ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

Ան­հա­ւա­տա­լի, բայց՝ իրաւ…

Այս խ­­ո­րագ­րին տակ՝ պիտ­ի ներ­կա­յացն­եմ ի­րա­կան կեան­քէ առ­նուած եր-կ­ու դրուագ, որ­ոնք վստահ եմ պիտ­ի ապ­շեցն­են ձեզ։

Ա­ռաջ­ին՝ ա­մուս­նա­կան ան­հա­ւա­սա­րակշ­իռ եւ զզ­­ուել­ի եր­եւ­ոյթ մը։

Մենք գիտ­էինք, որ միջ­ինա­րեւ­ել­եան երկ­իրն­եր­ուն մէջ, ձեւ­ով մը սով­որ­ու­թիւն դար­ձած էր, որ այր մարդ մը երբ ա­մուս­նա­նա­լու ըլ­լար՝ կ՚­­ընտր­էր իրմ­է նուա­զա­գոյն­ը գոն­է տաս­ը տար­ե­կան պզտ­­իկ կին մը։

Ա­մեր­ի­կա­յի մէջ, սա­կայն, ա­մուս­նա­ցեալ զ­­ոյգ­եր գրեթ­է տար­եկ­ից կ՚­­ըլ­լան։ Բա­ցա­ռու­թի­ւննե­ր ան­շուշտ միշտ ալ կը պա­տա­հին եւ ա­նոնք ընդ­հան­րա­պէս կը կրեն նիւ­թա­կան ա­պա­հո­վու­թե­ան բնոյթ, այ­սինքն, ե­թէ այր մար­դը տա­րի­քո­վ մեծ է, սա­կայն՝ հա­րուստ, աղ­քատ աղջ­կան հո­գը չ՚ը­լլար։ Այս պա­րա­գա­յին, ա­նոնք կը կո­չուի­ն «sugar daddy»:

Ու­րե­մն, գա­լո­վ մեր պատ­մու­թե­ան, Ֆլո­րի­տա նա­հան­գի Մա­յա­մի քա­ղա­քին մէջ 68 տա­րե­կան մե­ծա­հա­րուստ այր մը կ՚ա­մուս­նա­նայ 24 տա­րե­կան ե­րի­տա­սարդ եւ գե­ղե­ցի­կ պար­մա­նու­հի­ի մը հետ։ Սա մար­դուն եր­րո­րդ ա­մուս­նու­­թիւնն է եւ իր կի­նը գտած է հա­մա­ցան­ցի (website) մի­ջո­ցո­վ։

­Մին­չե­ւ հոս ար­տա­կարգ ո­չ մէկ ե­րե­ւոյթ, ի բաց ա­ռեալ տա­րի­քի բե­րու­մո­վ ան­հա­ւա­սա­րակ­շիռ ա­մուս­նու­թե­ան մը­։ Սա­կայն ո­՞ւր է ա­սոր զզուե­լի ե­րե­ւո­յթը­, ինչ­պէ­ս ո­րա­կե­ցի վե­րո­յի­շե­ալ խո­րագ­րին տակ։ Հի­մա թոյլ տուէ­ք բա­ցատ­րե­մ մարմ­նա­մաս­նօ­րէ­ն։­

Ա­մուս­նու­թե­նէ­ն ե­րե­ք ա­միս վերջ, երբ մեր նո­րապ­սակ հար­սը փե­սա­յին հին նկար­նե­րը կը դի­տէր, յան­կարծ ա­նոնց մէջ կը նշմա­րէ իր հօր նկա­րը­։ Հե­տա-քըրք­րուած ե­րբ ա­մուս­նո­յն կը հարց­նէ­, թէ ուր­կէ­՞ կը ճանչ­նայ ի­ր հայ­րը­, ան կը պա­տաս­խա­նէ­, որ ան ի­ր ա­ռա­ջի­ն ա­մուս­­նու­թե­նէ­ն ծ­նած մանչ զա­ւակն է… Ու­րե­մն՝ աղ­ջի­կը ա­մուս­նա­ցած է իր հա­րա­զատ մե­ծհօր հետ։ Աս­կէ ա­ւե­լի տհաճ ե­րե­ւո­յթ մի­թէ գո­յու­թի­ւն ու­նի­՞, դո՛ւք ը­սէ­ք!

Դեռ ա­ւե­լի՛­ն, մար­դը, որ պի­տի չա­մուս­նա­լու­ծուի իր նոր կնոջ­մէ­ն։ Հի­մա անհ­րա­ժե­շտ բա­ցատ­րու­թի­ւն մը, թէ ինչ­պէ­ս պա­տա­հած է այս տհաճ ե­րե­ւոյ­թը­, տե­ղին է կար­ծե­մ։­

Ի յայտ կու գայ, որ մար­դը իր ա­ռա­ջի­ն կ­նոջ­մէ­ն ա­մուս­նա­լու­ծուե­լէ­ն ետք իր բո­լոր կա­պե­րը խզած է տիկ­նո­ջ եւ զա­ւակ­նե­րուն հետ։ Հե­տե­ւա­բար, ան ո­չ իսկ տե­ղե­ակ է­, թէ իր զա­ւա­կը ա­մուս­նա­ցած ու ըն­տա­նիք կազ­մած է­։ Բայց ին­չ ալ ըլ­լան «նրբա­ցու­ցիչ դէպք յան­ցա­նաց»ի պայ­ման­նե­րը, ա­րեան կա­պը կը մնայ ա­նու­րա­նա­լի եւ ի վեր­ջոյ­՝ ան­թոյ­լատ­րե­լի ա­մուս­նու­թիւն մը, մեր ա­ւան­դա­կան ըմբռ­նու­մով։

Երկ­րորդ՝ հի­ւան­դա­նոց­ներ­ու անտ­րա­մա­բա­նա­կան գին­ե­րը։­

Գաղտ­նիք մը չէ, որ հի­ւան­դա­նոց­ներ­ը Ա­մե­րիկ­ա­յի տա­րած­քին վա­տա­համ­բաւ են ի­րեն­ց սա­կե­րով­։ Բաւ է ը­սել, որ ե­թէ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ա­պա­հո­վա­գրու­թիւն չու­նիս եւ կամ ե­թէ թ­­ո­շա­կա­ռու ըլ­լա­լով հան­դերձ պե­տութ­իւ­նը չ­­ի հո­գար քու ծախ­սերդ­, սնան­կութ­եան դու­ռը շ­­ու­տով ափ կ՚առ­նես…

Որ­պէս օ­րի­նա­կ բաւ է ը­սել, որ ցա­ւին ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հա­մար՝ տրուած իւ­րա­քան­չիւր դե­ղա­հատ կ՚ար­ժէ նուա­զա­գոյ­նը 8 տո­լա­ր։ Կա­րե­ւոր է նաեւ նշել, որ վի­րա­բոյ­ժին եւ կամ այ­ցե­լու բժիշ­կին սա­կե­րը բո­լո­րո­վին ան­կախ են հի­ւան­դա­նո­ցին սա­կե­րէ­ն։ Այ­ցե­լու բժիշ­կին այ­սօր «ինչ­պէ՞ս ես, լա՞ւ ես»ը կ՚ար­ժէ առ նուա­զն 75 տո­լար։

Ինչ որ է, հի­մա գանք մեր բուն նիւ­թին։ Այս դրուա­գը կը պա­տա­հի Եու­թահ նա­հան­գի U­tah Valley հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ։ Մայր մը գոր­ծո­ղու­թեամբ ծնունդ կու տայ իր զաւ­կին, իսկ հայ­րը՝ զա­ւա­կը ձ­­եռ­քե­րուն մէջ բռնե­լուն հա­մար կը վճա­րէ 3­9.35 տո­լար։ Է՜հ այս լսուած բա՞ն է։

Ս­­ա­կայն, երբ նկարն ու տրուած գու­մա­րին պատ­մու­թիւ­նը ֆ­­էյսպ­ու­քի (facebook) վրա­յով հա­մա­տա­րած ար­ձա­գանգ գտաւ, հի­ւան­դա­նո­ցի պատ­կան մար­մին­նե­րը հ­­րա­պա­րակ ի­ջան ինք­զինքն­ին ար­դա­րաց­նող յ­­այ­տա­րա­րու­թեամբ­:

Ա­նոնք կը պնդէին, թէ վճա­րուած գու­մա­րը հօ­րը զաւ­ակը շալ­կե­լու­ն հա­մար չէ, այլ հոն գ­տ­նուող բոյժ-­քոյ­րի­ն վար­ձատ­րու­թի­ւն­ն է։ Ա­ւե­լի՛ն. ա­նոնք դի­տել տ­­ուին­, թէ բոյժ-ք­րոջ ն­­եր­կա­յու­թիւ­նը նա­խազ­գու­շա­կան անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց մ­­ըն է­ր, որ­պէս­զի նո­րա­ծին ե­րա­խան ո­րե­ւէ հի­ւան­դու­թե­ամ­բ չ­վա­րա­կ-ւէր..­. Այս ծիծ­ա­ղե­լի բա­ցատ­րու­թե­ամ­բ՝ միայն միա­միտ­նե­րը կրնան հա­մոզ­ուիլ, չէ՞ք խոր­հիր!

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2016