Թրամփի Յաղթանակը Հիասթափեցուցած Է Օպաման
Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա խօսելով իր երկրին մէջ 8 Նոյեմբերին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան արդիւնքներուն եւ հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփի անակնկալ յաղթանակին մասին ըսած է, որ ատիկա «հիասթափեցնող» էր:
Այս մասին Պարաք Օպամա ըսած է «Ռոլինկ Սթոն» ամսագիրին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին՝ աւելցնելով, որ թէեւ նախագահական ընտրապայքարի ամբողջ ընթացքին պնդած է, որ Տանըլտ Թրամփ պիտի չյաղթէ, սակայն եօթանասուն տարեկան միլիառատիրոջ յաղթելու առիթները միշտ ալ եղած են բարձր:
«Ինչ խօսք, ես հիասթափուած եմ` մասամբ այն պատճառով, որ ի դէմս Հիլըրի Քլինթընի կը տեսնէի լաւ նախագահի», ըսած է Օպամա:
Ան նաեւ նշած է, որ Քլինթընի պարտութիւնը մասամբ պայմանաւորուած էր այն փաստով, որ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը, ի տարբերութիւն Հանրապետականին, աւելի շատ կեդրոնացած էր արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն վրայ՝ մոռնալով սպիտակամորթ աշխատաւոր դասակարգին հետ աշխատիլ:
Վերջաւորութեան Օպամա նաեւ մեկնաբանած է վերջին շրջանին աշխուժօրէն քննարկուող այն տեղեկութիւնը, թէ Առաջին տիկին Միշէլ Օպամա կրնայ յաջորդ նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրել իր թեկնածութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսած է, որ իր կինը երբեք այդպիսի բան պիտի չընէ, որովհետեւ կ՚ուզէ հեռու մնալ քաղաքականութենէն: