ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՍԳԱՅ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՇԻԼԹԵՓԷԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

Ցա­ւով տե­ղե­կա­ցանք, որ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քը կը սգայ իր ե­րի­ցա­գոյն ան­դամ­նե­րէն մէ­կուն կո­րուս­տը։ Ոչ եւս է Տքթ. Յով­հան­նէս Ե­շիլ­թե­փէ, որ ե­ղած է վար­ժա­րա­նի ա­ռա­ջին շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն մին։ Յով­հան­նէս Ե­շիլ­թե­փէ, որ եր­կար տա­րի­ներ ապ­րած է Լոն­տո­նի մէջ, չէ ա­մուս­նա­ցած, հե­տե­ւա­բար նաեւ չէ ու­նե­ցած զա­ւակ­ներ։ Իր մա­հէն ան­մի­ջա­պէս վերջ մար­մի­նը փո­խադրուած է Գեր­մա­նիոյ Քէօլն քա­ղա­քը, ուր կը բնա­կին իր քոյ­րե­րը։ Նա­խըն­թաց օր Քէօլ­նի Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ իր յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Գեր­մա­նա­հա­յոց Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պէք­ճեան։ Յով­հան­նէս Ե­շիլթե­փէ յու­ղար­կա­ւո­րու­թե­նէն վերջ թա­ղուե­ցաւ Քէօլն քա­ղա­քին մէջ։

Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քէն ե­րէց ան­դամ­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս շա­բա­թա­վեր­ջին Սկիւտա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ի­րեն ի յի­շա­տակ կի­րակ­նա­մու­տի պաշ­տօն պի­տի կա­տա­րուի, որ­պէս­զի իր ա­ւար­տած վար­ժա­րա­նի հո­վա­նիին ներ­քեւ ան վեր­յի­շուի դէ­պի յա­ւեր­ժու­թիւն իր ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան փու­լին եւ ա­ղօթք բարձ­րա­ցուի առ Աս­տուած հոգ­ւոյն հանգս­տու­թեան հա­մար։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2016