ՊԱՏԻՒՍ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՑ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ երէկ մեծ պատուի մը արժանացաւ համայնքային յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ իրեն շնորհուեցաւ «Յովհաննէս Կոլոտ» շքանշանը։ Պատրիարքարանը այս կարգադրութիւնը կատարած է՝ գնահատելու համար Մոնիք Երկանեանի կողմէ տասնամեակներէ ի վեր մեր համայնքին համար մատուցուած բազմակողմանի ծառայութիւնը։ Իր մեծարանքը տեղի ունեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան սիրոյ սեղանին օրը, քանի որ Մոնիք Երկանեան աւելի քան տասն տարի գլխաւորեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։ Իր բազմատասնեակ տարիներու համայնքային ծառայութեան թագն ու պսակը եղած էր այդ պաշտօնը, որովհետեւ ան իր եռանդով, համախմբող ոգիով եւ ներդրած միջոցներով անդունդի եզրէն փրկեց կրթական հաստատութիւն մը։
Երէկ, Գումգաբուի մէջ համայնքային շրջանակները ջերմօրէն ողջունեցին Մոնիք Երկանեանի պարգեւատրումը։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ պատմական կամարներուն ներքեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ, խորհըր-դաւոր մթնոլորտի մը մէջ Մոնիք Երկանեանին յանձնեց Պատրիարքարանի «Յովհաննէս Կոլոտ» շքանշանը։
Նորին Սրբազնութիւնը օրուան պատգամին մէջ բարձր գնահատեց անոր ծառայութիւնները։ Քարոզի աւարտին հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ համապատասխան օրհնութեան գիրը եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Խորանի վրայէն Մոնիք Երկանեանի լամբակին զետեղեց շքանշանն ու մետայլը։
Այս պարգեւատրումը, անտարակոյս, բացառիկ նշանակութիւն ունէր Երկանեան ընտանիքին տեսակէտէ։ Մոնիք Երկանեան շրջապատուած էր իր հարազատներուն կողմէ՝ գլխաւորութեամբ ամուսնոյն՝ յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեանի, որ արժանացած է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» առաջին կարգի շքանշանին։
Երէկուան պարգեւատրումէն վերջ, թէ՛ եկեղեցւոյ մէջ եւ թէ արարողութեան յաջորդած սիրոյ սեղանին ընթացքին համայնքային շրջանակները անկեղծօրէն ուրախակից եղան Երկանեան ընտանիքին՝ մաղթելով ամենաբարին եւ տակաւին երկար տարիներ համայնքային գործունէութեան մէջ։