ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ռուս Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քի­րիլ Ա. Պատ­րիար­քին հետ։ Եր­կու հո­գե­ւոր պե­տե­րը տե­սակ­ցե­ցան Սուրբ Դա­նիէ­լի Պատ­րիար­քա­նիստ վան­քէն ներս։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կող­քին էին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան, Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­սաս­տա­նի եւ Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Եզ­րաս Արք. Ներ­սի­սեան, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Շա­հէ Ծ. Վրդ. Ա­նա­նեան, գա­ւա­զա­նա­կիր Տ. Ա­ղան Ա­բ­ղ. Երն­ջա­կեան եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Տե­ղե­կա­տուու­թեան հա­մա­կար­գի տնօ­րէն Տ. Վահ­րամ Քհնյ. Մե­լի­քեան։ Ծա­նօթ է, որ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը Մոս­կուա այ­ցե­լեց՝ ռու­սաց պատ­րիար­քի 70-ա­մեա­կին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար։

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հա­յոց հա­ւա­տա­ւոր հօ­տին ա­նու­նով Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը շնոր­հա­ւո­րեց Քի­րիլ Պատ­րիար­քի ծննդեան 70-ա­մեա­կը՝ ա­նոր փո­խան­ցե­լով իր եղ­բայ­րա­կան սէրն ու բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ քա­ջա­ռող­ջու­թիւն եւ հո­վուա­պե­տու­թեան բե­ղուն տա­րի­նե­րու մաղ­թանք­ներ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը գո­հու­նա­կու­թեամբ ար­ձա­նագ­րեց, որ Քի­րիլ Պատ­րիար­քի հո­վուա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն շա­րու­նա­կուե­ցաւ Ռուս Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ յա­ռա­ջըն­թացն ու հո­գե­ւոր զար­թօն­քը՝ ի նպաստ ամ­բողջ քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հի։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րեց Քի­րիլ Պատ­րիար­քի կող­մէ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն եւ աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու քրիս­տո­նէա­կան հա­մայնք­նե­րուն նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուող զօ­րակ­ցու­թիւ­նը՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դառ­նա­լով Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րու ծանր ի­րա­վի­ճա­կին։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը այս ա­ռու­մով գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց, որ Ռուս Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վուա­պե­տի ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ է նաեւ Անդր­կով­կա­սի տա­րած­քաշր­ջա­նը։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս գնա­հա­տեց Քի­րիլ Պատ­րիար­քի միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րը տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս խա­ղա­ղու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը անդ­րա­դար­ձաւ եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ եղ­բայ­րա­կան կա­պե­րուն եւ գոր­ծակ­ցու­թեան՝ հա­մա­հունչ հայ եւ ռուս ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թեան։ Ան ներ­կայ աշ­խար­հի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն առ­ջեւ կա­րե­ւո­րեց ջան­քե­րու հա­մա­տեղ­ման եւ գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ւել ամ­րապնդ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու առ­ջեւ զա­նա­զան մար­տահ­րա­ւէր­ներն ու խնդիր­նե­րը։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Ռու­սաս­տա­նի հա­յոց թե­մե­րուն եւ տեղ­ւոյն հա­յու­թեան նկատ­մամբ մշտա­պէս ցու­ցա­բե­րուած հո­գե­ւոր խնամ­քի եւ հայ­րա­կան հո­գա­ծու­թեան հա­մար իր մաս­նա­ւոր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց Քի­րիլ Պատ­րիար­քին։

Իր կար­գին, Քի­րիլ Պատ­րիարքն ալ ող­ջու­նեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ու ա­նոր ըն­կե­րա­կից պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Նո­րին Սրբու­թեան՝ ի­րեն հա­մար յատ­կան­շա­կան յո­բե­լեա­նի այս օ­րե­րուն բե­րուած մաս­նակ­ցու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ռու­սաց պատ­րիար­քը գո­հու­նա­կու­թեամբ մատ­նան­շեց, որ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կը միա­ւո­րեն ան­ցեա­լի նուի­րա­կան կա­պե­րը եւ այ­սօր ալ ա­նոնք կը շա­րու­նա­կուին զօ­րա­նալ ու պտղա­բե­րիլ։ Ըստ ի­րեն, ան­ցեա­լի մէջ հայ-ռու­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ան­ցած են թէ՛ դժուա­րու­թիւն­նե­րու եւ թէ հե­րո­սա­կան եղ­բայ­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­մէ­ջէն՝ ան­կախ պե­տու­թիւն­նե­րու գո­յու­թեան պա­րա­գա­յին շա­րու­նա­կե­լով ամ­րապն­դուիլ եւ զար­գա­նալ նոր ո­գիով եւ ընդգր­կու­մով։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016