ՊԷԶՃԵԱՆ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ԵՐԵԿՈՅԹ

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի Ծնո­ղաց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Գում­գա­բուի Պէզ­ճեան սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ընթ­րիք մը, ո­րու ըն­թաց­քին գոր­ծադրուե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր։ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեա­նի կող­մէ օրհ­նուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բուե­ցան ե­րե­կոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք խան­դա­վառ պա­հեր ապ­րե­ցան մե­նա­կա­տար Զէ­քե­րիա Իւն-­լի­ւի կող­մէ գոր­ծադ­րուած յայ­տագ­րով։ Ներ­կայ էր նաեւ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեան իր կո­ղակ­ցին հետ։

Ձեռ­նար­կի կազ­մա­կեր­պիչ ծնո­ղաց միու­թեան մաս կը կազ­մեն՝ Ռին­տի­հան Էօք­սիւն Արս­լան (ա­տե­նա­պե­տու­հի), Այ­կիւլ Եըլ­տը­րըմ, Թա­լին Եը­լան­ճըօղ­լու, Ա­նոյշ Շի­րին, Մա­րիամ Քափ, Ժա­նէթ Ավ­ճու, Հիւ­լիա Շարք­լը, Եէ­լիզ Մե­թին, Մա­րիա Նա­լեան, Վեր­ժին Պաղ եւ Կիւ­լէր Տո­լաշ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2016