ՎԻՇՏԻՆ ԳԵՂԵՑԻԿ ԿՈՂՄԸ
«Վիշտ» եւ «գեղեցկութիւն». իրարու բոլորովին հակառակ, թերեւս երբեք իրարու չհամաձայնող, իրարու հետ արտասանել նոյնիսկ անկարելի երկու իրողութիւն…։
Բայց պէտք է ընդունիլ, որ այն ամէն ինչ, ամէն իր եւ իրադարձութիւն եթէ գոյութիւն ունի աշխարհի վրայ, այդ կը նշանակէ, թէ կու գայ պահ մը, երբ անոնք իրարու կը հանդիպին, որքան ալ իրարու հակառակ, որքան ալ իրերամերժ ըլլան։ Զոր օրինակ՝ բարին եւ չարը իրարու ներհակ գոյութիւններ են, բայց երբե՛ք չեն պակսիր մարդկային կեանքէն, եւ նոյնիսկ համընթաց՝ նոյն պահուն կ՚ազդեն ու կը տպաւորեն մարդը, եւ ան կը ստիպուի նախընտրութիւն մը ընել եւ ըստ այնմ վարուիլ։
Ահաւասի՛կ այս հակադրութեան նման է նաեւ «վիշտ»ը եւ «գեղեցկութիւն»ը, որ կրնայ պատահիլ մարդուս կեանքի ընթացքին եւ նոյն ատեն տպաւորելով զայն՝ ուղղութիւն մը կրնայ տալ կեանքի ընթացքին։ Անկեղծօրէն խոստովանի՛նք. ճանչցա՞ծ էք մէկը՝ որ իր վիշտերուն մէջ յիշէ եւ մխիթարէ վշտացեալներ, իր լացին մէջ չմոռնայ նաեւ լացողները։
Եթէ ճանչցած էք այդպիսի մէկը, ահաւասի՛կ ան հրաշալի՜ մէկն է՝ վիշտը եւ գեղեցկութիւնը իր հոգիին մէջ միացնող, հաշտեցնող վեհանձն մարդ մըն է անիկա։ Եւ այդ հազուագիւտ ազնիւ մարդիկ յաջողած են հաշտեցնել, իրարու մօտ բերել «վիշտ»ը եւ «գեղեցկութիւն»ը։
Արդարեւ իրապէս առաքինի եւ իսկապէս ազնիւ մարդը այն է՝ որ ամէն պարագայի, ամէն հոգեվիճակի եւ ամէն պայմանի տակ չի հրաժարիր «գեղեցիկ»ը ապրելէ եւ գեղեցկութիւններ ապրեցնելէ իր շուրջիններուն։ Ահաւասիկ, այս կը նշանակէ «վիշտը գեղեցկացնել», կամ «վիշտը եւ գեղեցկութիւնը միացնել, հաշտեցնե՛լ»։ Մարդ կրնայ անհատական, ընտանեկան եւ ընկերական վիշտերով վիրաւորուած, խոցոտուած սիրտ մը ունենալ եւ նոյն սիրտը սիրով, ազնուութեամբ լեցուած ըլլալ։ Վիշտը եւ ցաւը պէտք չէ՛ տիրապետէ եւ ամբողջութեամբ գրաւէ ամբողջ սիրտը, եւ անպայմա՛ն սրտին մէջ պէտք է բաժին մը ունենայ սէրը։
Եւ եթէ սէրը ներկայ է, ապա ուրեմն հոն չի պակսիր ամէն գեղեցկութիւն, առաքինութիւն եւ ազնուութի՛ւն։
Բայց երբ վիշտը պատած է ամբողջ սիրտը, ամբողջ հոգին, այլեւս հոն տեղ չ՚ունենար գեղեցկութիւնը՝ իր ամենալայն իմաստով։ Այդ պարագային է որ վիշտը եւ գեղեցկութիւնը չեն համաձայնիր, չեն ընդունիր իրարու ներկայութիւնը մարդուս կեանքին մէջ։ Մինչդեռ գեղեցկութիւնը երջանկութիւն է, երանելի՜ կեանքի մը լուսաւոր ճամբա՛ն է։ Այն մարդը՝ որ իր վիշտին մէջ չի մոռնար, կը յիշէ ուրիշ վշտացեալներ, կը խորհի, թէ իրեն պէս ուրիշներ ալ կա՛ն, ան երջանիկ է իր վիշտին մէջ՝ մխիթարուած եւ զօրացա՛ծ։
Մարդ կրնայ վիշտ մը ունենալ եւ սակայն գեղեցիկէն չհրաժարիլ, կրնայ ցաւ ունենալ բայց նաեւ ուրիշներուն ցաւին մասնակից ըլլալ եւ նեղութեան մէջ ըլլալ բայց ուրիշներուն օգնել իրենց նեղութեանը մէջ եւ դիւրատար ընել անոնց կեանքը։ Մէկ խօսքով՝ հաշտեցնել վիշտը եւ գեղեցիկը։ Վշտին գեղեցկութիւնը, արդարեւ, կարելի է տեսնել բարի եւ արի հոգիներու մէջ, քա՛ջ սիրտերու մօտ՝ մինչեւ իսկ անոնց մահուան օրը երբ կը բաժնուին այս աշխարհէն։
Այս խորհրդածութիւններէն ետք կարելի է հարցնել սա հարցումը՝ թէ վիշտն ալ գեղեցիկ կրնա՞յ ըլլալ։ Ուստի կարելի է հասկնալ «գեղեցիկ աչքեր», «գեղեցիկ գործեր», «գեղեցիկ կեանք», որ կը նշանակէ՝ երջանիկ կեանքի մը գեղեցկութիւնը… Բայց «գեղեցիկ վի՜շտ», ո՜հ որքան տարօրինակ, որքա՜ն հակապատկեր եւ հակասական բացատրութիւն մըն է ասիկա։
Վիշտը, ընդհանուր առումով, իր արտաքին երեւոյթին տակ շա՜տ տգեղ է արդարեւ. ան ուրուականի մը պէս կը ցցուի մարդուս աչքին եւ անոր կեանքին առջեւ, ան մեր չսպասած, չուզած մէկ վայրկեանին ներս կը մտնէ մարդուս սրտէն ու տունէն՝ ուր յանկարծ կը փոխէ անոր դիմագիծը, ժպիտը արցունքի, ծիծաղը հեծեծանքի, եւ վիշտն ալ հզօր է մահուան պէս, բուռն է բոցի մը պէս, ջախջախիչ է երկնքի շանթին պէս։
Բայց վիշտը՝ ամէն հոգիներու համար մահացնող կամ փճացնող հարուածը չէ եւ չի կրնար ըլլալ։
Կ՚ըսուի, թէ՝ վիշտը սրտին փո՛ւշն է։
Արդարեւ վիճելի խօսք մըն է ասիկա։ Ոմանք կը բարեշրջեն խօսքը եւ կ՚ըսեն. «Վիշտը սրտին ծաղիկն է»։ Իսկ դուք սիրելի՜ բարեկամներ, դուք ի՞նչ կը խորհիք. վիշտը սրտին փո՞ւշն է, թէ ծաղիկը։
Մարդիկ կրնան վշտի փուշը ծաղիկի վերածել յարատեւ աշխատութեան եւ համբերութեան շնորհիւ։ Ուստի վիշտը պէտք է ըլլայ մարդուս նկարագրին, կիրքերուն, զգացումներուն համար «բո՛ց» մը, բով մը՝ մաքրելու, փայլեցնելու եւ գեղեցկացնելու համար իր հոգին, ինչպէս՝ ոսկին կամ մետաղը ոսկերչին քուրային կամ հալոցին մէջ։
Վեհ եւ ազնիւ հոգիներն են որ թէեւ տառապանքի եւ վշտի բոցին մէջ կ՚իյնան, կ՚այրին, բայց չեն մոխրանար, չեն փճանար, ընդհակառակը՝ ա՛լ աւելի գեղեցիկ, ա՛լ աւելի հրապուրիչ եւ պայծառ երեւան կու գան կեանքի թատերաբեմին վրայ։ Վիշտը՝ արդարեւ, իր արտաքին երեւոյթով յուսադրիչ չէ՛ երբեք եւ շատ անգամ յուսալքման պատճառ կրնայ հանդիսանալ։
Անոնք որ իրենց վիրաւոր հոգին կրնան լուալ «վշտի կրակէ աւազան»ին մէջ, կը մաքրուին արցունքի գետերուն մէջ իբր ձիւնասպիտակ աղաւնիներ, անոնց համար է որ Յայտնութեան գրքին մէջ Պատմոս կղզիի աքսորականը կ՚ըսէ.
«Սոքա են որ գան ի վշտաց մեծաց եւ լուացին զարկանելիս իւրեանց եւ սպիտակացուցին…» (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ Յովհաննէս Առաքեալին)։
Ուստի վիշտը չի՛ կրնար սրտին փուշը ըլլալ, որքան որ ան իր առաջին թափին մէջ այնպէս երեւի կամ կարծուի։ Վշտին մէջ՝ ա՛լ աւելի մեծ է մարդ քան հաճոյքի կամ ուրախութեան, տառապանքի ու կսկիծներու կեանքէն է որ կը ծնի ամենէն վսե՜մ, ամենէն բա՜րձր կեանքը։
Ուրեմն քա՛ջ ըլլանք. չսոսկանք, չզարհուրինք վիշտէն, չմերժենք զայն, չգանգատինք անկէ. քանի որ ան պիտի փորձէ մեզ, պիտի արիացնէ, պիտի գեղեցկացնէ ու ազնուացնէ մեր հոգին՝ իր իսկակա՛ն արժանիքովը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 14, 2016, Իսթանպուլ