն կը ստեղծէ համայնքին մէջ, իսկ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչը գաղութային աշխատանքներով կը զբաղի՞։
-Գաղութի անդամներուն մեծամասնութիւնը չի գիտեր, թէ ի՛նչ է թեմականը, ի՛նչ է ազգային վարչութիւնը, ի՛նչ է իւրաքանչիւրին պաշտօնը եւ իրաւասութիւնները։ Հիմնականը չեն գիտեր, թէ ի՛նչ է տարբերութիւնը կաթողիկոսական փոխանորդին եւ առաջնորդին միջեւ։ Այո՛, եթէ առաջնորդի ընտրութիւն տեղի ունենայ, կարգ մը հարցեր պիտի լուծուին։ Իրապաշտ պէտք է ըլլանք, հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ հանգամանքը էականութիւն է (հաշուետու չէ ուրիշ անձի մը), բայց կաթողիկոսական փոխանորդ կամ առաջնորդ հանգամանքները՝ ոչ։ Հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչը հոյակապ աշխատանք կը տանի եւ երբ իր օժանդակութիւնը կը խնդրեն, ան ճիգ չի խնայեր եւ սրտանց կ՚օգնէ։ Ըսեմ, որ ըստ Կիպրոսի թեմի կանոնագրին, հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչը թեմականի ժողովներուն կը մասնակցի խորհրդակցական ձայնով։ Այս բոլորը նշելէ ետք պարտիմ ըսել, որ մենք որպէս կիպրահայ գաղութ՝ կարիքն ունինք բարեփոխումներու։
-Կարեւորեցիք բարեփոխումներ կատարելու դրոյթը։ Առկայ իրավիճակի բարեփոխումը ուրկէ՞ պէտք է սկսի։
-Առաջին աշխատանքը պէտք է ըլլայ տանիլ որոշ քարոզչութիւն մը եւ գաղութի անդամները սորվին, թէ ի՞նչ կը նշանակէ թեմ, կաթողիկոսական փոխանորդ, ազգային վարչութիւն, թեմական ժողով եւ երեսփոխանական ժողով։ Այս բոլորը դպրոցներէն ներս ալ պէտք է բացատրուին, որպէսզի ապագայ սերունդը տեղեակ դառնայ։ Ներկայիս Կիպրոսի թեմի կանոնագիրը այժմէական չէ, պէտք է վերամշակուի։ 2018-ի թեմական ընտրութեան քուէախոյզ յանձնախումբը գրաւոր իր զեկոյցին մէջ նոյնը կը նշէր թեմական ընտրութիւններու յօդուածներուն վերաբերեալ։ Բայց եթէ եկեղեցւոյ մէջ ծառայող անձերէն շատեր երբ քաջատեղեակ չեն Կիպրոսի թեմի ներկայ կանոնագիրէն, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու կառոյցէն, կարգավիճակէն, վարչական ձեւէն եւ այլն, ինչպէ՞ս կանոնագրային բարեփոխման կէտերու վերաբերեալ միտքերու փոխանակում պիտի կատարեն եւ կանոնագիրը ինչպէ՞ս պիտի վաւերացուի։ Անհրաժեշտ է նաեւ մարդահամար կատարուի եւ առիթէն օգտուելով իւրաքանչիւր անձի հետ կապ հաստելու տուեալները ստացուին, պահուին եւ օգտագործուին ըստ Եւրոպայի օրէնքներու։ Ժամանակն է, որ իւրաքանչիւր քաղաք ունենայ իր հոգեւորականը։
-Լառնաքա քաղաքին մասին ի՞նչ դիտարկումներ ունիք։
-Լառնաքայի հայութեան թիւը անցեալին մեծ էր։ Նիկոսիայէն ետք ամենաշատ հայեր կը գտնուէին Լառնաքայի մէջ, բայց ներկայիս՝ Լիմասոլի մէջ են։ Դժբախտաբար, Լառնաքայի հայութեան թիւը կը նօսրանայ եւ մինչեւ հիմա յայտնի չէ, թէ ինչ են պատճառները։ Թեմական երեսփոխանական կազմին մէջ Լառնաքան երեք անդամ ունի մինչեւ այսօր, Լիմասոլը՝ մէկ, իսկ Ֆամակուսթան՝ մէկ։ Ահաւասիկ կանոնագրի բարեփոխման պահանջը։ Կիպրոսի թեմը ունի երեք եկեղեցի եւ երկու քահանայ։ Նիկոսիոյ հայութեան թիւը մեծ է եւ ունի մէկ քահանայ։ Լառնաքայի եւ Լիմասոլի ծուխերը ունին մէկ քահանայ եւ պատարագները տեղի կ՚ունենան շաբաթական մերթ ընդ մերթ դրութեամբ՝ իւրաքանչիւր քաղաքի համար։ Քահանայի նստավայրը Լառնաքան է եւ իր ուսի բեռը մեծ է, որովհետեւ ան երկու քաղաքներու մէջ կը ծառայէ։ Ժամանակն է, որ իւրաքանչիւր քաղաք (Նիկոսիա, Լիմասոլ եւ Լառնաքա) ունենայ իր հոգեւորականը։
-Իսկ Փաֆոսի հայութեան մասին ի՞նչ կրնաք ըսել։
-Փաֆոս քաղաքին մէջ մինչեւ 1990-ականները հայեր չկային։ Ներկայիս հայեր կան եւ դժուար է թիւի մասին խօսիլ, կ՚ենթադրեմ 100-150-ի սահմաններուն մէջ է՝ մեծամասնութիւնը Հայաստանէն եւ Ռուսաստանէն։ Արեւմտահայերու թիւը շատ փոքր է, կան քանի մը ընտանիքներ։ Համազգայինը Փաֆոսի մէջ կազմեց «Անի» պարախումբը, ինչպէս նաեւ «Կիլիկիա» պարախումբը՝ Լիմասոլի մէջ։ Մինչեւ օրս այս պարախումբերը կը գոյատեւեն եւ ելոյթներ ունեցած են Փաֆոս, Լիմասոլ եւ Նիկոսիա քաղաքներուն մէջ։ Անկեղծ ըսեմ, որ Համազգայինը մեծ դեր խաղաց Փաֆոսի եւ Լիմասոլի մէջ աշխուժութիւն բերելու համար։ Յուսալի է, որ այդ աշխուժութիւնը վարակիչ դառնայ Լառնաքայի մէջ ալ։ Հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչի ջանքերով ներկայիս Նիկոսիայէն ուսուցիչ մը կը ժամանէ Փաֆոս եւ հայերէն կ՚ուսուցանուի տեղւոյն հայ երեխաներն ու պատանիներուն։ 2008 թուականին առաջին անգամ պատարագ տեղի ունեցաւ Փաֆոսի մէջ եւ շարունակուեցաւ մի քանի անգամ եւս, իսկ վերջին անգամ պատարագ տեղի ունեցաւ 2020 թուականի յունուարին։ Համայնքի մը երեք կարեւորագոյն մասնիկները՝ եկեղեցի, դպրոց եւ մշակոյթ, որոշ չափով կան Փաֆոսի մէջ։ Բայց կը հաւատամ, որ Լիմասոլի մէջ մնայուն հոգեւորական մը հաստատուելէ ետք, եկեղեցին աւելի աշխոյժ պիտի ըլլայ Փաֆոսի գաղութային աշխատանքներուն մէջ, նաեւ յաճախակի պատարագներով։ Մինչեւ Մեծ եղեռնը Կիպրոսի մէջ հայերուն թիւը շատ փոքր էր։ Փաֆոսի եւ այլ քաղաքներու մէջ հայերու բնակչութեան թիւը լրիւ փոխուած է եւ ի վերջոյ համերաշխ ոգիով հսկայ աշխատանք կայ կատարելիք կիպրահայ գաղութէն ներս։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024