ԱՆՆԿԱՐԱԳՐԵԼԻ ՑՆՑՈՒՄ

Իս­թան­պու­լի մէջ Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան պա­տա­հած եր­կու ի­րե­րա­յա­ջորդ պայ­թում­նե­րը յե­ղաշր­ջե­ցին Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գը։ Պէ­շիկ­թաշ-Պուր­սաս­փոր ֆութ­պո­լի ա­կումբ­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած մրցու­մէն շուրջ մէ­կու­կէս ժամ վերջ, ա­ռա­ջին պայ­թու­մը պա­տա­հե­ցաւ «Վո­տա­ֆոն ա­րե­նա» մար­զա­դաշ­տի մօ­տա­կայ­քին։ Գրե­թէ նոյ­նա­ժա­մա­նակ ու­րիշ սաստիկ պայ­թում մըն ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մաչ­քա­յի ճե­մա­պար­տէ­զին մէջ։

Տմար­դի, ա­րիւ­նա­լի այս դէպ­քե­րէն վերջ երկ­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը մագ­նի­սա­ցաւ ծանր հե­տե­ւանք­նե­րուն վրայ։ Ար­դա­րեւ, Թուր­քիա ու­նե­ցաւ 41 նա­հա­տակ։ Զո­հե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ոս­տի­կա­նու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րէ կը բաղ­կա­նայ։ Այս­պէս, դժբախ­տա­բար ե­րե­սուն ոս­տի­կան զո­հուած է դէպ­քին հե­տե­ւան­քով։ Եօթ հո­գի քա­ղա­քա­յին­նե­րու շրջա­նա­կէն է։ Մնա­ցեալ մէկ զո­հին ինք­նու­թիւ­նը պար­զել տա­կա­ւին կա­րե­լի չէ ե­ղած։

Ա­նի­ծե­լի այս դէպ­քէն վերջ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին վճռա­կան պատ­գամ­ներ փո­խան­ցեց հան­րա­յին կար­ծի­քին։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան մատ­նան­շեց, թէ ա­մէն ան­գամ, որ Թուր­քիա ոս­տու­մի շրջան մը ապ­րի, ա­պա միշտ երկ­րին առ­ջեւ կը ծա­ռա­նան վայ­րա­գու­թիւ­նը եւ ա­հա­բեկ­չու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րուած քաո­սը։ Ըստ ի­րեն, ա­հա­բե­կիչ­նե­րը ա՛լ ա­ւե­լի ծանր փո­խար­ժէք մը պի­տի վճա­րեն։

Միւս կող­մէ, ա­հա­բեկ­չա­կան այս ծանր ա­րար­քին զու­գա­հեռ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նեց ի նպաստ Թուր­քիոյ։ Երկ­րէն ներս ալ ստեղ­ծուած է ընդ­հա­նուր դի­մադ­րու­թեան մթնո­լորտ մը։ Պայ­թու­մին պա­տա­հած վայ­րը շուրջ երկու մեթր­նոց փոս մը յա­ռա­ջա­ցած է։ Բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­կից­ներ ե­րէկ բո­ղո­քի ցոյ­ցի հա­մար դրօ­շակ­նե­րով մեկ­նե­ցան դէպ­քի վայ­րը։ Մինչ այդ, խորհր­դա­րա­նի  կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն ե­րե­քը՝ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւն, ՃՀՓ եւ ՄՀՓ ե­րէկ հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը՝ պա­խա­րա­կե­լով ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը։

Իս­թան­պու­լի մէջ ե­րէկ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ անվ­տան­գու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղով մը, որ տե­ւեց շուրջ եր­կու ժամ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2016