ԸՆՏՐԷ
(4) Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան մի՛ տար, չըլլայ որ դուն ալ անոր նման ըլլաս:
(5) Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան տո՛ւր, չըլլայ որ անիկա զինք իմաստուն կարծէ:
Առակաց (26)
Առաջինի պարագային (4), ես կը նախընտրեմ պատասխանել ըստ անձին, տեղին եւ նիւթին, ապա՝ քաշուիլ ներաշխարհիս մէջ ու խոկումի պահեր ապրիլ, ինքնանորոգման եւ «յիմար»ին ըսածին ինչպէս նաեւ իմ պատասխանիս, վերջ ի վերջոյ մեր աղօթքներէն մէկուն՝ եզրակացութիւնը արտասանելու. «Եւ ողորմեա՛ քու արարածոց եւ ինձ բազմամեղիս»:
Իսկ երկրորդի (5) պարագային, անձնապէս, լաւագոյնն է նմաններու հետ գործ չունենալ… բայց երբ «կախուին վիզէդ» կ՚ըսես- bye bye ու վերջ: Բայց եկուր տես, որ կը պլլուին, կը կրկնես bye bye-դ: Կը շարունակես, կը տեսնես որ անօգուտ է ամէն միջոց, խօսք, հասկացողութիւն, քանզի յիմարները ամենագէտներ են, պէտք չունին այլոց խելապատիկէն արձակուածներուն, այլ՝ իրե՛նք է որ պիտի հաստատեն իրենք զիրենք: Թող այդպէս ըլլայ, բայց bye bye-ը ընդունին:
Ամենայնդէպս, լաւագոյն պատասխանը կ՚ըլլայ երբեմն՝ չպատասխանել, լռութիւն: Երբեմն պատասխանել ժպիտով՝ նայած նիւթին եւ տեղին, յարմարութեան վերջապէս, երբեմն ալ կ՚երկարի… իբրեւ աւարտաճառ:
Առիթով մը, ծանօթ մը հարցուց ինծի. «Ի՞նչ կը սիրես ամենէն աւելի», ըսի «չեմ հասկնարկոր», կրկնեց հարցումը, աւելցնելով՝ «Ես խումարը (բախտախաղ) կը սիրեմ, որուն ի՞նչ». ըսի. «Հասկցայ՛ ես վիճիլ կը սիրեմ, բայց ոչ թէ վիճելու սիրոյն, այլ՝ հասկացողութեան գալու, ինչպէս ելեկտրական հոսանքներու երկու թելերը. տաք եւ պաղ իրարու հետ եթէ հաշտ ընթանան, լոյս կը ծագի: Առանց երկարապատում արտայայտութիւններ ալ սիրած եմ. կարճ, կտրուկ. ինչպէս. «Եկայ, տեսայ, յաղթեցի» Իլիոս կեսար, երբ փոքր Ասիան գրաւեց կայծակնային արագութեամբ: Առաւել՝ Յիսուսի մէկ խօսքը. «Քու բերնէդ քեզ դատեցի, այսինքն՝ շարժումի մը կամ կուսակցութեան մասին է որ պիտի խօսիմ, կամ անդրադառնամ, նոյն ա՛յդ կուսակցութեան էջերէն պրպտելով կ՚ուզեմ երեւան հանել թաքնուած կամ տարբեր պատճառներով չհրապարակուած կամ նոյնիսկ հրապարակուելէն ետք՝ հաւաքուած գիրքերով:
Թէ ի՞նչ կը սիրեմ…
Հին հարցումի նո՛ր պատասխան. Համացանցի մէջ բաժին մը կայ, որ հայերէնով «դիմատետր» անունը կը տրուի: Լոնտոնի «Հայտ փարքը» յիշեցնող, որ խօսքի ազատութիւնը առանց սահմանի կը թռչկոտի հոս ու հոն, քանի որ մարդիկ իրենք զիրենք շատ ազատ կը զգան: Այդ ցոյց կու տայ խօսք առնողներու որոշ ուղղութիւնը. (եթէ որոշ է). երգիծանքներ, հայհոյանքներ, ածականներ, փունջեր կը յորդի՜ն… մանաւանդ՝ մեղձաւորներու կողմէ, այս՝ կը շեշտուի մանաւանդ «դիմատետր»ի անձնական բաժնին մէջ, ձեւով մը հեռակայ «Հայտ փարք»: Իրապէս լաւ միտք է, որպէսզի մարդիկ քիչ մը իրենք զիրենք բաւականացած զգան: Հուսկ՝ թեթեւցած, ապա գուցէ վերադառնան իրենց բոյները, կամ խուցերը: Ֆրէք Քրէյնի «Դուրսը» գրութենէն. «Բանտի խցիկէն արեւալոյսը հանել կը նշանակէ մարդկային աղբադէզը տանիլ ապականութենէն դէպի վերաշինութիւն: Մտագարներ շատ կատաղի են երբ կ՚արգելափակուին, կը խելօքնան՝ երբ դուրս հանուին»:
Ահա գտանք ճիւղ մը, որով կրնանք ներողամիտ գտնուիլ սանձարձակ թէ սնանկ, պատշաճ թէ անպատշաճ, չափ ու կշիռ կորանցուած գրութիւններու հեղինակին(ներուն) հանդէպ:
Արաբ մը պիտի ըսէր. «Ալլա Եըհտիք»:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան