Ձգտում
Թուրքիա շաբաթավերջին հերթական անգամ ցնցում մը ապրեցաւ։ Իսթանպուլի սրտին վրայ ահաբեկչական վայրագութիւններ խլեցին բազմատասնեակ անմեղ կեանքեր։ Ամբողջ երկիրը կ՚անիծէ այս արիւնալի դէպքը ու կը սգայ նահատակները։ Թուրքիա ծանր փորձութեան մը դէմ յանդիման է դարձեալ։
Երկիրը տասնամեակներէ ի վեր պայքար կը մղէ ահաբեկչութեան դէմ։ Իսկ վերջին շրջանին այդ պայքարը արդէն նոր հարթութեան մը վրայ է՝ նոյնաժամանակ մէկէ աւելի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ դիմադրութեամբ։ Պետութիւնը եւ ամբողջ ժողովուրդը իւրաքանչիւր ահաբեկչական յարձակման ժամանակ զուգահեռաբար թէ՛ մեծ ցնցում կ՚ապրին եւ թէ իրենց դիմադրութիւնը կը բարձրացնեն առաւել եւս։ Սա թէեւ առաջին հերթին հակասական ըլլալ կը թուի, սակայն ահաբեկչութեան պատճառած ցնցումը արդէն ամբողջ երկրին կու տայ տոկունութիւն մը՝ հակասական իրավիճակներու մէջ կողմնորոշուելու, մանաւանդ մնայունն ու գնայունը յստակ տարանջատելու տեսանկիւնէն։
Ճիշդ է, որ Թուրքիա չափազանց մեծ ու ծանր գին մը կը վճարէ՝ իր խաղաղ կեանքը կերտելու համար, ընթացքին կը դիմագրաւէ մեծ փորձութիւններ, սակայն վերջին հաշուով չի շեղիր առանցքային նպատակէն։ Արդարեւ, խաղաղութեան ձգտումը եւ այդ ուղղութեամբ գիտակից պայքարը, երկրի ներքին միասնականութեան նկատմամբ զգայնութիւնը գերիվեր են ամէն տեսակ խափանարարութենէ։ Բովանդակ երկիրը այսօր կը գիտակցի, որ Թուրքիա երբեք անձնատուր պիտի չըլլայ անգութ ահաբեկչութեան ճիրաններուն մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024