Սադրանք՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի դէմ
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին մեր անձին մէջ հանդէս եկաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին ուղղեալ լուրջ սադրանքներով։ Սամաթիոյ վերաբերեալ մեր վերջին հրատարակութիւններուն պատճառով զայրացած էր ան, ու նոյնիսկ քանի մը օր առաջ հեռաձայնի վրայ սպառնացած էր մեզի։ Երէկուան ժողովին ընթացքին Եսայի Տեմիր անտեսեց ժողովականութեան մթնոլորտի տարրական պատշաճութիւնները, փորձեց ոտնձգութիւններ կատարել նոյնիսկ քաղաքակրթութեան նուազագոյն սահմաններուն դէմ։ Ան գիտակցաբար ելեկտրականացուց ժողովին մթնոլորտը եւ յոյսեր փայփայեց՝ լարուածութիւն ստեղծելով արդարացնել Սամաթիոյ շրջանակներէն մեր համայնքի օրակարգին վրայ բերուած կեղծ, անհիմն պնդումները։ Ամբողջ խնդիրը այն է, որ Սամաթիոյ վերջին սիրոյ սեղանին զուգահեռ յայտարարուած էր պիւտճէի բացին հաւասարակշռուած ըլլալը։ Աւելի վերջ, Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի անդամներէն, այժմ հրաժարեալ Ղեւոնդ Եըլմազ հերքած էր այդ տուեալը։ Սամաթիոյ թաղային խորուրդը մեզի ներկայիս թշնամացած է այդ կացութիւնը մերկացուցած ըլլալու պատճառով։
Երէկուան ժողովի մթնոլորտին մէջ Եսայի Տեմիրին հետ ակամայ սուր բանավէճ մը ունեցանք այս առանցքով։ Առաջին իսկ օրէն մատնանշած ենք, որ այս խնդրին մէջ իր լուրջ ու տխուր դերակատարութիւնը ունի Մելքոն Քարաքէօսէ, որ կը գործէ պատուոյ ատենապետի տիտղոսով։
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին ստեղծուած իրավիճակը ունի միակ բացատրութիւն մը։ Քարաքէօսէ սամաթիացիները անխնաօրէն կ՚օգտագործէ՝ յաչս համայնքին իր ինկած դիմակը փրկելու համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ