ՄԿՐՏԻՉ ԿԻՒԼԷԶԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Ա­տամ­նա­բոյժ Մկրտիչ Կիւ­լէ­զեան վեր­ջերս այ­ցե­լեց Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րան։ Ան հեր­թա­կան ան­գամ քննու­թեան են­թար­կեց ա­շա­կերտ­նե­րու ա­տամ­նե­րը։ Զգա­ցա­կան խոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր այս այ­ցը, ո­րով­հե­տեւ մաս­նա­գէտն ալ ան­ցեա­լի մէջ ե­ղած էր Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի սա­նե­րէն մին։ Քննու­թեան զու­գա­հեռ Մկրտիչ Կիւ­լէ­զեան տղոց բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ ա­տամ­նե­րու խնամ­քի կա­րե­ւո­րու­թեան շուրջ։

Մայր վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Նա­յիր շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Մկրտիչ Կիւ­լէ­զեա­նի ջերմ ու բծախն­դիր վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016