ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Քննչա­կան կո­մի­տէն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հա­ւա­քա­ծոյէն կոր­սուած իւ­ղան­կա­րի հար­ցին շուրջ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վեր­ջերս տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ Պատ­րիար­քա­րա­նի հա­ւա­քա­ծոյէն կոր­սուած եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ յայտ­նուե­լով վա­ճառ­քի դրուած այդ գոր­ծին շուրջ դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Հա­յաս­տա­նի Ոս­տի­կա­նու­թեան ու կը սպա­սուէր պա­տաս­խա­նի։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, Հա­յաս­տա­նի Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը այդ գոր­ծը փո­խան­ցած է Քննչա­կան կո­մի­տէին։ Այս վեր­ջի­նը ե­րէկ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց tert.am կայ­քէ­ջին, որ եւս զբա­ղած է այս նիւ­թի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով։ Ծա­նօթ է, որ սոյն խնդի­րը վեր­ջերս գայ­թակ­ղու­թեան մը տես­քով օ­րա­կար­գի վրայ բե­րուած էր «Կը պա­հան­ջենք պատ­ժել Ա­րամ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեա­նը» հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­ցիա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան կող­մէ եւ ըստ ե­րե­ւոյ­թին, Քննչա­կան կո­մի­տէին կող­մէ փո­խան­ցուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը կը հա­մա­րուին այդ պնդում­նե­րուն պա­տաս­խա­նը։

Յա­տուկ Քննչա­կան կո­մի­տէի պա­տաս­խա­նին մէջ ընդգ­ծուած է, որ 2014 թուա­կա­նի Նո­յեմ­բե­րի 10-ին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ոս­տի­կա­նու­թեան տե­ղե­կու­թիւն հա­սած է, թէ 2005 թուա­կա­նին Տ. Մես­րոպ Պատ­րիարք Մու­թա­ֆեան նոյն ո­ճով այլ նկա­րի մը պատ­րաս­տու­թեան հա­մար ան­ծա­նօթ ան­ձի մը յանձ­նած է Պատ­րիար­քա­րա­նի հա­ւա­քա­ծոյին մաս կազ­մող Ա­րամ Խաչ­ատու­րեա­նի կող­մէ 1903 թուա­կա­նի Հոկ­տեմ­բե­րի 20-ին նկա­րուած ե­պիս­կո­պո­սի մը իւ­ղա­ներկ նկա­րը, որ այ­լեւս չէ վե­րա­դար­ձուած Պատ­րիար­քա­րան։

Այս հա­ղորդ­ման հի­ման վրայ նիւ­թե­րու պատ­րաս­տու­թեան ձեռ­նար­կած է յան­ցա­ւո­րու­թեան դէմ պայ­քա­րի գլխա­ւոր վար­չու­թիւ­նը։ Այդ պատ­րաս­տու­թեան ըն­թաց­քին պար­զուած է, որ Ե­րե­ւան քա­ղա­քի բնա­կի­չ մը, նոյն ե­պիս­կո­պո­սի դի­ման­կա­րով անս­տո­րա­գիր իւ­ղա­ներկ նկա­րը ներ­կա­յաց­նե­լով որ­պէս աշ­խար­հահռ­չակ հայ նկա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի կող­մէ նկա­րուած գործ, փոր­ձած է զայն վա­ճա­ռել Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նին։

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Քննչա­կան կո­մի­տէի յատ­կա­պէս կա­րե­ւոր գոր­ծե­րու քննու­թեան գլխա­ւոր վար­չու­թիւ­նը այս դէպ­քին կա­պակ­ցու­թեամբ 2014 թուա­կա­նի Նո­յեմ­բե­րի 20-ին յա­րու­ցած է քրէա­կան գործ։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քրէա­կան օ­րէնսգր­քի 34-178 յօդուա­ծի եր­րորդ մա­սի ա­ռա­ջին կէ­տի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ այժմ կը կա­տա­րուի նա­խաքն­նու­թիւն։

Քննչա­կան կո­մի­տէի կող­մէ փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յի­շեալ քրէա­կան գոր­ծին շրջագ­ծով հար­ցաքն­նուած է որ­պէս վկայ։ Նոյն առ­թիւ նշուած է, որ կտա­ւի հե­ղի­նա­կին եւ քրէա­կան գոր­ծին տե­սա­կէ­տէ էա­կան նշա­նա­կու­թեամբ շարք մը հար­ցեր պար­զե­լու նպա­տա­կով ձեռ­նար­կուած են դա­տամ­շա­կու­թա­բա­նա­կան, դա­տա­փաս­տաթղ­թա­բա­նա­կան, դա­տա­նիւ­թա­գի­տա­կան եւ դա­տա­ձե­ռագ­րա­բա­նա­կան հա­մա­լիր փոր­ձաքն­նու­թիւն­նե­րու։ Այս վեր­ջին­նե­րուն կա­տա­րու­մը յանձ­նա­րա­րուած է Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նակ­ցու­թեան ի­րա­ւա­սու մար­մին­նե­րուն, ո­րոնց եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը տա­կա­ւին չէ ստա­ցուած։

Վե­րո­յի­շեալ կայ­քէ­ջը կը մատ­նան­շէ, որ Քննչա­կան կո­մի­տէն նախ յայտ­նած էր, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան՝ Յով­հան­նէս Այ­քա­զովս­քիի նկար­նե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կուն ան­հե­տաց­ման գոր­ծին մէջ ներգ­րա­ւուած չէ։ Ո­րոշ ժա­մա­նակ անց նոյն աղ­բիւ­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յի­շեալ գոր­ծին մէջ ներգ­րա­ւուած է։ Այդ ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը վկա­յի կար­գա­վի­ճա­կով է՝ ինչ­պէս կա­րե­լի է հե­տեւց­նել Քննչա­կան կո­մի­տէի պար­զա­բա­նում­նե­րէն։

ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեան ե­րէկ մեկ­նե­ցաւ Պա­րի, Ի­տա­լիա։ Ի­րեն կ՚ըն­կե­րա­նայ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Սուրբ Նի­կո­ղա­յո­սի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։

Ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը քա­ղաքս պի­տի վե­րա­դառ­նայ Չո­րեք­շաբ­թի ե­րե­կո­յեա­ն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016