ՆՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նը մշա­կոյ­թի մի­ջո­ցաւ մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ լա­ւա­գոյնս ներ­կա­յաց­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ե­րէկ քննար­կուե­ցան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեա­նի  կող­մէ, ո­րոնք կանգ ա­ռին երկ­րի ծա­նօ­թաց­ման ծրագ­րե­րուն եւ հա­մա­պա­տաս­խան նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու վրայ։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ար­մէն Ա­մի­րեան ե­րէկ Սերժ Սարգ­սեա­նին զե­կու­ցեց իր գլխա­ւո­րած նա­խա­րա­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու գե­րա­կայ ուղ­ղու­թիւն­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նի եւ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի ծա­նօ­թաց­ման ու զար­գաց­ման, ինչ­պէս նաեւ Ե­րե­ւա­նէ դուրս երկ­րի մար­զե­րէն ներս եւս մշա­կու­թա­յին կեան­քի աշ­խու­ժաց­ման ուղ­ղու­թեամբ նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ մշա­կուած են շարք մը ծրագ­րեր։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան նման խնդիր­ներ ար­ծար­ծած էր նաեւ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան 16-րդ հա­մա­գու­մա­րին ժա­մա­նակ։ Ուս­տի, ե­րէ­կուան զրոյ­ցին ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան այդ նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ճա­նա­պար­հին նա­խա­տե­սուած քայ­լե­րը։

Ար­մէն Ա­մի­րեան տե­ղե­կա­ցուց, որ երկ­րի մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­նե­րը ու­նին նա­խա­գա­հին հետ տե­սակ­ցե­լու փա­փա­քը։ Սերժ Սարգ­սեան սի­րով հա­մա­ձայ­նե­ցաւ հան­դի­պիլ մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­նե­րուն հետ եւ ա­ւել­ցուց, որ ինքն ալ այդ­պի­սի հան­դիպ­ման մը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կը զգայ։ Ար­դա­րեւ, իր մօտ ալ կու­տա­կուած են բա­զում հար­ցեր, հե­տե­ւա­բար խընդ-րեց պատ­րաստ ըլ­լալ ան­կեղծ զրոյ­ցի մը յի­շեալ ձե­ւա­չա­փին մէջ։

Ար­մէն Ա­մի­րեան ա­ռա­ջար­կեց ստեղ­ծել հա­մա­հայ­կա­կան սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խումբ մը եւ ա­նոր կազ­մին մէջ ընդգր­կել տա­ղան­դա­ւոր հայ արուես­տա­գէտ­ներ, ո­րոնք հան­դէս կու գան աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րուն մէջ։ Կը ծրագ­րուի ա­ռա­ջին հա­մեր­գը ի­րա­կա­նաց­նել յա­ռա­ջի­կայ տա­րուան Ապ­րի­լի 24-ին Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Այ­նու­հե­տեւ այդ նուա­գա­խում­բը տա­րուան ըն­թաց­քին հա­մերգ­նե­րով հան­դէս կրնայ գալ աշ­խար­հի շարք մը քա­ղաք­նե­րուն մէջ, ուր կը բնա­կին հոծ թի­ւով հա­յեր։

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան ող­ջու­նեց այս գա­ղա­փա­րը։ Ըստ ի­րեն, սա գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ Հա­յաս­տան-սփիւռք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան  իր պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն ու հա­մո­զում­նե­րուն, նաեւ ձե­ւով մը խորհր­դան­շա­կան գա­ղա­փար մըն է։ Սա ա­ռա­ջին հեր­թին կը նշա­նա­կէ ներ­դաշ­նա­կու­թիւն, միա­սին աշ­խա­տե­լու կա­րո­ղու­թիւն ու թե­րեւս այս­պի­սի նուա­գա­խումբ մը կրնայ ներ­դաշ­նակ ու միաս­նա­կան աշ­խա­տան­քի օ­րի­նակ մը հան­դի­սա­նալ միւս բնա­գա­ւառ­նե­րուն հա­մար։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016