ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ 50-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանին ձօնուած հանդիսութիւններու շարքը շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ծանօթ է, որ Կազդուրման կայանի գործունէութեան կէս դարը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էր համայնքային կեանքէն ներս եւ այդ փուլը արժեւորուեցաւ պատշաճ ձեւով՝ հաստատութեան գործունէութեան առանձնայատկութիւններու մատնանշումով։ Ցայսօր կատարուեցան զանազան ձեռնարկներ, իսկ շաբաթավերջի եզրափակիչ հանգրուանն ալ եղաւ իսկապէս շատ խանդավառ։ Յոբելենական ձեռնարկներու մէկ մասը, որոնք նախատեսուած էին ամրան ամիսներուն համար, ակամայ յետաձգուած էին Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի բարեյիշատակ կողակցին՝ Նատիա Կիւլմէզկիլի անժամանակ մահուան հետեւանքով։ Հետեւաբար, շաբաթավերջին կազմակերպուած պաշտօնական ճաշը բնորոշեց 50-ամեակի ձեռնարկներուն եզրափակումը, ընդգրկելով նաեւ յետաձգեալ քանի մը ձեռնարկ։
Շաբաթ երեկոյեան, Լեւենտի «Wyndham Grand Otel»ը հիւրընկալեց համայնքային շրջանակներէն հոծ թիւով ներկայացուցիչներ, որոնք համակուած էին Կազդուրման կայանի 50-ամեակի ուրախութեամբ եւ համախմբուած՝ յոբելենական շրջանի եզրափակիչ փուլը նշելու։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Շիրվան Քհն յ. Միւրզեան։ Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները, 50-ամեակի Կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի Նաժտա Շատեան եւ իր ընկերները, Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետ Արթին Քիլէճի եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Իրենց միացած էր նաեւ մեր ծանօթ ազգայիններէն Հայկ Ասլանեան, որ Կազդուրման կայանի հիմնադրութեան շրջանին վկայ ու մասնակից միակ համայնքային գործիչն է ներկայիս։
Երեկոյթը սկսաւ այս յոբելեանին առթիւ յատկապէս նախատեսուած տարազներու տողանցքով մը։ Նորաձեւութեան աշխարհի յայտնի անուններէն Եըլտըրըմ Մայրուք, Վուրալ Կէօքչայլը եւ Սէրլի Քէչօղլու (Քլոշ) պատրաստած էին մասնաւոր տարազներ, որոնք ներկայացուեցան մեր համայնքէն տասնմէկ բնորդուհիներու կողմէ։ Ճաշասեղաններու շուրջ համախմբուելէ առաջ ներկաներուն համար հաճելի ժամանցի առիթ մը եղաւ այս մէկը։ Յիշեալ երեք անուններուն եւ բնորդուհիներուն ի յիշատակ յանձնուեցան վկայականներ։
Աւելի վերջ ներկաները անցան ճաշասրահ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ Սարօ Պէնկլեանի եւ Մելիսա Փեհլիվանօղլուի հանդիսավարութեամբ։ Հիմնական ատենախօսներն էին՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Նաժտա Շատեան եւ Արթին Քիլէճի։ Երաժշտական բաժինը իսկապէս շատ ճոխ էր։ Իրերայաջորդ բեմ առին մեր երաժշտական կեանքէն յայտնի մենակատարներ. ինչպէս՝ Պարթեւ Կարեան, Ալեքս Թաթարեան, Ասլին Թաթարեան, Մարալ Աթաման, Թաթիանա Պոստան։ Այս բոլորէն վերջ ներկաները ողջունեցին նաեւ յարաբերաբար աւելի փորձառու անուն մը՝ Հայքոն, որ երաժշտական կեանքէ ներս թեւակոխած է իր 50-ամեակը։ Իւրաքանչիւրը առանձին կատարումներով խանդավառեցին մթնոլորտը, իսկ վերջաւորութեան միասնաբար հանդէս եկան՝ ոգեւորութիւնը հասցնելով գագաթնակէտին։ Կարգադիր յանձնախումբէն Ազնիւ Մեծատուրեան իւրաքանչիւր մենակատարին յանձնեց վկայական մը։
Ձեռնարկի ընթացքին հանդէս եկաւ նաեւ խորհրդանշական երգչախումբ մը, որու գլուխը կը գտնուէր Յակոբ Մամիկոնեան։ Այդ երգչախումբի կազմին մէջ էին շատ մը երախտաշատ անուններ, որոնք անցեալ հինգ տասնամեակներուն ընթացքին անփոխարինելի եւ անսակարկ նուիրումով ծառայած են Կազդուրման կայանին։
Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ աճուրդ մը, իսկ 50-ամեակի կարկանդակը հատուեցաւ՝ ձեռամբ Տիգրան Կիւլմէզկիլի, Հայկ Ասլանեանի, Արթին Քիլէճիի եւ Նաժտա Շատեանի։ Թէ՛ 50-ամեակի կարգադիր յանձնախումբի անդամները եւ թէ երեկոյթի կազմակերպիչները ստացան վկայականներ՝ իրենց բոլորանուէր աջակցութեան համար։
Արձակման ժամանակ բոլոր ներկաները յարատեւութիւն մաղթեցին Կազդուրման կայանի գործունէութեան համար, որ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մեր համայնքին տեսակէտէ։