ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐԻ ՎԻԹԽԱՐԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ԿԱՐԵՒՈՐ ԵՌԱՀԱՏՈՐ ՄԸ
Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսաւ սփիւռքեան գրականութեան տեսակէտէ յատկանշական եռահատոր մը, որ ձօնուած է անմահ հեղինակի մը՝ Շահան Շահնուրի։ Լիբանանահայ վաստակաշատ գրող, բանասէր ու մանկավարժ Գրիգոր Շահինեանի աշխատասիրութեամբ կեանքի կոչուած է հրատարակչական այս կարեւոր ծրագիրը։ Երեք հատորներուն երկուքը կը բովանդակեն Շահան Շահնուրի ստեղծագործութիւնները։ Շարքին երրորդ գիրքը արդէն Շահնուրի մասին է եւ անոր հեղինակը հանդիսացած է նոյնինքն կազմողը՝ Գրիգոր Շահինեան։ Այս եռահատորը նշանակալի երեւոյթ մը կը համարուի հայ գրական-գեղարուեստական կեանքէն ներս։ Երեւանի մէջ «Ազգ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է այս կարեւոր գործը։
Գրիգոր Շահինեան բովանդակութիւնը կազմելու եւ խմբագրման պատասխանատուութիւնը ստանձնելու առընթեր ծանօթագրութիւններ եւ ուսումնասիրական նոթեր ալ աւելցուցած է անոր վրայ։ Առաջին հատորի սկիզբին, որպէս հրատարակչի կողմէ կարճ մուտք մը՝ տեղադրուած է Յակոբ Աւետիքեանի գրութիւնը։
Շահան Շահնուրի ձօնուած այս եռահատորի առաջինը կը պարունակէ հեղինակին երկու յայտնի երկերը՝ «Նահանջը առանց երգի» եւ «Յարալէզներուն դաւաճանութիւնը»։ «Գեղարուեստական գործեր» կոչուած է առաջին հատորը, իսկ երկրորդ հատորը անուանուած է «Լրագրական էջեր»։ Այս վերջինը կ՚ընդգրկէ հիմնական չորս բաժին. ինչպէս՝ «Թերթիս կիրակնօրեայ թիւը», «Զոյգ մը կարմիր տետրակներ», «Բաց տոմարը» եւ «Կրակը կողքիս»։
Երրորդ հատորը, որ կը տարբերի առաջին երկուքէն, կը կոչուի «Յաղագս Շահան Շահնուրի»։ Այս մէկը խորհրդանշական յիշատակով մը կը բացուի։ Արդարեւ, գիրքի առաջին էջին վրայ տեղադրուած է Շահան Շահնուրի կողմէ Գրիգոր Շահինեանին ուղարկուած ձեռագիր նամակ մը՝ 7 Մարտ 1967 թուակիր։ Բովանդակութեան մէջ խորքային վերլուծում մը կատար-ւած է Շահան Շահնուրի ժառանգութեան մասին եւ միշտ զգալի է անոր նկատմամբ պատկառանքի զգացում։
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը վերջերս թողարկեց Շահան Շահնուրին ձօնուած այս եռահատորին վերաբերեալ Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ ստորագրուած գրախօսական մը։ Այս առթիւ Յարութիւն Քիւրքճեան յատուկ անդրադարձի արժանի դասած է այս պատկառելի գործը։ Նոյն առթիւ Քիւրքճեան ի մէջ այլոց մատնանշած է հետեւեալը.
«Ահա այսպէս, ընտանեկան հարազատներու եւ «Ազգ»ի բարեկամներու ճիգերուն իբր արգասիք, մեզի կ՚ընծայուի ներկայ երկը, ափսոս՝ յետ մահու, որ կարծես կու գայ անգամ մը եւս -ու աւելի՛ քան երբեք- արդարացնելու Շահնուրեան սահմանում-գնահատումը՝ «բանիմացութիւն եւ համազգացութիւն» զոյգ եզրերը։
«Իր օրին՝ Գ. Շահինեան անզանցառելի ներկայութիւն եղաւ մեր մշակութային կեանքին մէջ ու յատկապէս՝ արեւմտահայ-սփիւռահայ գրական առօրեային, իբր գրադատ. լուրջ ու բանիմաց, բայց եւ հաւատացող՝ գրականութեան ու գրադատութեան ընկերային դերին. միանգամայն կրող՝ մարդկայնութեան, մարդկային հաղորդակցութեան ուրոյն ճաշակի։ Եւ դեռ՝ իբր ընկերա-մշակութային նուիրեալ գործիչ՝ ստեղծագործ ներդրումներով, որոնց կարգին գրական մամուլի աշխատակցի եւ (հիմնադիր) խմբագրի դերերը։ Ու վերջապէս՝ առանձինը կեանք մը լեցնելու ատակ վաստակով՝ իբր ուսուցիչ-դասախօս։
«Իր տեղը, ոգեկոչական յետադարձ այս ակնարկով դիտուած, կ՚երեւի հաւասարապէս այս բոլորի՛ն մէջ անջատաբար ե՛ւ միասնաբար։ Բազմակի գոյութեան մը, բազմակի վաստակի մը միաձոյլ ամբողջութեանը մէջ։
«Այս բոլորը կ՚ըսուին՝ նաեւ հասկնալի գտնելով հրատարակութիւնը պատրաստող հարազատներու եւ հրատարակչին հաւանական փոյթը՝ անփոփոխ պահելու հանգուցեալ գրադատին կողմէ տարիներ առաջ նախապատրաստուած թղթածրարները»։