ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆԻ ՀԱՃԵԼԻ ԱՅՑԸ

Նա­խըն­թաց օր հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու ե­րի­տա­սարդ կրթա­կան մշակ Ա­րե­ւիկ Պա­պա­յեա­նը։ Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի կեան­քին, մա­նա­ւանդ ման­կա­պար­տէ­զի ա­ռօ­րեա­յին տե­ղեակ են՝ վեր­ջին շրջա­նին կ՚ող­ջու­նեն Ա­րե­ւիկ Պա­պա­յեա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, ան Հա­յաս­տա­նէն ե­կած է քա­ղաքս եւ կրթա­կան աս­պա­րէ­զին նուի­րուած՝ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ։ Ա­րե­ւիկ Պա­պա­յեան յա­ջո­ղած է կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին գրա­ւել բո­լո­րին սիր­տը։ Իր հա­ղոր­դա­կան նկա­րագ­րով եւ նուի­րեալ աշ­խա­տան­քով ար­ժա­նա­ցած է հա­մընդ­հա­նուր գնա­հա­տան­քի։ Դպրո­ցի վա­րիչ­նե­րէն սկսեալ մին­չեւ ծնող­նե­րը իր հետ հաս­տա­տած են դրա­կան կապ մը՝ ա­կա­նա­տես ըլ­լա­լով այն ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քին եւ հո­գա­ծու­թեան, զորս Ա­րե­ւիկ Պա­պա­յեան ցոյց կու տայ ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն նկատ­մամբ։

Խմբագ­րա­տան մեր զրոյ­ցին ըն­թաց­քին ա­ռիթն ու­նե­ցանք ան­ձամբ հա­ղորդ դառ­նա­լու իր դրա­կան բնա­ւո­րու­թեան, նաեւ հնա­րա­ւո­րինս ծա­նօ­թա­ցանք իր ի­տէալ­նե­րուն՝ որ­պէս ե­րի­տա­սարդ կրթա­կան մշակ։ Ար­ցախ­ցի ըն­տա­նի­քի մը դուստրն է Ա­րե­ւիկ Պա­պա­յեան, որ ծնած է Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ եւ ու­նի նաեւ եղ­բայր մը։ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս ան ու­սա­նած է թրքա­գի­տու­թիւն։ Այ­սինքն, մաս­նա­գի­տու­թեամբ թրքա­գէտ է, սա­կայն ներ­կա­յիս քա­ղա­քիս մէջ կ՚աշ­խա­տի որ­պէս օգ­նա­կան ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի։ Ա­մուս­նու­թեան բե­րու­մով իր կեան­քի ճա­նա­պար­հը զին­քը ա­ռաջ­նոր­դած է Իս­թան­պուլ։ Ան Ե­րե­ւա­նի մէջ ծա­նօ­թա­ցած է իր ներ­կայ ա­մուս­նոյն՝ Ա­րի Քեն­տիր­լիի հետ եւ այդ միաս­նա­կա­նու­թեան հի­ման վրայ ալ՝ հաս­տա­տուած է քա­ղաքս։

Ա­րե­ւիկ Պա­պա­յեան ջերմ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին մե­զի հետ բաժ­նեց իր հե­տաքրք­րա­կան դի­տար­կում­նե­րը՝ մեր կրթա­կան կեան­քին, հա­մայն­քի հա­յա­պահ­պա­նու­թեան խնդիր­նե­րուն եւ ընդ­հան­րա­պէս Իս­թան­պու­լի մէջ հա­սա­րա­կու­թեան կեն­ցա­ղին շուրջ։ Ե­րի­տա­սարդ կրթա­կան մշակ մը ըլ­լա­լու ա­ռըն­թեր, իր խոր­քայ­նու­թեամբ ան նաեւ ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կան մըն է։ Թէեւ կարճ ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը գտնուի քա­ղա­քիս մէջ, սա­կայն ա­մէն ինչ ըն­կա­լած է խո­րա­թա­փանց, բնա­կա­նա­բար որ­պէս թրքա­գէտ՝ իր մաս­նա­գի­տու­թիւնն ալ ի­րեն կը նպաս­տէ այդ ճա­նա­պար­հին վրայ։ Ի­րեն հա­մար հա­ճե­լի նո­րու­թիւն մը դար­ձած է նաեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հետ շփու­մը։ Օգ­տուե­լով հա­մայն­քէն ներս ըն­ձե­ռուած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն՝ ան կը ջա­նայ հնա­րա­ւո­րինս ըն­տե­լա­նալ այս ուղ­ղու­թեամբ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ան կը հե­տե­ւի նաեւ մեր մա­մու­լին եւ խմբագ­րա­տունս տուած այ­ցե­լու­թիւ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի ան ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մէ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի մա­սին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2016