NOSTALJİ-Ի ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Nostalji գրա­խա­նութ-սրճա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հրա­պա­րա­կա­գիր Հայ­քօ Պաղ­տա­տի «Քուր­թու­լուշ չոք տե­ղիշ­թի» գիր­քին շնոր­հան­դէ­սը։ Սա հե­ղի­նա­կի եր­րորդ գիրքն է։

Ե­րէ­կուան ձեռ­նար­կի բաց­ման ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց «Պիր­զա­ման­լար»ի հրա­տա­րակ­չու­թեան տնօ­րէն Օս­ման Քէօ­քէր։ Հայ­քօ Պաղ­տատ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուաւ գիր­քին շուրջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս ծան­րա­նա­լով պատ­րաս­տու­թեան, բո­վան­դա­կու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման փու­լե­րուն վրայ։ Դե­րա­սան Պօ­ղոս Չալ­կը­ճըօղ­լուն ալ ըն­թեր­ցեց այն յօ­դուա­ծը, ո­րու ա­նու­նով կո­չուած է այս գիր­քը։

Հա­ւա­քոյ­թը շա­րու­նա­կուե­ցաւ ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ եւ ա­ւար­տին Հայ­քօ Պաղ­տատ ներ­կայ ըն­թեր­ցա­սէր­նե­րուն հա­մար մա­կագ­րեց իր գիր­քը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2016