ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱՅ ՆԿԱՐՉՈՒՀԻՆ՝ ԱՐՓԵՆԻԿ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
Նոյեմբերի անսովոր տաք կիրակիներէն մէկն է: Աշնանային բազմազան գոյները կը մղեն արուեստի ջերմ միջավայր մը երթալու, Կիրակին կ՚ուզեմ անցընել արուեստի, գոյներու աշխարհի մը մէջ: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը Կիրակի օրերը սովորաբար մարդաշատ կ՚ըլլայ, այն նկատառումով, որ հանգստեան օր է, իսկ Երկուշաբթի ալ պատկերասրահը գոց է, եւ մանաւանդ արուեստասէրները կը փափաքին Կիրակին նուիրել արուեստին: Բայց այս Կիրակի պատկերասրահի մուտքը ամայի կը թուի, Հանրապետութեան հրապարակի բազում մարդոցմէ քիչեր, հատուկենտ մարդիկ են, որոնք իրենց քայլերը կ՚ուղղեն դէպի գլխաւոր պատկերասրահ: Եղածներն ալ ընդհանրապէս զբօսաշրջիկներ են, հիմնականը՝ ռուս: Տեղացիները մայթերուն կամ նստարաններուն նստած կը շատախօսեն, եգիպտացորենի խարկուած հատիկներ կամ արեւածաղիկի սերմեր կ՚ուտեն, իսկ վերջին տարիներուն ալ Հանրապետութեան հրապարակը դարձած է Հայաստան զբօսաշրջութեան եկող իրանցիներու հաւաքատեղին: Անոնց ներկայութիւնը խիստ զգալի է հրապարակին վրայ, որ արդէն սովորական դարձած է: Շատեր չեն ուզեր համակերպիլ այդ իրականութեան հետ, բայց այդ մէկը արդէն փաստ է: Իրանցի ընտանիքներ, տղամարդիկ, երիտասարդներ կը ճեմեն, բարձր ձայնով կը զրուցեն պարսկերէնով, նոյնիսկ ատրպէյճաներէն բառեր կարելի է որսալ անոնց խօսակցութիւններուն ընդմէջէն: Գլխաշորերով ծածկուած կիներ իրենք զիրենք աւելի համարձակ կը զգան Երեւանի գլխաւոր վայրերուն, քան՝ հաւանաբար, իրենց երկրին մէջ: Երիտասարդ իրանցի ընտանիք մը Ազգային պատկերասրահի մուտքին ամենէն մօտ մայթին բացած է կերպընկալ (փլասթիք) կափարիչներով ամանները եւ երախաներուն հետ կը սնուի: Թերեւս շատ երկիրներու համար այս մէկը սովորական տեսարան մըն է, բայց երկրին խոշորագոյն պատկերասրահին առջեւ սովոր չըլլալով նման երեւոյթի, տհաճութեամբ կը շրջանցեմ ու կը մտնեմ Ազգային պատկերասրահ:
Հայաստանի ամենէն մեծ գեղարուեստական թանգարանը հաճելի յուշեր կ՚արթնցնէ՝ 1990-ականներէն, երբ այս կեդրոնը Երեւանի քիչ թէ շատ ջեռուցուող վայրերէն էր, ուսանողական գրքոյկ-տոմսերով յաճախ անվճար կամ չնչին վճարումով կը մտնէինք, աւելի շատ ոչ թէ գեղարուեստի հետ առընչուելու, այլ՝ ջերմանալու: Պատկերասրահին մէջ պահուող անգին գանձերը ցուրտէն եւ խոնաւութենէն փրկելու համար այդ տարիներու իշխանութիւնները սրահները թեթեւակի ջերմութեամբ մը օժտելու անհրաժեշտութիւնը հասկցած էին, եւ մենք ալ ուրախ կը զգայինք այդ նուազ ջերմութենէն, երբ ամէն տեղ ցուրտ ու տխուր էր, իսկ պատկերասրահին մէջ ջեռուցումէն բացի, նաեւ գոյներ եւ պատկերներ կային:
Այսօր ալ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի սրահներուն բոյրը նոյնն է, ինչ որ էր ասկէ քսանհինգ տարի առաջ, եւ այդ մէկը հարազատութեան անփոխարինելի զգացումով կը համակէ մեզ:
Ազգային պատկերասրահի 56 ցուցասրահներուն մէջ ներկայացուած հաւաքածոներէն այցելած էի դիտելու ամենէն վերջին բաց-ւածը՝ տաղանդաւոր նկարչուհի Արփենիկ Նալպանտեանի 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը: Սովորաբար, ցուցահանդէսները կ՚արժէ դիտել բացումէն քանի մը օր ետք, բացման օրը պաշտօնական անձանց այցելութեան հետ տօնական, հանդիսաւոր եռուզեռին մէջ դժուար է ընկալել ցուցադրուող գեղանկարները, մանրամասն դիտել զանոնք, զգալ ու վայելել: Բացման օրը աւելի շատ ծանօթներ տեսնելու, անոնց հետ զրուցելու, ցուցահանդէսի կազմակերպիչները շնորհաւորելու օր է, քան՝ նկարները ըմբոշխնելու:
Ահաւասիկ, ցուցահանդէսին բացումէն մէկ շաբաթ յետոյ այցելեցի հանրայայտ գեղանկարչուհիի գործերը տեսնելու: Արփենիկ Նալպանտեանը տեսնելու բախտը չեմ ունեցած: Ան երիտասարդ տարիքին հեռացած է կեանքէն՝ 1964 թուականին, երբ ընդամէնը 48 տարեկան էր: Փոխարէնը՝ մօտէն ծանօթ էի եւ առընչուած եմ անոր ամուսինին՝ տաղանդաւոր գեղանկարիչ Եդուարդ Իսաբէկեանին հետ, որ կնոջ մահէն ետք 43 տարի ապրեցաւ, ստեղծագործելով ու արարելով, իսկ կեանքի վերջին տարիներուն՝ կուրացած էր, բայց կը շարունակէր գծել եւ մահացաւ 2007 թուականին՝ 93 տարեկանին: Ծանօթ եմ նաեւ անոնց որդիներէն մէկուն՝ նորէն յայտնի նկարիչ Արամ Իսաբէկեանին, որ այսօր Երեւանի Գեղարուեստի ակադեմիոյ տնօրէնն է, կրկին արուեստով օժտուած, ինչպէս իր նշանաւոր հայրն ու մայրը: Անոր եղբայրը՝ Մհեր Իսրայէլեան, նոյնպէս գեղանկարիչ է, սակայն Հայաստանէն դուրս ապրելուն պատճառով անձամբ ծանօթ չեմ անոր, բայց ծանօթ եմ դուրսը ունեցած իր յաջողութիւններուն: Հեռուէն ակնածանք ունիմ արուեստագէտներու այս ընտանիքին հանդէպ, մանաւանդ, Արփենիկ Նալպանտեան անունը միշտ խորհրդաւոր շղարշով պատուած էր ինծի համար: Միշտ մտածած եմ, թէ ո՞վ էր այն կինը, որ ոչ միայն տաղանդաւոր նկարիչ էր եւ իր կարճ կեանքի ընթացքին շատ բան հասցուցած է ընել, այլ նաեւ երկու գեղանկարիչ որդի ունեցած է, իսկ ամենէն կարեւորը՝ կրցած է ստեղծագործողի իր ջիղը պահել ամուսինին քով, որ շատ դժուար բան մըն է հայ ընտանիքի մէջ. շատ յաճախ, տաղանդաւոր կինը միշտ զոհ կ՚երթայ եւ իր տեղը կը զիջի ամուսինին, երբ վերջինս նոյնպէս ստեղծագործող ըլլայ:
Թիֆլիզի մէջ՝ 1916 թուականին ծնած է Արփենիկ Նալպանտեան, ան Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան ժողովրդական նկարիչ Տիմիթրի Նալպանտեանի քոյրն էր: Թիֆլիզի Գեղարուեստական ակադեմիոյ մէջ ուսանելու տարիներուն ծանօթացած է իր ապագայ ամուսինին՝ Եդուարդ Իսաբէկեանին հետ, որ այդ ժամանակ Երեւանէն տեղափոխ-ւած եւ Թիֆլիզի մէջ ուսանած էր: 1941 թուականին անոնք ամուսնացած եւ փոխադրուած են Երեւան՝ դառնալով Հայաստանի արուեստի նշանաւոր զոյգերէն մին, որ նաեւ ճանաչում ունեցած են Խորհրդային Միութեան մէջ: 1946 թուականէն (համալսարանի հիմնադրման սկիզբէն) մինչեւ իր կեանքին վերջը Արփենիկ Նալպանտեան դասաւանդած է Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական համալսարանին մէջ: Դասախօսական եւ ստեղծագործական գործունէութեան զուգահեռ ան նաեւ քաղաքական եւ հասարակական կեանքի մասնակից եղած է, երկու անգամ ընտրուած է Երեւանի Քաղաքային խորհուրդի երեսփոխան, մասնակցած է համամիութենական ցուցահանդէսներու, իսկ 1957 թուականին ալ տոցենդի աստիճան ստացած է Մոսկուայի մէջ եւ այսպէսով՝ Խորհրդային Միութեան մակարդակով հռչակած իր ճանաչումը:
Ցաւօք, կարճ եղած է Արփենիկ Նալպանտեանի կեանքը, սակայն ան բազմաթիւ գեղանկարներ ստեղծած է իր ստեղծագործական կարճ կեանքին ընթացքին, անոնցմէ շուրջ 48 հատը կը պահուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ։ Այդ 48-էն մէկ մասը ընդգրկուած է պատկերասրահի մշտական ցուցադրութեան մէջ, իսկ մէկ մասն ալ՝ ֆոնտայինին՝ պահոցայինին մաս կը կազմէ, եւ երբեմն խմբային ցուցահանդէսներու ժամանակ կը ցուցադրուի: Իր կեանքի 48 տարիներէն ընդամէնը 25 տարի ստեղծագործած է Արփենիկ Նալպանտեան, ստեղծած է շուրջ 300 գործ, որոնք նաեւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ կը գտնուին, ինչպէս՝ Վրաստանի Ազգային պատկերասրահին, Կիւմրիի պատկերասրահին եւ այլ ցուցասրահներուն մէջ:
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ պահուած 48 գեղանկարները, ինչպէս նաեւ Իսաբէկեան ընտանիքին պատկանող 17 գեղանկար եւս, նաեւ մասնաւոր հաւաքածոներէ քանի մը այլ գործեր ցուցադրը-ւած են նկարչուհիին 100-ամեայ յոբելեանին նուիրուած ցուցահանդէսին ընթացքին։ Այս մէկը շքեղ ու ակնառու ցուցահանդէս մըն է՝ վայել Իսաբէկեան նշանաւոր ընտանիքին՝ ի յիշատակ վաղամեռիկ արուեստագիտուհի Արփենիկ Նալպանտեանին: Վառ գոյներով, բնանկարներով, դիմանկարներով հարուստ ցուցահանդէսը, իրաւ պատկերացում կու տայ 1950-60 թուականներուն բուռն ստեղծագործական կեանք ունեցած նկարչուհիի ներաշխարհին մասին, որ, վստահաբար, շատ հարուստ եղած է՝ համեմուած թիֆլիզեան դասական արուեստի, այդ միջավայրի մէջ գոյութիւն ունեցած հայկականութեան շերտերով, որ հետագային հարստացած է խորհրդային արուեստի եւ հայաստանեան իրականութեան հետ անոր առընչութիւններով, եւ յատկապէս՝ իր ապրած կեանքով:
Օրեր առաջ իր մօրը նուիրուած ցուցահանդէսին առթիւ հեռատեսիլէն կը խօսէր Արամ Իսաբէկեան: Ան յուզիչ խօսքեր ըսաւ Արփենիկ Նալպանտեան նկարչուհիին մասին, ինչ որ գեղանկարները դիտելու պահուն միտքս եկաւ: Որդին ըսաւ, որ իր մայրը օժտուած էր անսահման բարութեամբ, եւ այսօր ալ, իր աշակերտներէն շատեր, որոնք տակաւին կան եւ կը ստեղծագործեն, մանաւանդ այդ բարութիւնը կը յիշեն եւ այդ բարութիւնն է, որ ան առաջինը փոխանցած է թէ՛ իր որդիներուն եւ թէ աշակերտներուն: Յիրաւի, բարութեան անսահման ծով է Արփենիկ Նալպանտեանի արուեստը:
Ցուցասրահին մէջ այցելուներուն կ՚ուղեկցի ցուցահանդէսի համադրող, պատկերասը-րահի երիտասարդ աշխատակցուհի Յասմիկ Պատալեան, որ ամէն մէկ նկարի կողքին հանգամանալից բացատրութեամբ կը վերլուծէ նկարչուհիին գոյները, պատկերները, գոյնի, ստուերի, լոյսի համադրութիւններն ու փոխակերպումները:
Ցուցադրութեան մէջ աչքի կը զարնէ Արփենիկ Նալպանտեանի գործերէն մին, որուն մէջ կան իր երկու որդիները՝ Մհերն ու Արամը: Վերջինս ընդամէնը ութ տարեկան եղած է, երբ մայրը հեռացած է կեանքէն։ 1959 թուականին գծուած այդ նկարը Արփենիկ Նալպանտեան խորագրած է «Իմ երախաները»։ Գեղարուեստական հիանալի գիծեր դրսեւորուած են այդ նկարին եւ միւս դիմանկարներուն մէջ: Իր երախաները ան պատկերած է՝ մեծը փոքրը գրկած, երկու եղբայրներ, որոնցմէ մէկը արդէն պատանի է եւ դէմքի արտայայտութենէն զգալի է, որ հետաքրքրութիւններու եւ մտածումներու իր ուրոյն աշխարհը ունի, իսկ փոքրը՝ զգայուն եւ ջերմ է, աւելի անմիջական:
Զգայուն դիմանկարներէն է «Իմ դիմանկարը» գործը, ուր Արփենիկ Նալպանտեան ինքզինք գծած է: Արուեստի տեսաբաններ այդ գործը նկատած են Արփենիկ Նալպանտեանի գլուխգործոցը, քանի որ այդ դիմանկարին մէջ ան լաւագոյնս պատկերած է երիտասարդ կնոջ, մտահոգ մարդու, ստեղծագործող հոգիի ողջ ներաշխարհը՝ զուսպ գոյներու եւ դասական գիծերու մէջ:
Կարծես մեզմէ բաւական տարիներ առաջ ապրած մարդու խոհերը կը կարդանք այդ գեղանկարին մէջ, կարծես կը տեսնենք այն մտահոգութիւնները, զորս այդ ժամանակներու ստեղծագործող կինը ունեցած է:
Գեղեցիկ ու ներկայանալի կին մը եղած է Արփենիկ Նալպանտեան: Միայն գեղեցիկ ներաշխարհով եւ գեղեցիկը տեսնելու ընդունակութեամբ մարդը կրնար այդքան գեղեցկօրէն պատկերացնել իր հայրենի բնութիւնը, իր երկիրը, շրջապատի մարդիկը, իր ընտանիքի անդամները, երախաներ՝ ուրախ, անհոգ ու զուարթ, եւ միաժամանակ թախիծ, հազիւ նշմարելի տխրութիւն կայ գիծերուն մէջ այն մարդոց, զորս նկարած է ան: Այդ մէկը թերեւս յետպատերազմական տարիներու թախիծն ու կորուստի ապրումներն են, զորս այդ տարիներու մարդիկ ապրած են, բայց եւ այնպէս՝ նոր կեանքի յոյսով լեցուած են: Այդ յոյսն է, ինչ որ մենք կը տեսնենք նկարչուհիի գեղանկարներուն մէջ:
Բնանկարներուն, ծաղկանկարներուն եւ այլ ժանրի գործերուն մէջ, անշուշտ, ակնառու եւ վառ են անոր պատկերած դիմանկարները։ Յայտնի է, որ նկարչուհին սիրած է մարդու ներաշխարհի միջոցաւ ցոյց տալ իր ապրումները:
Իր ողջութեան ժամանակ՝ Արփենիկ Նալպանտեան ունեցած է ընդամէնը երկու անհատական ցուցահանդէս, իսկ իր մահէն ետք անոր աշխատանքները ցուցադրուած են երկու անգամ՝ 1967-ին եւ 2001-ին: Նման նկարիչի արուեստին համար այս ընդմիջումները իսկապէս շատ են: Հայ դասականներու կարգը համալրած նկարչուհիին արուեստը կ՚արժէ, որ աւելի յաճախակի ցուցադրուի եւ մանաւանդ նոր սերունդը տեսնէ ստեղծագործական այն մեծ պոռթկումը, որ անցեալ դարու կէսերուն ունեցած է հայ մեծ նկարչուհին: Այդ միտքը յայտնած են նաեւ ցուցահանդէսի ներկայ երկու նախարարները՝ Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ այլ պաշտօնատար անձինք:
Ցուցահանդէսը Ազգային պատկերասրահին մէջ պիտի տեւէ մինչեւ Դեկտեմբերի 28-ը: 100-ամեայ յոբելեանի առթիւ նաեւ տպագրուած է պատկերագիրք մը, ուր ներկայացուած են Արփենիկ Նալպանտեանէն մտերմիկ յուշեր եւ անոր կեանքն ու գործունէութիւնը: Յատկանշական է, որ պատկերագիրքն ալ, ինչպէս յայտնեց ցուցահանդէսի համադրողը, ընդամէնը երկրորդ պատկերագիրքն է 1967 թուականին հրատարակուածէն յետոյ։ Հետեւաբար 100-ամեայ ցուցահանդէսը կարծես առիթ պիտի դառնայ աւելի յաճախ տպագրելու եւ աւելի յաճախ ցուցադրելու Արփենիկ Նալպանտեանի գործերը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ