ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

Շու­կա­յի Լե­զու (Marketing Gimmicks)

Գո­հա­բա­նու­թեան օ­րը (Thanksgiving Day) շատ մեծ նշա­նա­կա­նու­թիւն ու­նի Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ժո­ղո­վուր­դին հա­մար: 1621 թուականին Անգ­լիա­յէն ժա­մա­նած ուխ­տա­ւոր­նե­րուն կող­մէ սկսած, 1789 թուա­կանին ա­նի­կա դար­ձաւ պե­տա­կան տօն՝ ա­ռա­­ջին նա­խա­գահ Ճորճ Ո­ւա­շինկ­թը­նի կող­մէ ստո­րագ­րուած հռչա­կա­գի­րով մը։ Ըստ այդ, Նո­յեմ­բեր ամ­սուան չոր­րորդ Հինգ­շաբ­թին կը նշա­նա­կուի իբ­րեւ Գո­հա­բա­նու­թեան տօն։

Գո­հա­բա­նու­թեան օ­րուան նա­խար­դող եւ յա­ջոր­դող օ­րե­րուն, մօ­տա­ւո­րա­պէս 50 մի­լիոն ա­մե­րի­կա­ցի­ներ կը ճամ­բոր­դեն՝ այդ տօ­նը ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րով անցը­նե­լու հա­մար։ Ա­նոնց­մէ 45 մի­լիո­նը կը ճամ­բոր­դեն ինք­նա­շար­ժով, 3 մի­լիո­նը՝ օ­դա­նա­ւով եւ մնա­ցեա­լը՝ շո­գե­կառ­քով։

Այս օ­րե­րուն սա­կայն, Գո­հա­բա­նու­թեան օ­րը դժբախ­տա­բար կորսն­ցու­ցած է իր ա­ւան­դա­կան ըմբռ­նու­մը եւ դար­ձած՝ վա­ճառ­քի տօ­նա­հան­դէս։ Ար­դա­րեւ, ա­ռեւ­տու­րի հաս­տա­տու­թիւն­ներ մեծ զեղչեր յայ­տա­րա­րե­լով՝ ժո­ղո­վուր­դը կը մղեն գնում կա­տա­րե­լու։ Կ՚ըսուի, թէ կարգ մը վա­ճա­ռա­տու­ներ, այդ օ­րե­րուն կ՚ա­պա­հո­վեն տա­րե­կան ի­րենց ե­կա­մու­տին 50 տո­կո­սը։

Իսկ ի՞նչ են վե­րո­յի­շեալ շու­կա­յի լե­զուին հետ առըն­չուած բա­ռա­պա­շար­նե­րը։ Հի­մա թոյլ տուէք բա­ցատ­րեմ։

Ա­ռա­ջին, Black Friday, որ կը զու­գա­դի­պի Գո­հա­բա­նու­թեան տօ­նին յա­ջոր­դող Ուր­բաթ օ­րուան։ Այս տա­րուան վի­ճա­կագ­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, թէ այդ օ­րը՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու տա­րած­քին, մար­դիկ ի­րենց գնում­նե­րուն հա­մար ծախ­սած են 1.2 մի­լիառ տո­լար։

Երկ­րորդ, Cyber Monday, որ կը զու­գա­դի­պի Գո­հա­բա­նու­թեան տօ­նին յա­ջոր­դող Եր­կու­շաբ­թի օ­րուան։ Սա կը նշա­նա­կէ, որ մար­դիկ ի­րենց գնում­նե­րը կ՚ը­նեն հա­մա­ցան­ցով, այ­սինքն՝ online: Ու­րեմն, ըստ նոյն վի­ճա­կագ­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն՝ այս տա­րուան ե­ղած գնում­նե­րը կը գնա­հա­տուին 3.45 մի­լիառ տո­լա­րով։ Հոս պէտք է ա­ւելց­նել, որ հա­մա­ցան­ցով կա­տա­րուած գնում­նե­րու ապ­րանք­նե­րը՝ նա­մա­կա­տան մի­ջո­ցաւ՝ ձրիօ­րէն կը հաս­նի ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րը։

Եր­րորդ, Giving Tuesday, որ կը զու­գա­դի­պի Գո­հա­բա­նու­թեան տօ­նին յա­ջոր­դող Ե­րեք­շաբ­թի օ­րուան։ Այս ալ զա­նա­զան բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար նուի­րա­տուու­թիւն հա­ւա­քե­լու նոր ձեւ մըն է, որ սկսաւ կի­րար­կուիլ միայն վեր­ջերս։ Այ­սինքն՝ երբ Աս­տու­ծոյ գո­հու­նա­կու­թիւն կը յայտ­նես, պէտք է յի­շես նաեւ կա­րօ­տեալ­նե­րը…

Պե­տա­կան Մսխում

Գաղտ­նիք մը չէ եր­բեք, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը՝ հա­ւա­նա­բար նաեւ այլ եր­կիր­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը, ան­տե­ղի ծախ­սեր կը կա­տա­րեն՝ մսխե­լով ժո­ղո­վուր­դէն հա­ւա­քուած տուր­քե­րը։ Ա­հա­ւա­սիկ, այս ծի­րէն ներս, պի­տի բա­ցա­յայ­տեմ մեր կա­ռա­վա­րու­թեան ի­րա­գոր­ծած մէկ գիւ­տը, որ ար­ժած է մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­ներ։

Ար­դա­րեւ, Ազ­գա­յին անջր­պե­տի տիե­զե­րա­նա­ւա­յին գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը (NASA. National Aeronautic Space Agency) յայտ­նա­բե­րած է, թէ գրի­չը չեն կրնար օգ­տա­գոր­ծել անջր­պե­տի մէջ, ուր քա­շո­ղա­կան ուժ գո­յու­թիւն չու­նի (zero gravity):

Ուս­տի, այս հար­ցը լու­ծե­լու հա­մար, անջր­պե­տա­յին գիտ­նա­կան­ներ պե­տա­կան հա­ւա­նու­թեամբ՝ տա­սը տա­րուան վրայ եր­կա­րող գի­տաշ­խա­տու­թեամբ մը հնա­րած են գրիչ մը, որ կը գոր­ծէ քա­շո­ղա­կան ու­ժի չգո­յու­թեան պա­րա­գա­յին։ Իսկ այս աշ­խա­տան­քը ար­ժած է 165 մի­լիոն տո­լար։

Հի­մա նա­յինք, թէ վե­րո­յի­շեալ հար­ցը լու­ծե­լու հա­մար, ռուս գիտ­նա­կան­նե­րը ի՞նչ ը­րած են։ Ա­նոնք, պար­զա­պէս, ա­ռա­ջար­կած են, որ անջր­պե­տի մէջ, տիե­զե­րա­նա­ւորդ­ներ օգ­տա­գոր­ծեն մա­տի­տը եւ վերջ… սա թէ՛ տրա­մա­բա­նա­կան է եւ թէ ալ գործ­նա­կան, չէ՞ք խոր­հիր!

Մենք՝ ե­կա­մու­տի տուրք վճա­րող պարզ քա­ղա­քա­ցի­ներս, դժբախ­տա­բար, չենք կրնար մի­ջա­մուխ ըլ­լալ կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռած ո­րո­շում­նե­րուն, թէ ի­րենց պիւտ­ճէն ինչ­պէ՞ս պէտք է բաշ­խեն։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2016