ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չու­թեան բա­ժի­նը վեր­ջերս հրա­տա­րա­կեց եր­կու նոր գիր­քեր։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ եւ «Սար­գիս Գաբ­րիէ­լեան» հիմ­նադ­րա­մի մե­կե­նա­սու­թեամբ լոյս տե­սան այս գիր­քե­րը։

Ա­նոնց­մէ մին է Ե­րուանդ Օ­տեա­նի նշա­նա­ւոր գոր­ծը՝ «Ա­նի­ծեալ տա­րի­ներ. (1914-1919 անձ­նա­կան յի­շա­տակ­ներ)» մե­նագ­րու­թեան ռու­սե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը։ Թարգ­մա­նիչն է Հրազ­դան Մա­դո­յեան։ Ծա­նօթ է, որ Ե­րուանդ Օ­տեա­նի այդ շատ կա­րե­ւոր գոր­ծը ա­ռա­ջին ան­գամ որ­պէս թեր­թօն հրա­տա­րա­կուած է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին մէջ։

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չու­թեան բաժ­նին կող­մէ հրա­տա­րա­կուած երկ­րորդ գիրքն է Ար­շակ Տէր-Մե­լի­քեա­նի «Ու­սումն Ս. Գրոց (նե­րա­ծու­թիւն)» դա­սա­գիր­քը։ Հո­գե­ւոր-կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ Ս. Գիր­քով հե­տաքր­քուող­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած է այս գոր­ծը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ 1901 թուա­կա­նին լոյս տե­սած է Թիֆ­լի­զի մէջ։ Ներ­կայ վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թիւ­նը կա­տա­րուած է գրե­թէ ա­ռանց փո­փո­խու­թեան՝ լրա­ցուե­լով միայն 20­-րդ դա­րաս­կիզ­բին բնո­րոշ եզ­րե­րու վե­րա­բե­րեալ ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­նե­րով։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2016